Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահի Ընտրութեան Յարմար Պահը Կազայի Հարցի Յստակացումէն Առաջ Պիտի Չգայ» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

Յուլիս 26, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Մթնոլորտը պատրաստ է Կազայի մէջ բանի մը հասնելու»:

«Իրան-ամերիկեան բանակցութիւնները շատ կարեւոր ու բարդ են, եւ եթէ Տանըլտ Թրամփ Ամերիկայի նախագահ դառնայ, այդ հարցին լուծում պիտի չգտնէ», ըսաւ դեսպանը` աւելցնելով. «Կը նախընտրեմ Կազայի հոլովոյթը անջատել իրանեան հիւլէական թղթածրարին շուրջ իրան-ամերիկեան բանակցութիւններէն»:

«Շրջանային պատերազմը բացառուած չէ, եւ իսկական մտավախութիւն կայ, որ տեղի ունենայ, եթէ Կազայի մէջ արագօրէն չհասնինք զինադադարի, որ բոլորին կ՛արտօնէ շունչ առնել», յայտնեց դեսպան Մուսա:

«Հըզպալլան ու Իսրայէլը պատերազմի ընդլայնման չեն ձգտիր, սակայն մտավախութիւն կայ, որ ոչ դիտաւորեալ սխալ մը գործուի, եթէ Կազայի մէջ պատերազմը, այդ ալ բարձր կշռոյթով, շարունակուի. լուծման բանալին Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումն է», ըսաւ դիւանագէտը:

Եգիպտոսի դեսպանը նաեւ նշեց. «Պատերազմին դէպի ուր երթալուն պատկերը պիտի յստականայ յուլիսի վերջաւորութեան եւ օգոստոսի սկիզբը»:

«Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը համոզուած է պահպանելու նախագահի ընտրութեան թղթածրարին մէջ թափը, եւ շարժումը անգործութենէն լաւ է», յայտնեց դեսպան Մուսա` աւելցնելով. «Երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ խօսիլը ինծի համար օգտակար է»:

«Նախագահի ընտրութեան յարմար պահը Կազայի հարցի յստակացումէն առաջ պիտի չգայ», շեշտեց Եգիպտոսի դեսպանը:

«Այն, ինչ որ ես եւ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի բոլոր դեսպանները կը լսենք, նախագահ ընտրելու բուռն փափաք է», ըսաւ դեսպան Մուսա:

«Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին նպատակը մէկ է, սակայն թերեւս իւրաքանչիւր պետութիւն ունի իր տեսակէտը, եւ այդ տեսակէտները պէտք է միաւորել», յայտնեց ան` նշելով. «Նախագահի ընտրութեան թղթածրարին նկատմամբ հնգեակի պատկերացումը մէկ է»:

«Յաջորդ նախագահը պէտք է ըլլայ ամբողջ Լիբանանի նախագահ մը, որ ունի տնտեսական պատկերացում եւ արաբական, շրջանային ու միջազգային հաւանութիւն», ըսաւ Եգիպտոսի դեսպանը:

Նախորդը

Մքերի. «Ոչ Ոք Գիտէ, Թէ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ընթացող Պատերազմին Մէջ Ո՛ւր Պիտի Հասնինք»

Յաջորդը

Գրիգորեանն Ու Պոնոն Խօսած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Կարգաւորման Հոլովոյթին Մասին

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?