Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա սահմանին վրայ տեղի պիտի ունենայ յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի 5-րդ հանդիպումը: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ռուբինեանի եւ Քըլըչի հանդիպումը նախատեսուած էր 3 յուլիսին, սակայն թրքական կողմը հրաժարեցաւ անկէ:
Հայ-թրքական կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնացները մինչեւ օրս պաշտօնական չորս հանդիպում ունեցած են, վերջինը` Վիեննայի մէջ: Այդ հանդիպումին կողմերը համաձայնած էին ամէնէն սեղմ ժամկէտներու մէջ բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար: Սակայն այդ քայլը չիրականացաւ:
Այս տարուան մարտին, Անթալիոյ դիւանագիտական հաւաքի ծիրին մէջ, Թուրքիոյ յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչ առաջարկած էր յաջորդ հանդիպումը կատարել Երեւանի մէջ: Հայաստանի յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանը խոստացած էր քննարկել` միեւնոյն ժամանակ կարեւոր նկատելով արդէն իսկ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրումը:
1 յուլիսին լրատուամիջոցները գրած էին, թէ 2 յուլիսին կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու հանդիպում Մարգարայի մէջ: Ռուբինեանը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած էր, որ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ ըսած էր. «Յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման ժամկէտին վերաբերեալ համաձայնութիւն ձեռք բերելէ ետք հանրութիւնը պատշաճ ժամկէտի մէջ տեղեակ պիտի պահուի»: