Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ. անոնք մանրամասն կերպով քննարկեցին Կազայի մէջ արձանագրուող զարգացումները, զինադադարի շուրջ ընթացող բանակցութիւններն ու գերիներու ազատ արձակման համաձայնութիւնը»:
Պայտըն յայտնած է, որ կարիքը կայ կամրջելու մնացեալ բացերը, կարելի եղածին չափ շուտ գործարքը աւարտելու, գերիները իրենց տուները վերադարձնելու եւ Կազայի մէջ պատերազմին մնայուն աւարտին հասնելու»:
Սպիտակ տան ղեկավարը արծարծած է նաեւ Կազայի մէջ մարդասիրական տագնապի հետեւանքները, օժանդակութիւններու հոսքին առջեւ որեւէ խոչընդոտի վերացման եւ կարիքաւորներուն հիմնական ծառայութիւններու վերականգնման կարիքը, ինչպէս նաեւ զինուորական գործողութիւններու ընթացքին քաղաքայիններու կեանքերը պաշտպանելու վճռական կարեւորութիւնը:
Պայտըն անգամ մը եւս հաստատած է Միացեալ Նահանգներու` Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ խիստ յանձնառութիւնը ընդդէմ Իրանի եւ անոր գործակատարներուն, որոնց շարքին Համասի, Հըզպալլայի եւ հուսիներուն բոլոր սպառնալիքներուն:
Նեթանիահու շնորհակալութիւն յայտնեց Պայտընին 50 տարի շարունակ Իսրայէլին ցուցաբերած աջակցութեան համար` աւելցնելով. «Անոր մնացած յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին պիտի աշխատիմ Պայտընի հետ»:
Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Նեթանիահուի գրասենեակը Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդի անդամներուն յայտնած է, որ Համասի հետ գերիներու փոխանակման բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց գոյութիւն ունի:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ կայանին յայտնած են. «Նախատեսութիւններ կան, որ Պայտընի եւ Նեթանիահուի հանդիպումէն ետք գերիներու շուրջ բանակցութիւններուն մէջ զարգացում մը արձանագրուի»:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Նեթանիահու կ՛ուզէ Պայտընէն կանաչ լոյս ստանալ Լիբանանի մէջ գործելու, եթէ դիւանագիտական ջանքերը չյաջողին:
«Աքսիոս», յղում կատարելով աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետը Կազայի մէջ իսրայէլացի գերիներու ընտանիքներուն յայտնած է, թէ Իսրայէլ երկու օրուան ընթացքին Համասին Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ թարմացուած առաջարկ մը պիտի ներկայացնէ:
Սպիտակ տունը նաեւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցած է Նեթանիահուի հետ: Հարիս յայտնած է Իսրայէլի եւ անոր ժողովուրդին անվտանգութեան նկատմամբ իր «երկարատեւ ու հաստատ» յանձնառութիւնը:
Հարիս անգամ մը եւս դատապարտած է Համասը` իբրեւ «ահաբեկչական վայրագ կազմակերպութիւն», ինչպէս նաեւ դատապարտած է անոր առնչակից անհատները` նշելով, որ պատերուն վրայ Համասին զօրակցող գրութիւններն ու ճառերը «զզուելի են եւ պէտք չէ զանոնք հանդուրժել»:
Սպիտակ տունը նշեց. «Հարիս եւ Նեթանիահու քննարկեցին Կազայի մէջ արձանագրուող զարգացումները եւ զինադադարի հաստատման ու գերիներու ազատ արձակման շուրջ ընթացող բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ կրկնեցին Պայտընի մնացեալ բացերը կամրջելու եւ կարելի եղածին չափ շուտ զինադադար հաստատելու ու գերիները իրենց տուները վերադարձնելու եւ Կազայի պատերազմի մնայուն աւարտին հասնելու խօսքերը»:
Հարիս մտահոգութիւն յայտնած է քաղաքայիններու շարքերուն մէջ արձանագրուած կորուստներուն նկատմամբ եւ քննարկած Կազայի մէջ մարդասիրական տագնապը մեղմացնելու կարիքը: Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է Այսրյորդանանի մէջ կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը ականահարող քայլերուն նկատմամբ, ինչպէս` ծայրայեղական բնակեցուածներուն կողմէ գործուող բռնարարքներն ու բնակեցումի ընդլայնումը:
Հարիս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Նեթանիահուին «խոր մտահոգութիւն» յայտնած է Կազայի մէջ քաղաքային զոհերու թիւին առնչութեամբ եւ անոր կոչ ուղղած` զինադադարի համաձայնութիւն կնքելու:
«Չենք կրնար այդ տառապանքներուն նկատմամբ աչք փակել, չենք կրնար մենք մեզի արտօնել տառապանքին նկատմամբ անտարբեր մնալ, եւ ես լուռ պիտի չմնամ», յայտարարեց ան` շեշտելով. «Այն ինչ որ անցնող 9 ամիսներուն ընթացքին Կազայի մէջ տեղի ունեցաւ, քանդիչ է»:
Հարիս մասնաւորաբար մատնանշեց «սպաննուած մանուկները» եւ «յուսահատ մարդիկն ու անօթիները, որոնք անվտանգութիւն փնտռելով փախուստ կու տան»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը յայտնեց, որ Նեթանիահուին կոչ ուղղած է զինադադարի հաստատման, գերիներու ազատ արձակման յանգեցնող համաձայնութիւն գոյացնելու: «Ինչպէս Նեթանիահուին ըսի` ժամանակն է այդ համաձայնութիւնը կնքելու», յայտարարեց Հարիս:
Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կը յուսանք, որ Հարիսի յայտարարութիւնները չազդեն գործարքի կնքման առիթներուն վրայ»: Ան նշեց. «Պայտընի հետ Նեթանիահուի հանդիպումը դրական էր, բան մը, որ Հարիսի հետ անոր հանդիպումին մասին չենք կրնար ըսել»:
Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալէլ Սմոթրիչ իր կարգին յայտնեց.«Քամալա Հարիս բացայայտեց գործարքի իսկութիւնը, որ Սընուարին (Կազայի մէջ Համասի ղեկավար, «Ա.») անձնատուր ըլլալն է եւ պատերազմին վերջ տալը: Պէտք չէ այդ թակարդին մէջ իյնանք»:
Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր իր կարգին անդրադառնալով Հարիսի յայտարարութիւններուն ըսաւ. «Տիկի՜ն թեկնածու, զինադադար պիտի չհաստատուի»: