Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Կրնանք Իսրայէլ Մուտք Գործել, Ճիշդ Ինչպէս Ղարաբաղ Եւ Լիպիա Մուտք Գործեցինք»

July 30, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Անգարա կրնայ Իսրայէլ մուտք գործել ճիշդ ինչպէս Արցախ եւ Լիպիա մուտք գործեց, եւ ոչինչ անոր կ՛արգիլէ:

«Պէտք է շատ հզօր ըլլանք, որպէսզի Իսրայէլը չկարենայ բռնագրաւեալ Պաղեստինին այս բաները ընել: Ճիշդ ինչպէս Ղարաբաղ մուտք գործեցինք, ճիշդ ինչպէս Լիպիա մուտք գործեցինք, կրնանք նոյնը անոնց ընել: Չկայ բան մը, որ չենք կրնար ընել: Միայն պէտք է հզօր ըլլանք», յայտարարեց Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը անդրադարձաւ 24 յուլիսին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ ճառ արտասանելուն` նշելով, որ անոնք, որոնք աշխարհին շարունակ ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու դասեր կու տային, նուազագոյն ամօթը չզգացին «մերօրեայ Հիթլեր»-ին ծափահարելու:

Ան աւելցուց, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, հոգեկան քայքայման նման է, որովհետեւ չբաւարարուեցան «Կազայի մէջ 150 հազար պաղեստինցիներու արիւնով ներկուած ջարդարար մը հիւրընկալելով, այլ կը ծափահարեն անոր ցնորքներով լեցուն ճառին»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց հակադարձելով յայտնեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իրաքի մահացած նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի քայլերուն կը հետեւի եւ կը սպառնայ Իսրայէլի վրայ յարձակիլ: Ան պէտք է յիշէ, որ ատիկա ինչպիսի՛ աւարտ ունեցաւ»:

Իսրայէլի ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ իր կարգին յայտնեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը շատախօսէ եւ անգամ մը եւս կը զառանցէ, եւ ան Միջին Արեւելքին վտանգ կը ներկայացնէ»:

«Աշխարհը, մասնաւորաբար ՕԹԱՆ-ը, պէտք է դատապարտեն Էրտողանի` Իսրայէլին ուղղուած սպառնալիքները եւ անոր ստիպեն, որ վերջ տայ Համասին իր աջակցութեան», աւելցուց Լափիտ:

Իսրայէլացի լրագրող Ամիս Սիկըլ յայտնեց, որ Էրտողան 11 ամիս առաջ Իսրայէլի հետ կը սիրաբանէր եւ հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի հետ, իսկ հիմա կը սպառնայ զայն հարուածել, այնպիսի պահու մը, երբ Հըզպալլան հիւսիսը անդամալուծած է:

«Միջին Արեւելքի մէջ զսպումի ուժի կորուստը այսպէս կ՛երեւի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Զսպումի ուժի վերականգնումը պէտք է ռազմավարական թիւ մէկ նպատակը ըլլայ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իսրայէլի ցեղասպան վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի վերջը նացի ղեկավար Ատոլֆ Հիթլերին նման պիտի ըլլայ»: Ան աւելցուց. «Մարդկութիւնը պաղեստինցիներուն կողքին պիտի կանգնի»:

«Պիտի չկարենաք զանոնք բնաջնջել», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Այնպէս ինչպէս նացիները` հաւաքական ոճիրներու գործիչները հաշուետուութեան ենթարկուեցան, այդպէս ալ պաղեստինցիները ցեղասպանութեան ենթարկել փորձողները հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին»:

Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը արձագանգած է Թուրքիոյ նախագահի յայտարարութեան: Նախարարութիւնը պատասխանելով «1նիուզ»-ի հարցումին նշած է, որ զինուորական գործողութիւններուն որեւէ երկրի զինուորներու մասնակցութեան մասին յայտարարութիւնը որեւէ հիմք չունի:

Էրտողան Ապպասէն Կը Պահանջէ Ներում Հայցել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն պահանջած է ներում հայցել` Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսք արտասանելու հրաւէրին չպատասխանելուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր»-ը:

«Կը ցաւիմ, որ պարոն Ապպաս խօսք չարտասանեց խորհրդարանին մէջ, թէեւ մենք զինք հրաւիրած էինք: Ան պէտք է մեզմէ ներում հայցէ: Մենք կը սպասենք, որ տեսնենք` արդեօք ան կրնա՞յ (Թուրքիա) գալ», ըսած է Էրտողան:

Ան յայտնած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը «բաց է բոլոր անոնց առջեւ, որոնք ճիշդ ուղիին վրայ կը քալեն»:

 

Նախորդը

«Ռուսիոյ Անձնատուութիւն Պիտի Չըլլայ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանեան Ուղերձներ`  Սպառնական-Գործակցային Ոճով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գործակցային Ոճով

November 12, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.