Երէկ` 16 սեպտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանի մամլոյ ասուլիսը` քաղաքական օրակարգային հարցերուն վերաբերեալ:
Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ զինուորական խարիսխը դուրս բերելու հարցին` Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Այդ խարիսխը որոշակի առաքելութիւն ունի, եւ այս աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ Հայաստանը անպաշտպան ձգել թշնամիներու երախին մէջ` արկածախնդրութիւն է երկրին համար: Ատիկա պիտի յանգեցնէ անվտանգային նոր սպառնալիքներու: Կարելի չէ երթալ այդ արկածախնդրութեան, ինչպէս նաեւ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալուն», ընդգծեց Սաղաթէլեան:
Մեկնաբանելով իշխող խմբակցութեան ներկայացուցիչ Արման Եղոյեանի յայտարարութիւնը այն մասին, թէ ՀՅԴ-ն անհրաժեշտ է արմատախիլ ընել` Սաղաթէլեան նշեց, որ իշխանութիւնները վաղուց այդ կը ցանկան: «Այս իշխանութիւնը թուրք-ազրպէյճանական դաշինքի խամաճիկն է ու այդ պատճառով շատ հետեւողական պայքար սկսած է ազգային գաղափարախօսութեան եւ նոյնինքն ազգայինի նկատմամբ: Սա լոկ Դաշնակցութեան դէմ պայքար չէ իբրեւ կուսակցութիւն, սա պայքար է հայկականութեան, համահայկականութեան, ազգային նկարագիրի ու գաղափարախօսութեան դէմ: Այն, ինչ որ կ՛ընէ Քաղաքացիական պայմանագիրը, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ ապազգայնացման ծրագիր է: Դաշնակցութիւնը` իբրեւ համահայկական, ազգային քաղաքական ուժ, գլխաւոր թիրախներէն է, բայց ոչ միակը: Կը տեսնենք, թէ ի՛նչ կը կատարուի տարբեր քաղաքական գործիչներու, յատկապէս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ», ըսաւ Սաղաթէլեան:
Ըստ Իշխան Սաղաթէլեանի, արմատախիլ պէտք է ըլլայ Քաղաքացիական պայմանագիրը ամբողջութեամբ, քանի որ դժբախտութիւն, մահ եւ ողբերգութիւն բերած քաղաքական ուժ է:
Սաղաթէլեան նշեց, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն պիտի մասնակցի շարք մը համայնքներու մէջ: «Մեր միւս ուժը` «Առաջ» կուսակցութիւնը, եւս պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն: Ամբողջ Հայաստանի մէջ խայտառակ բռնաճնշումներ կ՛ընթանան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն հետ կապուած: Սա համատարած բնոյթ կը կրէ: Բռնաճնշումներու նոր խայտառակ մակարդակ մըն է», ըսաւ Սաղաթէլեան:


