Վերջին շրջանին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու շրջանակին մէջ կը տանի ծաւալուն աշխատանքներ, որոնք ՔՈՓ29-ին ընդառաջ, կը միտին բարձրացնել անոնց իրազեկուածութիւնը Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ բնապահպանական խնդիրներուն վերաբերեալ: Կատարուած աշխատանքներուն հիմամբ Եւրոպական խորհրդարանի 52 պատգամաւորներ ստորագրած են յայտարարութիւն, որով Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն` անյապաղ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները, երաշխաւորելու Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ազրպէյճանական զինուժը դուրս բերելու Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն:
Յայտարարութիւնը ստորագրած պատգամաւորները կը ներկայացնեն Եւրոպական խորհրդարանի հիմնական քաղաքական խումբերը, կան նաեւ անկախ պատգամաւորներ:
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն կողմէ ընդունուած յայտարարութեան առիթով ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նկատել տուաւ.
«Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն այս կոչը յստակ ազդանշան է` ուղղուած թէ՛ Ազրպէյճանին, եւ թէ՛ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան ՔՈՓ29-էն անմիջապէս առաջ: Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը շարունակաբար կ՛աշխատի խորհրդարանի անդամներուն հետ` յայտարարութեան մէջ ընդգրկուած հարցերուն վերաբերեալ, եւ մենք երախտապարտ ենք անոնց, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին առհասարակ` արդարութեան ձայնը ըլլալնուն համար: Աւելորդ է ըսել, որ Հայ դատի գրասենեակը` իբրեւ եւրոպական համայնքային կազմակերպութիւն, պիտի շարունակէ աշխատիլ, որպէսզի հաշուետուողականութեան եւ ազդեցիկ քայլերու մղէ Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութիւնները»:
Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութեան հայերէն թարգմանութիւնը` ամբողջութեամբ.
«Յայտարարութիւն` Պաքուի Մէջ Կայանալիք
ՔՈՓ29-ին Ընդառաջ
«2024 թուականի նոյեմբերին Ազրպէյճանի մէջ կայանալիք ՔՈՓ 29 վեհաժողովին ընդառաջ մենք կ՛ուզենք ընդգծել, որ, բացի կլիմայի վերաբերեալ ազդեցիկ եւ նշանակալից համաժողով ըլլալէ, անիկա նաեւ իր մէջ կը ներառէ հաւատարմութիւն` արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան սկզբունքներուն: Ուստի ընդունող երկրի, այս պարագային Ազրպէյճանի համար պէտք է առաջնահերթ ըլլայ հաւատարմութիւնը այս սկզբունքներուն:
«Համաձայն Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ 2021-ի մայիսէն ընդունուած համապատասխան բանաձեւերու եւ զեկուցումներու` մենք կոչ կ՛ուղղենք Ազրպէյճանի կառավարութեան`
«- Անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու Պաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիները, պատանդներն ու գերիները, որոնց մէջ` Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:
«- Ապահովելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը, ներառեալ վանքերը, խաչքարերը, մնան անձեռնմխելի եւ զերծ «ալպանացումէն», ինչպէս նաեւ պատմութեան վերախմբագրումէն:
«- Ձեռնպահ մնալու Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ սպառնալիքներէն եւ որեւէ յարձակումէ, դուրս բերելու ազրպէյճանական զինուժը Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներէն:
«Աւելի՛ն, մենք` Եւրոպական խորհուրդին, յանձնաժողովին, Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչին կոչ կ՛ուղղենք` հաշուի առնելու Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած վերոյիշեալ բանաձեւերը եւ գործելու անոնց ոգիին համապատասխան»: