Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խամենէի. «Ուաշինկթըն Եւ Իսրայէլ Պատասխան Պիտի Ստանան Այն Բանին Համար, Որ Կ՛ընեն Իրանի Եւ Դիմադրութեան Դէմ»

November 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի շաբաթ օր յայտնեց. «Պէտք եղածը պիտի ընենք դիմակայելու համար մեծամտութիւնը, ըլլայ այդ զինուորական, զինումի կամ քաղաքական առումով»:

«Հաստատօրէն իրանցի ժողովուրդի եւ երկրի պատասխանատուներու ընդհանուր ուղղուածութիւնը դիմակայելն է համաշխարհային մեծամտութիւնն ու ոճրային գոյացութիւնը, որ այսօր կը տիրէ համաշխարհային համակարգին, եւ անոնք որեւէ թերացում պիտի չունենան, ատկէ վստահ եղէք»:

Խամենէի «Մեծամտութեան դէմ ճակատում»-ի ազգային օրուան առիթով դպրոցականներու եւ համալսարանականներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Խնդիրը միայն վրէժ լուծելը չէ, այլ տրամաբանական քայլ մըն է` դիմակայութիւնը, որ հիմնուած է կրօնի, բարոյականութեան ու իսլամական օրէնքին վրայ, եւ միջազգային օրէնքներուն համահունչ է»:

«Անկասկած, թշնամիները ակռաները փշրող ցաւալի հարուած մը պիտի ստանան, եւ թշնամիները, ներառեալ Ամերիկան ու սիոնական գոյացութիւնը, թող իմանան, որ հաստատօրէն կարծր պատասխան պիտի ստանան այն բանին համար, որ կ՛ընեն Իրանի եւ Դիմադրութեան առանցքին դէմ»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի բանբերը յայտնեց. «Իրանի Իսրայէլին հակադարձելը անխուսափելի է եւ պիտի ըլլայ վճռական, ուժգին, սերտուած եւ պիտի գերազանցէ թշնամիին պատկերացումը»:

Իսրայէլեան աղբիւր մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեց. «Հետախուզական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ Իրան յառաջիկայ օրերուն Իսրայէլի վրայ յարձակում շղթայազերծելու կը պատրաստուի»:

Յորդանանի կառավարութիւնն ալ շաբաթ օր յայտարարեց .«Յորդանան ոչ ոքի համար պատերազմի դաշտ պիտի ըլլայ, եւ պիտի չարտօնէ, որ պատերազմական օդանաւեր, հրթիռներ կամ անօդաչու թռչող սարքեր իր օդային տարածքէն անցնին»:

 

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութենէն 2 Օր Առաջ. Հարիսի Եւ Թրամփի Միջեւ Մրցակցութիւնը Սուր Է

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարք. «Եթէ Տեղահանութիւնը Անտեսուի, Քաղաքացիներու Միջեւ Ընկերային Ու Տնտեսական Խնդիրներու Պատճառ Պիտի Դառնայ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.