Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Սկսած Է Ամրապնդել Լիբանանի Հետ Սահմանակից Շարք Մը Գիւղերու Շէնքերն Ու Պաշտպանութիւնը

November 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլա երէկ շարունակեց հարուածել իսրայէլեան ուժերու հաւաքուած վայրերն ու ռազմակայանները, ինչպէս նաեւ դէմ դնել անոնց հարաւային Լիբանանի մէջ յառաջանալու փորձերուն:

Հըզպալլա հրթիռակոծեց Քացերին եւ Շլոմի բնակեցման վայրը, ինչպէս նաեւ Շամիր, Քատմաթ Ցաւի, Ռոշ Հանիքրա, Մացուա, Պար Ամ, Իւեն Մանահ, Զրհիթ եւ Շլոմի բնակեցման վայրերուն մէջ հաւաքուած ուժերը:

Հըզպալլա Պաուապեթ Մթըլլէի մօտ հարուածեց «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը, որ հրոյ ճարակ դարձաւ, եւ անոր անձնակազմին մէջ արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ հաստատեց, որ Հայֆայի ծոցին մէջ հրթիռներ ինկած են:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լիբանանէն արձակուած անօդաչու թռչող սարք մը ինկած է Հայֆայի մէջ, առանց, որ զգուշացման ճչակները գործեն:

Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին յարձակում գործեց Շաքրայի մէջ բնակարանի մը վրայ, ինչպէս նաեւ Եահունի մէջ լիբանանեան բանակին անցարգելին մօտ ինքնաշարժի մը վրայ:

Իսրայէլեան օդուժը  յարձակումներ գործեց նաեւ Զաութար Շարքիէ, Ստքին եւ Պազուրիէ գիւղերուն վրայ:

Իսրայէլ երէկ բազմաթիւ յարձակումներ գործեց Պաալպեքի Տուրես գիւղին եւ Պաալպեք քաղաքին վրայ, ինչպէս նաեւ հարուածեց Սուրիոյ սահմանամերձ Հաուշ գիւղը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը սկսած է ամրապնդել Լիբանանի հետ սահմանակից շարք մը գիւղերու շէնքերն ու պաշտպանութիւնը:

Պատկերասփիւռի կայանը աւելցուց, որ ամրապնդումը կը ներառէ Կոլանի եւ վերին ու արեւմտեան Գալիլիոյ գիւղերու մէջ աւելի քան 200 ապաստանարաններու կառուցում:

Նշենք, որ Հըզպալլան վերջերս հիւսիսի մէջ 25 իսրայէլեան բնակեցման վայրերու բնակիչներուն կոչ ուղղած էր անմիջապէս հեռանալու իրենց տուներէն, նախքան հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով զանոնք հարուածելը:

Կուսակցութիւնը նշեց, որ անոնք օրինական թիրախներու վերածուած են, որովհետեւ վերածուած են իսրայէլեան ուժերու տեղակայման ու հանգստացման վայրերու:

Իսրայէլ շաբաթ օր ընդլայնեց վարին Գալիլիոյ եւ բռնագրաւեալ Կոլանի հարաւին մէջ սահմանափակումները, ինչպէս նաեւ երէկ Աքքայի մէջ դպրոցները փակուեցան Հըզպալլայի կողմէ կատարուած հրթիռակոծման պատճառով:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերէն` ՖԻՆԻՒԼ-էն ուժ մը երէկ Միջազգային եւ Լիբանանեան Կարմիր խաչին հետ ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ Ուաթա Խիամ` ստուգելու համար ճակատագիրը անհետ կորսուած 20 անձերու, որոնց շարքին` հողագործներ, հովիւներ, կիներ ու երեխաներ:

Նախքան այդ, Ուազզանի գիւղի բնակիչները յաջողած էին անոնցմէ 5-ին դիակները հաւաքել:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժը Միջազգային եւ Լիբանանեան Կարմիր խաչին հետ աշխատանք պիտի տանի փլատակներու տակ որոնումներ կատարելու, ինչ որ պիտի յստակացնէ մնացեալ 15-ին ճակատագիրը:

 

 

Նախորդը

Պաթրունէն Քաղաքացիի Մը Առեւանգումէն Ետք. Լիբանան Ապահովութեան Խորհուրդին Իսրայէլի Դէմ Բողոք Կը Ներկայացնէ

Յաջորդը

«Կիլիկիա» Վերլուծական Հարթակը Կը Գումարէ Արտակարգ Առցանց Նիստեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.