Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւի Եւ Պեքայի Գիւղերուն Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներ. Հրթիռ Մը Ինկաւ Թել Աւիւի Օդակայանին Մէջ

November 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի գիւղերուն վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումները կը շարունակուին: Իսրայէլ երէկ շարք մը յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի մէջ:

Իսրայէլեան օդային յարձակում մը հիւսիսային Պեքայի Այն գիւղին մէջ թիրախաւորեց տուն մը:

Հարաւի մէջ, իսրայէլեան օդանաւեր յարձակումներ գործեցին Այթիթ, Այն Պաալ եւ Մահրունա գիւղերուն վրայ:

Մինչ այդ, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը շարունակեցին մնայուն ներկայութիւն ըլլալ լիբանանեան օդային տարածքին մէջ:

Իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ գործեց Նապաթիէ գաւառի Եըհմոր Շքիֆ եւ Առնուն գիւղերուն վրայ, մինչ այդ իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Եըհմորի արեւելքը:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր իրենց կարգին թիրախաւորեցին Քաֆարսարիր եւ Ժըպշիթ գիւղերը:

Իսրայէլ նաեւ յարձակումներ գործեց Խիամի եւ Կանայի վրայ:

Գիշերանց Շուֆ գաւառի Պարժա գիւղին վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումի հետեւանքով արձանագրուեցան զոհեր, որոնք Սուրի գաւառի Պըրժ Ռահհալ, Թէյրտըպպա եւ Այն Պաալ գիւղերէն տեղահանուածներ էին:

Հըզպալլա իր կարգին հրթիռակոծեց «Ցերֆին» ռազմակայանը, ուր կը գտնուին զինուորական մարզումի ակադեմիաներ: Անիկա մօտիկ է Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայանին:

Կուսակցութիւնը նաեւ թիրախաւորեց զրահապատ մեքենաներու 188-րդ զօրամասի «Ռաուիա» ռազմակայանը, Քիրիաթ Շմոնա եւ Սահսահ բնակեցման վայրերը:

Հըզպալլա առաւօտեան ժամը 10:40-ին հարուածեց Մթըլլէ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը, որ հրկիզուեցաւ, եւ անոր անձնակազմի շարքերուն մէջ արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:

Հինգ վայրկեան ետք, Հըզպալլա հարուածեց Մթըլլէ բնակեցման վայրին մէջ տուն մը, ուր ապաստանած էին խումբ մը իսրայէլացի զինուորներ: Տունը ուղղակի հարուած ստացաւ, եւ անոր մէջ գտնուող զինուորները սպաննուեցան:

Իսրայէլ նաեւ հաստատեց, որ հրթիռ մը ինկած է Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայանին մէջ, որուն պատճառով օդակայանին աշխատանքը դադրեցուած է:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ այդ դէպքին պատճառով «Պոյինկ 777» տիպի օդանաւ մը վնասուած է:

Երէկ կէսօրէ ետք, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու զանազան շրջաններու կարգ մը շէնքերուն բնակիչները զգուշացնելէ ետք, իսրայէլեան օդուժը սկսաւ թիրախաւորել Հարաւային արուարձանները: Օդուժի յարձակումներուն թիւը հասաւ ութի:

Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին, երէկ առաւօտէն մինչեւ երեկոյ Լիբանանէն Իսրայէլի վրայ 120 հրթիռներ արձակուած են:

 

Նախորդը

«Մեր Համոզումն Է, Որ Միայն Մէկ Բան Պատերազմը Կը Դադրեցնէ` Մարտի Դաշտը» Կ՛ըսէ Շէյխ Քասեմ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Կը Պատրաստուին «Օտարերկրեայ Գործակալներու» Մասին Օրինագիծ Որդեգրելու

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.