Խորհրդարանը երէկ շարունակեց կառավարութեան գործունէութեան ընդհանուր քննարկումը:
Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ յայտնեց. «Ամէն օր Ռումիէի բանտին մէջ կալանաւորուած մը կը մահանայ, ուստի Սահմանադրական խորհուրդը պէտք է արագ կերպով սերտէ համաներման օրէնքը, եւ բանտարկեալներուն կոչ կ՛ուղղեմ` իրենց հացադուլը առկախելու, որովհետեւ հարցը մեր ձեռքը չէ»:
Երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց. «Վստահութիւնը կը սկսի, երբ քաղաքացին գիտէ, թէ իր կառավարութիւնը ի՛նչ եւ ե՛րբ պիտի ընէ, եւ մենք բարեկարգումի ժամանակացոյցի կարիք ունինք»:
«Քաղաքացին պետութեան կը վճարէ անոր գոյութեան գինը, ապա իր գրպանէն կը վճարէ անոր բացակայութեան գինը», նշեց երեսփոխանը:
«Կ՛ուզենք պետութիւն մը, որ ունի մէկ գերիշխանութիւն, մէկ իշխանութիւն, եւ Լիբանանի պաշտպանութիւնը վստահուած ըլլայ պետութեան ու անոր օրինական հաստատութիւններուն, եւ որեւէ բանակցային հոլովոյթ պէտք է իր արդիւնքներով գնահատուի», ըսաւ ան:
Հութ կոչ ուղղեց «որդեգրելու ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւն մը, որուն շուրջ կը բոլորուին բոլոր լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ որդեգրելու յարձակումներուն ու բռնագրաւումներուն վերջ տալու ազգային յստակ ծրագիր մը»:
Երեսփոխան Իպրահիմ Մնէյմնէ նշեց. «Գոյութիւն ունի խումբ մը, որ պետութեան բեռը կը շալկէ, եւ հարցը անոր գլխուն կը պայթի: Այդ խումբը միջին եւ սահմանափակ եկամուտով դասակարգն է»:
«Մարդիկ յոգնեցան: Անոնք զայրացած են եւ ամբողջովին իրաւունք ունին», շեշտեց ան:
Մնէյմնէ ըսաւ, որ կառավարութեան պիտի զօրակցի, երբ վերջինս ճիշդ գործէ, եւ զայն հաշուետուութեան պիտի ենթարկէ, երբ սխալի:
Երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց. «Պետական ամավարկը պարզապէս թիւեր չէ, այլ պետութեան կառավարումը, ապագայ տեսլականն ու կարգ մը ոլորտներու եւ ճարտարարուեստներու աջակցելու ձեւը կը ներկայացնէ»:
«Ամավարկը պէտք է իրատեսական թիւերու եւ տնտեսական յստակ տուեալներու վրայ հիմնուած ըլլայ», նշեց ան:
Երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց. «Պէտք է լրջօրէն մտածել քաղաքացիի կացութիւնը բարելաւելու մասին, եւ չենք կրնար արտասահմանին սպասել, որովհետեւ պատերազմը փոխեց բոլոր հաւասարակշռութիւնները, եւ պէտք է պայմաններ ստեղծել ֆինանսաւորում ու ներդրում ապահովելու համար»:
Ան կոչ ուղղեց արտադրութիւնը սեփական մարզին վստահելու` նշելով. «Հովանաւոր պետութեան ժամանակը վերջ գտաւ, եւ կառավարութեան յաջողութեան արժեչափը սեփական մարզը ներքաշելու անոր կարողութիւնն է»:
«Լիբանանի համար այլեւս անհրաժեշտ է իր կորուստները ճշդել, որպէսզի աւելին չկորսնցնէ, եւ այդ մէկը ճշդելու մեծագոյն մասնակիցը Հըզպալլան է», նշեց երեսփոխանը:
Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Փիեռ Պու Ասի խօսքը վարչապետ Նաուաֆ Սալամին ուղղելով ըսաւ. «Ես կառավարութեան նկատմամբ մտավախութիւն ունիմ, որովհետեւ այս պահուն, եթէ տապալի, որեւէ այլ կառավարութիւն պիտի չկարենայ իշխել»:
Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան յայտնեց. «Քաղաքացին ճառեր չ՛ուզեր, այլ ելեկտրականութիւն, ուսում, բժշկութիւն եւ արդարադատութիւն: 2019 թուականին կատարածիս պէս կը զգուշացնեմ, որ տոլարը կ՛անհետանայ, եւ այսօր կ՛ըսեմ. «բաւ է պատուաւորներուն ստիպել ձեր անյաջողութիւններու համար վճարել»:
Երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ յայտարարեց. «Որոշեցի այս երեկոյ խորհրդարանին առջեւ խօսքս ջնջել: Անոնք, որոնք կառավարութեան մաս կը կազմեն, անոնք, որոնք անոր վստահութեան քուէ տուին, եւ անոնք, որոնք այլ վարչապետի թեկնածութիւն առաջադրեցին, դժգոհ են, ուստի այս կառավարութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ շարունակել: Շատ զարմանալի բան է: Եթէ պառակտումը այսքան ուղղահայեաց է, ժամանակն է կատարելու ազգային երկխօսութիւն մը, որ կ՛ամրապնդէ եւ կը միաւորէ, եւ ատկէ դուրս ամէն ինչ կը նշանակէ, թէ տակաւին խրուած ենք սպասման մէջ նախապէս մշակուած արտաքին լուծումներու, որոնք կրնան երկար ժամանակ պահանջել, եւ որոնց պիտի նախորդէ ներքին ընկերային պայթումը»:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կառավարութեան աշխատանքի ընդհանուր քննարկման նիստի աւարտին ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ամէն շինիչ քննադատութեան համար, եւ պետութեան ներկայութիւնը պահանջող քաղաքացին իրաւունք ունի, ինչպէս նաեւ անոր բացակայութենէն գանգատողը իրաւունք ունի»:
«Կառավարութիւնը կը գիտակցի, թէ երբ կազմուեցաւ, սպասումները բարձրացան, սակայն բախեցաւ դժուար իրողութեան մը, զոր պատերազմը բարդացուց, եւ աշխատանք պիտի տանինք, որ այդ դժուարութիւնները հիասթափութեան չվերածուին», նշեց վարչապետը:
«Սուրիոյ հետ կը կառուցենք յարաբերութիւններ` հիմնուելով գերիշխանութեան յարգումին, հասարակաց շահերուն եւ մէկզմէկու գործերուն չմիջամտելու վրայ, եւ աշխատանք կը տանինք վերատեսութեան ենթարկելու համաձայնութիւնները եւ ամրագրելու փոխադարձութիւնը», ըսաւ Սալամ:
«Մեր ազգային միասնականութիւնը որքան ամրապնդենք ու պետութեան իշխանութիւնը անոր բոլոր հողերուն վրայ որքան տարածենք, ամրապնդած կ՛ըլլանք մեր ուժի տարրերը եւ մեր իրաւունքները խլելու մեր կարողութիւնը», նշեց վարչապետը:
Սալամ ըսաւ, որ «եռակողմ շրջագիծ»-ը քաղաքական բանակցութիւններու շրջագիծն է, անիկա իրաւական իմաստով համաձայնութիւն կամ համաձայնագիր չէ` շեշտելով, որ բանակցութիւնները տակաւին չաւարտեցան, եւ արդիւնքները, որոնց կառավարութիւնը կը ձգտի, տակաւին ամբողջովին չիրագործուեցան:
Ան նշեց, որ այն խօսքը, թէ Լիբանան իր հեղինակութիւններէն ու սկզբունքներէն հեռացաւ, «ճիշդ չէ»:
Սալամ ընդգծեց, որ նպատակը Լիբանանի համար «մէկ ժողովուրդ, մէկ պետութեան մէջ` պաշտպանուած մէկ բանակի կողմէ» ըլլալն է, եւ պետութեան կողմէ իր գերիշխանութեան տարածումը իր ամբողջ տարածքին վրայ` ընդգծելով, որ այս սկզբունքը մէկ խումբի միւսի դէմ դիրքորոշումը չէ, այլ «պետութեան գաղափարը»:
Նիստի աւարտին, խորհրդարանը 3-րդ անգամ ըլլալով կառավարութեան վստահութիւն յայտնեց` 68 թեր, 12 դէմ եւ 2 ձեռնպահ քուէներով:


