Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)

September 18, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մուսա լերան հերոսամարտի հերթական նշումը կը զուգակցուի Սուրբ Խաչի տօնին հետ: Հերոսամարտը, թէեւ շաբաթ մը ուշ կը նշուի կրօնական տօնէն, այդուհանդերձ զուգակցումի խորհուրդը կը պարփակէ իր մէջ:

Խաչով գողգոթան հաւատքի մը, այս պարագային կրօնական արժէքներու ամէն գնով կառչած մնալու, ի գին ամէն տեսակի զոհողութեան, կեանքի գնով անոնցմէ չհրաժարելու եւ մանաւանդ այդ հաւատքը տարածելու խորհուրդը կը պարփակէ իր մէջ:

Մուսա Լեռը այս պարագային ազգային գողգոթան պատուով բարձրանալու, ազատ ապրելու, բնօրրանը չլքելու, հետեւաբար նաեւ այդ արժէքներուն կառչած մնալու հաւաքական ուխտն է: Այդ արժէքներէն չհրաժարելու համար նահատակուիլը նոյնիսկ:

Խորհրդաբանութիւնը կը շարունակուի խաչի հետ զուգակցումին, երբ փրկութեան դրօշին վրայ պատկերուած կը տեսնենք խաչը: Այս անգամ փրկութեան խորհուրդին մէջ ազատ ապրելու, թշնամիին չենթարկուելու եւ մանաւանդ այդ արժէքներուն համար նոր բնօրրաններ կառուցելու անտեղիտալիութիւնը:

Այդ նոր բնօրրաններէն մէկն է հայկական Այնճարը, ուր կը շարունակուի արժէքապահպանութիւնը: Այս սկզբունքայնութեան իմաստը կը բազմապատկուի, երբ հարթիչ գլան մը կը բանի ճզմելու, վերափոխելու, իմաստազրկելու մինչեւ հիմա դաւանուածը: Հակադրելու պատմականն ու ներկան, տեսլականն ու իրականը, հարուածելու խորհրդանիշերը, սահմանափակելու հայրենիք հասկացողութեան տարածքը, հեգնելու հայրենասիրութիւնը, բնութագրելու սփիւռքը իբրեւ օգտագործուած ապրանք ուղարկող անգլուխ կեդրոն մը:

Արժէքափոխութեան այս արշաւին դէմ ամուր կանգնած է հայկական Այնճարը, հաւատարիմ` Մուսա լերան սկզբունքայնութեան, միասնականութեան, հայրենանուիրումին եւ արժէքներու պահպանման եւ տարածման հաւատամքին:

Այնճարը պատուար է վերափոխման այս քաղաքականութեան դէմ եւ օրինակ` համախումբ ապրելու, հայատրոփ միջավայր ստեղծելու, եկեղեցական կեանքով ապրելու, մշակոյթը արդիականացնելու եւ անով ապրելու, հայ մարզական կեանքին թափ տալու, բանակումներ հիւրընկալելու:

Այնճարը եզակի միջավայր է ամբողջ հայկական սփիւռքին մէջ իր հայկականութեամբ:

Այնճարը, իբրեւ Մուսա լերան միջավայրային շառաւիղը, սփիւռքի ուշադրութեան կիզակէտին յայտնուելու բոլոր պատճառները ունի: Վերափոխուող սփիւռքի, ժողովրդագրական պատկերներու կտրուկ փոփոխութիւններու ենթարկուող մեր համայնքներու յորձանուտին մէջ Այնճարը կը պահէ իր դիմագիծը, իր հայեցիութիւնը, իր հայկականութիւնը, իր էութիւնը` արժեհամակարգի շարունակումի եւ ծաղկումի առումներով:

Նօսրացումներու եւ նախկին դրուածքներու համատարած փոփոխութիւններու այս ընդհանուր հողմին մէջ, հայկական Այնճարը բոլոր պատճառները ունի արժանանալու համահայկական ուշադրութեան: Եւ եթէ այսօր Երեւանը չ՛ուզեր զբաղիլ յայտարարուող տարածութենէն դուրս գտնուող հայութեամբ, ապա սփիւռքեան կազմակերպութիւնները բոլոր պատճառները ունին սփիւռքի այսօրուան եւ փոփոխուող քարտէսին բոլոր շարժումները խորապէս քննարկելու, միտումները կանխատեսելու եւ անոնց մէջ նկատելու Այնճարի հաստատուն դիրքը, հայկականութեան եզակի միջավայրը, մնացող բնակչութիւնը: Հայութեամբ շնչող, արարող եւ բնօրրանին կառչած, Մուսա լերան հերոսներուն դաւանած արժէքները պահպանող  այնճարահայութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.