Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Համոզումն Է, Որ Միայն Մէկ Բան Պատերազմը Կը Դադրեցնէ` Մարտի Դաշտը» Կ՛ըսէ Շէյխ Քասեմ

Նոյեմբեր 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ կուսակցութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութեան քառասունքին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ուղերձ մը:

Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Լիբանանի վրայ շուրջ մէկ ամիս եւ տասը օրէն ի վեր սկսած իսրայէլեան պատերազմի կատաղութեան դիմաց, այլեւս կարեւոր չէ, թէ ինչպէ՛ս սկսաւ եւ ի՛նչ են պատրուակները, կարեւորը այն է, որ կը գտնուինք յարձակումի մը առջեւ, որուն մասին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կ՛ըսէ, թէ պատերազմի աւարտին ժամկէտ չի ճշդեր, այլ յաղթանակ արձանագրելու յստակ նպատակներ կը ճշդէ: Ան այդ նպատակները ճշդեց Հոքշթայնի հետ իր հանդիպումէն ետք, երբ ըսաւ, որ մենք Միջին Արեւելքի դէմքը կը փոխենք»:

«Նեթանիահու կը հետապնդէ շատ մեծ ծրագիր մը, որ Կազայէն, Պաղեստինէն եւ Լիբանանէն անդին անցնելով կը հասնի Միջին Արեւելք: Իսկ այդ ծրագիրի Լիբանանի վրայ պատերազմի ճամբով քայլերն են վերջ տալ Հըզպալլայի գոյութեան, բռնագրաւել Լիբանանը, թէկուզ հեռակայ կարգով, եւ զայն Այսրյորդանանի նման դարձնել, աշխատանք տանիլ Միջին Արեւելքի քարտէսին վրայ», յայտնեց շէյխ Քասեմ:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ըսաւ, որ առաջին փուլին Իսրայէլ, Հըզպալլան ոչնչացնելու համար կատարեց «Փէյճըր»-ի եւ անթել հաղորդակցութեան գործողութիւններն ու ղեկավարներու ահաբեկումը, ապա 5 զօրամասեր տեղակայեց սահմանին վրայ, սակայն ձախողեցաւ:

«Մեր համոզումով` միայն մէկ բան կը կանգնեցնէ պատերազմը` մարտի դաշտը իր երկու բաժիններով` սահմաններն ու ներքին ճակատը», ըսաւ ան:

«Մենք ամերիկեան ընտրութիւններուն վրայ յոյս չենք դներ, եւ այդ հարցը որեւէ արժէք չունի: Մենք յոյս չենք կապեր ընդհանուր քաղաքական շարժումին վրայ, ինչպէս նաեւ չենք յուսար, որ Նեթանիահու որոշ ձեռքբերումներով բաւարարուի, եւ զայն պիտի մղենք գիտակցելու, որ մարտի դաշտին մէջ պարտուած է», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

«Երբ թշնամին որոշէ յարձակումը դադրեցնել, ապա կայ բանակցութեան ուղի մը, որ ճշդեցինք` անուղղակի բանակցութիւնները լիբանանեան պետութեան եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի ճամբով, որ բարձրացուցած է Դիմադրութեան քաղաքական դրօշը, որ Լիբանանի դիրքի ամրապնդման եւ յարձակումի դադրեցման կը յանգեցնէ, իսկ բանակցութեան հիմերը երկուքն են` նախ եւ առաջ յարձակումը դադրեցնել, երկրորդ` բանակցութեան նշաձողը Լիբանանի գերիշխանութիւնն է, ամբողջական եւ առանց նուազումներու», նշեց շէյխ Քասեմ:

Անդրադառնալով Պաթրունի դէպքին` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց. «Այսօր ամբաստանութիւն պիտի չուղղեմ, սակայն լիբանանեան բանակին կոչ կ՛ուղղեմ` հրապարակելու կեցուածք մը եւ հաղորդագրութիւն մը, որ ցոյց կու տայ, թէ այդ խախտումը ինչո՛ւ տեղի ունեցաւ(…): Թող ՖԻՆԻՒԼ-ին, մասնաւորաբար գերմանացիներուն հարցնէ, թէ այդ գիշեր ի՛նչ տեսան եւ ի՛նչ ըրին, եւ մարդոց այդ մասին տեղեակ պահեն: Ես այս մասին աւելի պիտի չխօսիմ, այլ բանակին կոչ կ՛ուղղեմ իր դիրքորոշումը եւ դէպքին բնոյթը յայտարարելու, ինչպէս նաեւ` թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութիւնը ի՛նչ է, որպէսզի մարդիկ տեղեակ ըլլան»:

«Լիբանանը իր Դիմադրութեամբ, ժողովուրդով եւ բանակով ուժեղ դիրքի վրայ է, սակայն կը ցաւի, սակայն իմացէք, որ անոնց ալ կը ցաւցնենք: Սակայն տարբերութիւնը այն է, որ անոնք Աստուծմէ չեն խնդրեր այն, որ մենք կը խնդրենք, եւ Աստուած ուզէ յաղթանակը մերն է: Եւ եթէ գրաւը կը դնեն պատերազմի երկարաձգման վրայ, որպէսզի մաշեցման պատերազմի վերածուի, մենք պատրաստ ենք, որքան ալ երկարի, եւ տոկուն ու պատրաստ պիտի մնանք եւ զայն դիմակայենք: Պիտի չյաղթէք, որքան ալ ժամանակը երկարի», յայտարարեց շէյխ Քասեմ:

Նախորդը

Միքաթի. «Մեզի Համար Որեւէ Լուծումի Գլխաւոր Բանալին Պատերազմը Դադրեցնելը, Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելն Ու Նախագահ Ընտրելն Է»

Յաջորդը

Հարաւի Եւ Պեքայի Գիւղերուն Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներ. Հրթիռ Մը Ինկաւ Թել Աւիւի Օդակայանին Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?