Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութեան Քուէներու Հաշուարկը Սկսաւ Եւ Վերջնական Արդիւնքը Կը Նախատեսուի Այսօր

November 6, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին երէկ ամերիկացի քուէարկողները ուղղուեցան ընտրական կեդրոններ` ընտրելու համար իրենց երկրին յաջորդ նախագահը:

Նախագահական թեկնածուներ Քամալա Հարիս եւ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ իւրաքանչիւրը առնուազն 270 ընտրական քուէի պէտք ունին` ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելու համար:

Ընտրութեան արդիւնքի վճռորոշ նահանգներն են Արիզոնան, Ճորճիան, Միչիկընը, Նեւատան, Հիւսիսային Քարոլայնան, Փենսիլվանիան եւ Ուիսքոնսինը:

Հարիս եւ Թրամփ իւրաքանչիւրը երեքական ընտրական քուէ ապահովեցին Նիւ Համփշայրի փոքրիկ Տիքվիլ Նոչ բնակավայրին մէջ, ուր ընտրական կեդրոնները, ըստ տասնամեակներու աւանդութեան, բացուեցան եւ երկուշաբթի կէս գիշերէն ետք փակուեցան:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդեց, որ 82 միլիոն ամերիկացիներ կանխահաս ընտրութեան ճամբով քուէարկած են:

Ընտրութեան վերջին քուէատուփերը կը փակուին այսօր առաւօտեան ժամը 8:00-ին:

Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուներ Քամալա Հարիս եւ Տանըլտ Թրամփ շաբաթներէ ի վեր հարցախոյզներու մէջ իրարու շատ մօտ քուէներ կ՛ապահովեն:

Նահանգներու մէջ չնչին առաւելութեամբ յաղթանակները կրնան յանգեցնել քուէներու վերահաշուարկման, ուստի եւ ընտրութեան արդիւնքի յայտարարման ուշացման:

Թրամփ երէկ յայտնեց. «Այսօր ամերիկեան պատմութեան մէջ կարեւորագոյնը պիտի ըլլայ, եւ քուէարկողները կը յորդորեմ քուէարկելու, որքան ալ հերթերը երկար ըլլան»:

«Մեծ յաղթանակ պիտի արձանագրենք եւ Ամերիկան անգամ մը եւս մեծ պիտի դարձնենք», նշեց Թրամփ:

Հարիս իր կարգին յայտնեց. «Ներկայ ընտրութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ շրջադարձ պիտի ըլլան»:

«Մեր ընտրարշաւը մեծ ընթացք ստացաւ, եւ ներկայիս ապագային վրայ կը կեդրոնանանք: Բոլորին կոչ կ՛ուղղեմ քուէարկութեան կեդրոններուն փակումէն առաջ քուէարկելու», յայտնեց ան:

 

 

 

Նախորդը

Նեթանիահու Պաշտօնազրկեց Կալանթը Եւ Անոր Տեղ Պաշտպանութեան Նախարար Նշանակեց Եիսրայէլ Քացը

Յաջորդը

Ուրուկուէյ Կարեւոր Կը Նկատէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Սահմանազատման Կանոնակարգի Ուժի Մէջ Մտնելը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.