Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ «Ժատիտ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Առնչակից պետութիւններէն հաւաստիացումներ ստացանք, թէ իսրայէլեան հակադարձութիւնը պիտի ըլլայ սահմանափակ, այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ Հըզպալլայի հակադարձութիւնը»:
«Ցաւալին եւ զաւեշտալին այն է, որ Իսրայէլ, որ Կազայի մէջ ջարդեր գործեց, բռնագրաւուած սուրիական Կոլանի մէջ կ՛ուզէ քաղաքայինները պաշտպանել, եւ մենք կը դատապարտենք քաղաքայիններու վրայ որեւէ յարձակում, ուր որ ալ ատիկա ըլլայ», նշեց Պու Հապիպ:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ալ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Շարք մը օդանաւային ընկերութիւններ դէպի Լիբանան իրենց թռիչքները դադրեցուցին, իսրայէլեան յարձակումին առնչուած մտավախութիւններու պատճառով»:
«Միացեալ Նահանգներ Լիբանանին կոչ ուղղեցին, որ իսրայէլեան որեւէ յարձակումին Հըզպալլայի հակադարձութիւնը ըլլայ սահմանափակ», նշեց Պու Հապիպ:


