Գլխաւոր լուրեր

Լիզպոնի Գործողութեան 43-Ամեակի Նշում

Լիզպոնի Գործողութեան 43-Ամեակի Նշում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 26 յուլիսի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 43-ամեակի նշումը: Նախ Լիզպոնի հինգի դամբարանին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ձեռնարկը բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Վարանդ Կիրակոսեան: Ապա խումբ մը ԼԵՄ-ականներ ընթերցեցին Լիզպոնի հինգ տղոց կենսագրութիւնները: Այնուհետեւ օրուան պատգամը...

Խմբագրական.  Լիզպոնի Պատգամներուն Դէմ Բացուած Համազարկը (Լիզպոնի Գործողութեան 43-Ամեակ)

Խմբագրական. Լիզպոնի Պատգամներուն Դէմ Բացուած Համազարկը (Լիզպոնի Գործողութեան 43-Ամեակ)

Լիզպոնի գործողութիւնը, յեղափոխական աւանդներու վերադարձի կարգախօսով իրականացուած շարքերուն մէջ եզակի էր ոչ միայն իր ոճով, տարողութեամբ եւ անգերազանցելիութեամբ, այլ նաեւ առաջադրանքային յաւելումով: Մինչեւ այդ հիմնականին մէջ միջազգային լռութեան պատը քանդելու միտուած արարքներով կը բնութագրուէին հերոսական առարկայացումները: Լիզպոնի տղոց պարզ, ոչ փողերային եւ համեստ ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնէր իրաւունքներու վերականգնման  նպատակը, որ տրամաբանական շարունակութիւնն էր լռութեան պատի քանդումին: Այդ...

Բագրատունի. «Իսրայէլ Հայոց  Ցեղասպանութեան Հարցը Օգտագործեց Իբրեւ  Թուրքիոյ Վրայ Ճնշման Գործիք»

Բագրատունի. «Իսրայէլ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Օգտագործեց Իբրեւ Թուրքիոյ Վրայ Ճնշման Գործիք»

«Գործնականին մէջ մենք մեծ ակնկալիքներ չունէինք, որ Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը, կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Այս մասին «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Անոր համաձայն, այդ քայլը հիմնականին մէջ մարտավարական բնոյթ ունէր` Թուրքիոյ որոշակի ուղերձ յղելու նպատակով: «Եթէ որեւէ պետութիւն բնական պայմաններու մէջ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը,...

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Նախագահի  Ուաշինկթըն Այցելութեան Արդիւնքները

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Նախագահի Ուաշինկթըն Այցելութեան Արդիւնքները

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր հետ անդրադարձաւ վերջին զարգացումներու լոյսին տակ երկրի ընդհանուր կացութեան: Նախագահ Աուն վարչապետին ներկայացուց Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ իր հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ամերիկացի պաշտօնատարներուն արտայայտած պատրաստակամութիւնը աջակցելու լիբանանեան բանակին եւ տարբեր ոլորտներու մէջ Լիբանանին օգնելու, ինչպէս...

Թրամփ. «Ծոցի Մէջ Նաւերուն Հասած Վնասները  Պիտի Փոխհատուցուին Իրանեան Սառեցուած Գումարներով»

Թրամփ. «Ծոցի Մէջ Նաւերուն Հասած Վնասները Պիտի Փոխհատուցուին Իրանեան Սառեցուած Գումարներով»

Ամերիկեան բանակի կեդրոնի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ յաջողութեամբ աւարտած է Իրանի վրայ հարուածներու 13-րդ գիշերը: Ըստ իրանեան աղբիւրներու, յարձակումներուն պատճառով Խուզիստան եւ Հորմուզղան նահանգներուն մէջ արձանագրուած են 4 զոհեր եւ 7 վիրաւորներ: Ամերիկեան յարձակումները կեդրոնացան Իրանի հարաւին եւ հարաւ-արեւմուտքին վրայ: Իրանեան բանակը իր կարգին յայտնեց, որ «Արշ» անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորած է Պահրէյնի Շէյխ Իսա ռազմակայանին մէջ վառելանիւթի ամբարներն ու ամերիկեան...

Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումը Ընթացք Առաւ «Արարատի Համար` Կանգուն» Նշանաբանով

Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումը Ընթացք Առաւ «Արարատի Համար` Կանգուն» Նշանաբանով

Երէկ` ուրբաթ, 24 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ ընթացք առաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի 26 շրջաններէն եւ Իրանի սկաուտական 4 միութիւններէն 900 բանակողներու: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան պաշտօնական հիւրեր, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ եւ հիւրընկալ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամներ: Հիւրերու շարքին էին Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Զաքարիա եպս. Բաղումեան, Հայաստանի մէջ...

Ակնարկ.   Ուղղութիւններ, Առաջնահերթութիւններ  Եւ Երաշխաւորութիւններ

Ակնարկ. Ուղղութիւններ, Առաջնահերթութիւններ Եւ Երաշխաւորութիւններ

Իսրայէլեան բանակի բանբերի յայտարարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուող յայտարարութիւնները բաւական հեռու են իրարմէ թէ՛ մթնոլորտի եւ թէ՛ իրավիճակի առումով: Էլլա Ուաուիէ յայտնեց. «Քաղաքական իշխանութեան ցուցմունքին հիմամբ, այսօր ընթացք առաւ գործադրութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ «անվտանգ գօտի» խորագիրով փորձնական նախագիծի մը` գործակցութեամբ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան եւ լիբանանեան բանակին»: Ըստ անոր, փորձնական ծրագիրի ծիրին մէջ, իսրայէլեան պաշտպանութեան բանակի, Միացեալ Նահանգներու...

Ամերիկեան Բանակը 12-րդ Գիշերն  Ըլլալով Ռմբակոծեց Իրանը.  Ռուպիօ. Ուաշինկթըն Տակաւին Պատրաստ Է  Բանակցելու, Սակայն Թեհրան  Բանակցութիւնները Լուրջի Չ՛առներ»

Ամերիկեան Բանակը 12-րդ Գիշերն Ըլլալով Ռմբակոծեց Իրանը. Ռուպիօ. Ուաշինկթըն Տակաւին Պատրաստ Է Բանակցելու, Սակայն Թեհրան Բանակցութիւնները Լուրջի Չ՛առներ»

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ աւարտած են 12-րդ գիշերն ըլլալով Իրանի վրայ յարձակումները, որոնց նպատակը «քաղաքայիններն ու շրջանային ջուրերէն անցնող քաղաքային նաւաստիներուն ու առեւտրական նաւերուն սպառնալու Իրանի կարողութիւնը աւելի մեծ չափով սահմանափակելն էր»: Կեդրոնական հրամանատարութիւնը աւելցուց, որ թիրախաւորած է իրանեան զինուորական դիրքեր, որոնք ներառած են ծովային կարողութիւններ, հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու պահեստանոցներ, ինչպէս նաեւ 9 նաւերու ուղղութիւնը...

Հաղորդագրութիւն.  Կայացաւ Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի  Խորհրդաժողովի Առցանց Նիստը

Հաղորդագրութիւն. Կայացաւ Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Առցանց Նիստը

18 յուլիս 2026-ին Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովի համադրող կազմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ 2026 թուականի ապրիլ 11-12-ին գումարուած խորհրդաժողովին յաջորդող առցանց նիստը, որ համախմբեց խորհրդաժողովի մասնակիցները` Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքի 25 տարբեր երկիրներէ: Ժողովը գումարուեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ դիմագրաւել Արցախի բռնի հայաթափման հետեւանքները, արցախահայութեան հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայ դատի միջազգային հետապնդման, ազգային ու հոգեւոր արժէքներու...

Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Ազատ  Արձակելու Հայ Պատանդները

Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Ազատ Արձակելու Հայ Պատանդները

Չորեքշաբթի, 22 յուլիսին, Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 44 թեր եւ 7 դէմ քուէներով քուէարկած է Ազրպէյճանին կոչ ուղղելու` անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու բոլոր հայ պատանդները` որդեգրելով «Արտաքին ծառայութեան մասին» թիւ 9087 օրինագիծի բարեփոխումը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Յանձնախումբին կողմէ սատարուող այս բարեփոխումը, որ ներկայացուցած է Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ, քոնկրեսական Պրետ Շըրմընը...

