Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Նոր Նշանակուած Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Առաջնահերթութիւնը Գերիներու Տունդարձը, Համասի Եւ Հըզպալլայի Քանդումն Է»

November 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի նոր նշանակուած պաշտպանութեան նախարար Եիսրայէլ Քաց իր նշանակումէն ետք առաջին յայտարարութեան մէջ նշեց, որ առաջնահերթութիւնը գերիներու տունդարձն ու Համասի եւ Հըզպալլայի քանդումն է:

Քաց շնորհակալութիւն յայտնեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին իր նկատմամբ վստահութեան համար` աւելցնելով. «Սրբազան պատասխանատուութիւնը կ՛ընդունիմ, եւ միասնաբար պիտի աշխատինք պաշտպանական համակարգը դէպի յաղթանակ մղելու»:

Պաշտօնազրկեալ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց. «Պաշտօնազրկումս բանակի, Շապաքի եւ պաշտպանական համակարգի արձանագրած շարք մը ձեռքբերումներէն ետք տեղի ունեցաւ»:

Ան նշեց, որ 7 հոկտեմբեր 2023-ի դէպքերէն ետք ինք կեդրոնացած է պատերազմին մէջ յաջողութեան արձանագրման վրայ, եւ շեշտեց, որ բոլորը պէտք է բանակին մէջ ծառայեն:

Կալանթ իր պաշտօնազրկման համար նշեց երեք պատճառներ. «Առաջին տարակարծութիւնը կը վերաբերի զինուորագրման հարցին` նշելով, որ բոլորը պէտք է բանակին մէջ ծառայեն, եւ ճիշդ չէ հազարաւոր քաղաքացիներ զինուորագրումէ զերծ կացուցող օրէնք որդեգրել: Երկրորդ տարակարծութիւնը կը վերաբերի գերիներու տունդարձին, զանոնք պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ տուն վերադարձնենք, եւ այս նպատակը կարելի է իրագործել զիջումներու թիւով, որոնց մէկ մասը ցաւալի են, իսկ երրորդ տարակարծութիւնը կը վերաբերի 7 հոկտեմբերէն ի վեր տեղի ունեցածին շուրջ պաշտօնական կանոնաւոր հետաքննութեան ճամբով դասեր քաղելուն»:

Նշենք, որ իսրայէլեան կառավարութեան մէջ ղեւտացիները զինուորագրումէ զերծ պահող եւ անոնց մանկամսուրները ֆինանսաւորող օրէնքներու որդեգրման նկատմամբ խոր տարակարծութիւն գոյութիւն ունի, եւ անիկա նիւթ մըն է, որ կը փոթորկէ իսրայէլեան քաղաքական կառոյցն ու հասարակութիւնը:

Նեթանիահուի գրասենեակը հերքեց այն լուրերը, թէ Նեթանիահու կը ծրագրէ ապահովական մարմիններէն պատասխանատուներ պաշտօնազրկել:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Նեթանիահու կը խորհի իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւին եւ ընդհանուր ապահովութեան տնօրէն Ռոնին Պարը պաշտօնազրկելու մասին:

Նախկին վարչապետ Էհուտ Պարաք յայտնեց, որ Կալանթի պաշտօնազրկումը աննախադէպ քայլ է, որ Իսրայէլի անվտանգութիւնը վտանգի տակ կը դնէ ղեկավարութեան գլխուն մնալու համար, եւ եթէ Նեթանիահուն չկասեցուի, անոր յաջորդ քայլերը պիտի ըլլան բանակի սպայակոյտի պետը, Շապաքի ղեկավարը եւ գերիներու սպանութեան շուրջ հետաքննութիւն կատարող անձը պաշտօնազրկել եւ հետաքննութիւնը փակել:

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ զգուշացուց երկրին մէջ որեւէ քաղաքական վերիվայրումէ, մինչ երկիրը շարք մը ճակատներու վրայ պատերազմներ կը մղէ` ընդգծելով. «Իսրայէլի պետութեան անվտանգութիւնը բոլոր նկատառումներէն վեր պէտք է ըլլայ»:

«Ղեկավարութեան դերակատարութիւնը ներկայ պահուն մեծ պատասխանատուութեամբ գործելն է», շեշտեց Իսրայէլի նախագահը:

Իսրայէլի նախկին վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ Իսրայէլի ներկայ ղեկավարութիւնը նկարագրեց իբրեւ «խենթ ու հիւանդ ղեկավարութիւն մը, որ պետութեան ու բանակի զինուորներուն դէմ կը գործէ»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր զօր. Փաթրիք Ռայտըր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը, զոր այսօր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պաշտօնազրկեց, հաւաստի գործընկեր մըն էր»` աւելցնելով, որ Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը տակաւին տոկուն է, եւ Փենթակոնը պիտի շարունակէ Իսրայէլի նոր պաշտպանութեան նախարարին հետ սերտ գործակցութիւնը:

Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմէն աղբիւր մը նշած է. «Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը պաշտօնազրկելու անակնկալ որոշումը մտահոգիչ է, մասնաւորաբար երկու պատերազմներու եւ Իսրայէլին ինքզինք Իրանէն պաշտպանելու պայմաններուն մէջ»:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երեքշաբթի երեկոյեան յայտարարեց, որ իր եւ Կալանթի միջեւ վստահութիւնը կորսուած է, եւ անոր տեղ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին նշանակած է Եիսրայէլ Քացը:

Նեթանիահու նաեւ փոխան Քացի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակեց Կիտէոն Սահերը:

Նախորդը

Ըստ Իսրայէլեան Եւ Ամերիկեան Հետախուզական Տեղեկութիւններու. Իրան Յառաջիկայ Օրերուն Իրաքէն Իսրայէլի Վրայ Մեծ Յարձակում Մը Կը Ծրագրէ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու 47-րդ Նախագահը Ընտրուելով` Թրամփ. «Պատմական Յաղթանակ Մը Արձանագրեցի»

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.