Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաթրունէն Քաղաքացիի Մը Առեւանգումէն Ետք. Լիբանան Ապահովութեան Խորհուրդին Իսրայէլի Դէմ Բողոք Կը Ներկայացնէ

Նոյեմբեր 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթ օր արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպին ցուցմունք տուաւ Լիբանանի քաղաքացիի մը առեւանգման համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացնելու:

Ուրբաթ արշալոյսին իսրայէլեան մասնայատուկ ուժ մը Պաթրուն ցամաքահանում կատարելով առեւանգեց նաւապետ մը, որ ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, Հըզպալլայի ծովուժին անդամ է:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը, վկայակոչելով իսրայէլեան բանակը, հաղորդեց, որ 25 զինուորներէ բաղկացած իսրայէլեան ուժ մը ուրբաթ կանուխ առաւօտուն ձերբակալած են Հըզպալլայի բարձրաստիճան սպաներէն Իմատ Ամհազը:

Միքաթիի գրասենեակը հաղորդեց, որ վարչապետի պաշտօնակատարը հետեւած է լիբանանցի Իմատ Ամհազի Պաթրունէն առեւանգումի հարցին եւ շեշտած, որ պէտք է արագացնել հետաքննութիւնը: Ան նաեւ կապ հաստատած է լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ անկէ տեղեկացած դէպքին մանրամասնութիւններուն շուրջ հետաքննութեան մասին:

Միքաթի կապ հաստատած է նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան հետ: Վերջինս իր կարգին յայտնած է, որ լիբանանեան բանակին հետ համակարգաբար այս հարցին շուրջ անհրաժեշտ հետաքննութիւնը կը կատարէ:

Նախքան այդ, Լիբանանի հանրօգուտ շինութիւններու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը պատասխանատու նկատեց Լիբանանի քաղաքացի Ամհազի առեւանգման համար, եթէ հաստատուի, որ իսրայէլեան ուժ մը ծովու ճամբով ներթափանցած է Պաթրուն, որովհետեւ ՖԻՆԻՒԼ-ը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին հիմամբ ստանձնած է լիբանանեան ծովափի հսկողութիւնը:

ՖԻՆԻՒԼ հերքեց, որ որեւէ ձեւով դիւրացուցած է իսրայէլեան գործողութիւնը:

Ամհազի հայրը` Ֆատել Ամհազ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին հերքեց, թէ իր զաւակը Հըզպալլայի հետ որեւէ կապ ունի: Ան ըսաւ, որ իր որդին շարք մը միջազգային ընկերութիւններու հետ պայմանագիր կնքած նաւապետ է եւ քաղաքական գործունէութեամբ չի զբաղիր:

Ան աւելցուց, որ Իմատ Ամհազ կ՛ուսանէր Պաթրունի Ծովային գիտութիւններու եւ ճարտարագիտութեան «Մրսաթի» հիմնարկին մէջ` 6-րդ տարեշրջանն ըլլալով:

Ամհազի հայրը հարց տուաւ, որ իսրայէլեան ծովային ուժ մը ինչպէ՞ս կրցաւ ներթափանցել լիբանանեան ծովափ, երբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժեր, մասնաւորաբար գերմանական ծովուժը կը հսկեն լիբանանեան ծովափին:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ամհազի առեւանգման գործողութիւնը երկար ատենէ ի վեր ծրագրուած էր, եւ  անոր գործադրութեան համար կը սպասուէր յարմար պահուն:

Ձայնասփիւռի կայանը նշեց, որ «Շայիթ 13» միաւորը ճշգրտութեամբ, առանց արտակարգ միջադէպերու կամ բախումի գործադրած է գործողութիւնը, եւ ձերբակալեալը չէ դիմադրած:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը նաեւ հաղորդեց, որ բանակը մտադիր չէր Պաթրունի մէջ գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելու, եւ եթէ լրատուամիջոցներու մէջ չբացայայտուէր, գործողութիւնը գաղտնի պիտի մնար:

 

 

Նախորդը

Այցելելով Լիբանանի Հետ Սահման` Նեթանիահու. «Համաձայնութեամբ Կամ Առանց Ատոր Մեր Քաղաքացիները Հիւսիս Վերադարձներու Բանալին Հըզպալլան Լիթանիէն Անդին Հեռացնելն Է»

Յաջորդը

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Սկսած Է Ամրապնդել Լիբանանի Հետ Սահմանակից Շարք Մը Գիւղերու Շէնքերն Ու Պաշտպանութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?