Թայանի. «Հռոմ 4 Օգոստոսին Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ամերիկեան Միջնորդութեամբ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլ Մը Կը Հիւրընկալէ»

Թայանի. «Հռոմ 4 Օգոստոսին Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ամերիկեան Միջնորդութեամբ Բանակցութիւններու Նոր Փուլ Մը Կը Հիւրընկալէ»

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանի յայտարարեց, թէ իր երկիրը 4 օգոստոսին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ամերիկեան միջնորդութեամբ բանակցութիւններ պիտի հիւրընկալէ: Թայանի իտալական խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Չորս օգոստոսին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ երկխօսութեան այլ նիստ մը կը հիւրընկալենք»: Հռոմի մէջ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն միջեւ անցեալ շաբթուան բանակցութիւններու փուլի ընթացքին փորձնական շրջաններու ճշդման մէջ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրուած...

Աուն. «Հըզպալլայի Զինաթափումը Կարելի Է,  Եթէ Ատոր Իրագործման Համար  Պահանջուածին Նկատմամբ Անկեղծ Ենք»

Աուն. «Հըզպալլայի Զինաթափումը Կարելի Է, Եթէ Ատոր Իրագործման Համար Պահանջուածին Նկատմամբ Անկեղծ Ենք»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան վերջին օրը Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատի կողմէ իր պատուոյն դեսպանատան մէջ կազմակերպուած ընթրիքի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլայի զինաթափումը կարելի է, եթէ անկեղծ ենք ատոր իրագործման համար իրապէս պահանջուածին նկատմամբ, այսինքն` բռնագրաւումի վերացում, բանակին կողմէ ամբողջական վերահսկողութեան ստանձնում եւ միայն պետութեան կողմէ կառավարուող վերաշինութեան ծրագիր»: «Ինծի համար պատիւ է ըլլալ ամբողջ արաբական աշխարհին...

Վարչապետ Սալամ Զաութար Ղարպիէ Այցելեց

Վարչապետ Սալամ Զաութար Ղարպիէ Այցելեց

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսայի հետ Զաութար Ղարպիէ այցելելով գիւղի հրապարակին վրայ լիբանանեան դրօշ զետեղեց, ապա խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Ասիկա ազգային պահ մըն է, որ քաղաքական ու բարոյական մեծ իմաստ կը կրէ, որովհետեւ մեր հողերէն իսրայէլեան հեռացման սկիզբը կը ներկայացնէ»: «Սկիզբէն շեշտեցինք, թէ մեր նպատակը մեր հողերէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացումն է, եւ այն, ինչ որ այսօր...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն.  «Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումից Հրաժարումը Չի Չէզոքացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան Դէմ Թշնամական, Ծաւալապաշտական Նկրտումները»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն. «ՀՅԴ Անդամները, Համակիրներն Ու Աջակիցները Չեն Ընկրկելու, Շարունակելու Են Պայքարը Վարչախմբի Դէմ»

Օրինականութեան ճգնաժամի մէջ յայտնուած Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւնը նոր մակարդակի է հասցրել քաղաքական ընդդիմախօսների նկատմամբ իրաւական ամենաթողութիւնը` իրաւապահ համակարգն անխնայ օգտագործելով իր նպատակադրումներում: Չբաւարարուելով ոչ օրինական գաղտնալսումներով, ձերբակալութիւններով, կալանաւորումներով եւ ապօրինի բազմաթիւ քրէական հետապնդումներով, կամակատար քննչական մարմիններն անցել են ընդդիմադիր կուսակցութիւններին նուիրատուութիւն կատարած անձանց հետապնդումների: Մասնաւորապէս, արդէն տեւական ժամանակ է, որ քննչական մարմինը ըստ էութեան ապօրինաբար բերման եւ անօրէն «հարցաքննութեան»...

Իրանի Վրայ 11-րդ Գիշերն Ըլլալով  Ամերիկեան Յարձակումներ

Իրանի Վրայ 11-րդ Գիշերն Ըլլալով Ամերիկեան Յարձակումներ

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ ամերիկեան բանակը աւարտած է Իրանի վրայ 11-րդ իրերայաջորդ գիշերն ըլլալով յարձակումը, որուն ընթացքին թիրախաւորած է իրանեան զինուորական ու գումակային կեդրոններ, օդանաւերու պահման վայրեր եւ անօդաչու թռչող սարքերու պահեստանոցներ: Իրանեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ թիրախաւորած է Քուէյթի, Պահրէյնի եւ Յորդանանի մէջ ամերիկեան բանակի ռազմակայանները: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, որ...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Թրամփ Պաշտօնապէս Հաւանութիւն Տուաւ  Սէուտական Արաբիոյ Հետ 30 Տարիներու Վրայ  Երկարող Քաղաքային Հիւլէական  Պատմական Համաձայնութեան Մը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Թրամփ Պաշտօնապէս Հաւանութիւն Տուաւ Սէուտական Արաբիոյ Հետ 30 Տարիներու Վրայ Երկարող Քաղաքային Հիւլէական Պատմական Համաձայնութեան Մը

Ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտօնապէս հաւանութիւն տուած է Սէուտական Արաբիոյ հետ պատմական համաձայնութեան մը` թագաւորութիւնը օժտելու քաղաքային հիւլէական ծրագիրով մը, որ անոր հողերուն վրայ իւրանիոմի հարստացման ճամբան կը հարթէ: Ամերիկեան օրաթերթին համաձայն, համաձայնութիւնը կ՛երկարի 30 տարուան վրայ, եւ անոր արժէքը կը գնահատուի տասնեակ միլիառաւոր տոլարներով: Համաձայնութիւնը ամերիկեան ընկերութիւններու առանցքային...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Վերապատուելի Հայտոսթեանի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վերապատուելի Հայտոսթեանի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի գլխաւորութեամբ, երեքշաբթի, 21 յուլիս 2026-ին այցելեց Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի: Պատուիրակութիւնը առաջին հերթին շնորհաւորեց Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակը` վեր առնելով անոր ազգային բազմակողմանի դերակատարութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի առանցք հանդիսացան Լիբանանի եւ հայութեան դիմագրաւած տագնապներն ու մարտահրաւէրները: Պատուիրակութիւնը ներկայացուց...

Սպիտակ Տան Մէջ Աուն-Թրամփ Հանդիպում

Սպիտակ Տան Մէջ Աուն-Թրամփ Հանդիպում

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ ետք հասաւ Սպիտակ տուն, ուր դիմաւորուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ: Նախքան դռնփակ հանդիպումը, Թրամփ յայտնեց, որ Լիբանանի հետ յարաբերութիւնը լաւ է, եւ Լիբանանի նախագահը մեծ յարգանք կը վայելէ, «լաւ ժողովներ գումարեցինք, եւ Լիբանանին վերաբերող բազմաթիւ խնդիրներ պիտի լուծենք»: «Կը կարծեմ, որ Լիբանանը երկիր մըն է, որուն հետ երկար ժամանակ վատ վարուելակերպ ցուցաբերուած է,...

Բանակը Մուտք Գործեց Զաութար Ղարպիէ

Բանակը Մուտք Գործեց Զաութար Ղարպիէ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ առաւօտեան յայտարարեց, որ բանակային միաւորները առաւօտեան սկսած են տեղակայուիլ հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ գաւառի Զաութար Ղարպիէ գիւղին մէջ` հիմնուելով Լիբանանի յատուկ զինուորական համակարգումի խմբակին հետ հաղորդակցութիւններու վրայ: Բանակը քաղաքացիներուն վերստին կոչ ուղղեց` մինչեւ ապահովական կացութեան կայունացումը գիւղ չուղղուելու եւ հետեւելու տեղակայուած զինուորական միաւորներուն ցուցմունքներուն` պահպանելու համար իրենց անվտանգութիւնը: Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը աւելի ուշ ալ յայտարարեց, թէ բանակէն...

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխադարձ  Հարուածները Կը Շարունակուին

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխադարձ Հարուածները Կը Շարունակուին

Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ կնքուած փոխըմբռնումի յուշագիրէն 34 օր եւ պատերազմի սկիզբէն 143 օր ետք, ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ «ճշգրիտ հարուածներ» հասցուցած է` անոր զինուորական կարողութիւնը ջլատելու համար: Իրանի արեւմտեան Իլամ նահանգի Ապտանան քաղաքի կառավարիչը յայտնեց, որ ամերիկեան հրթիռներ թիրախաւորած են քաղաքէն դուրս գտնուող շրջաններ` առանց մարդկային վնասներ պատճառելու: Իրանեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ...

Page 14 of 795 1 … 13 14 15 … 795

Արխիւներ