ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը բաց նամակ յղեց Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոյին` «խոր հիասթափութիւն» յայտնելով վերջինիս մասնակցութենէն` Ազրպէյճանի կառավարութեան կազմակերպած դէպի բռնագրաւուած Արցախ այցելութեան:
Բաց նամակին մէջ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան խստօրէն կը դատապարտէ եւրոպացի պաշտօնատարներուն մասնակցութիւնը Պաքուի բեմադրուած ցուցադրութեան` նշելով. «Ինծի համար` իբրեւ Եւրոպական Միութեան 13 անդամ պետութիւններուն մէջ յանձնախումբեր ունեցող եւրոպական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ եւ պարզապէս իբրեւ եւրոպացի քաղաքացի, որ կը հաւատայ, թէ մարդկային արժանապատուութիւնը անձեռնմխելի է, ցաւալի էր ականատես ըլլալ, թէ ինչպէ՛ս եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտները դարձան Պաքուի բռնապետական վարչակարգին կողմէ մանրակրկիտ մշակուած ներկայացման մասնակից»:
Կարապետեան կ՛ընդգծէ, որ կայ տարբերութիւն դիւանագիտական կապերուն եւ պետական մակարդակով իրականացուող պատմական դէպքերու աղաւաղման հանդիսատես դառնալու միջեւ:
«Մենք լիովին կ՛ընդունինք, որ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը պէտք է կապ հաստատէ բոլոր կողմերուն հետ, եւ որ շրջանին անմիջականօրէն ծանօթանալը կարեւոր է: Այնուամենայնիւ, էական տարբերութիւն կայ տեղւոյն վրայ իրողութիւններուն անաչառ կերպով ականատես ըլլալուն եւ Ազրպէյճանի կազմակերպած քարոզչական այցելութեան մասնակցելուն միջեւ: Կարելի է իրավիճակին ծանօթանալ` առանց վիրաւորելու արժանապատուութիւնը այն ժողովուրդին, որ ընդամէնը երեք տարի առաջ բռնի տեղահանուեցաւ` ենթարկուելով սովի եւ շրջափակման», կը նշէ Կարապետեան:
Նամակը յատկապէս կը քննադատէ այն, թէ ինչպէ՛ս նման քարոզչական միջոցառումներ Պաքուին թոյլ կու տան «Եւրոպական Միութիւնը գործիք դարձնել` իր կատարած ցեղային զտումը օրինականացնելու նպատակով»: Կարապետեան կ՛անդրադառնայ եւրոպացի պաշտօնատարներուն մտահոգիչ վարքագիծին, երբ անոնք հրճուանքով կը պարէին Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպած խնճոյքին ընդամէնը 3 տարի առաջ հայաթափուած Արցախի մէջ, եւ կը շեշտէ, որ նման վարքագիծ, անկախ անհատական դիտաւորութենէն, անխուսափելիօրէն քաղաքական կշիռ կը կրէ:
«Ինչ կը վերաբերի շրջանի պատմութեան եւ անոր մշակութային ժառանգութեան ակունքներուն, մենք համոզուած ենք, որ զայն բացայայտելու անկեղծ փափաքի պարագային, կան բազմաթիւ անաչառ պատմական վկայութիւններ: Յոյսով ենք, որ այս առումով ձեր կողմէ առկայ է անկեղծ հետաքրքրութիւն», կը նշուի նամակին մէջ:
Զգուշացնելով հիմնարար սկզբունքները եւ մարդկային արժանապատուութիւնը անտեսող կարճատես քաղաքականութենէն` Կարապետեան կ՛եզրափակէ. «Մենք կ՛ընդունինք, որ Եւրոպական Միութիւնը տնտեսական եւ քաղաքական շահեր ունի Ազրպէյճանի մէջ: Այնուամենայնիւ, դիւանագիտութիւնը, ուր կը զոհաբերուին ոչ միայն սկզբունքները, այլ նաեւ մարդկային արժանապատուութիւնը, արագօրէն կը վերածուի յանցակցութեան: Աւելի՛ն. տուեալ պահուն կրնայ թուիլ, թէ Ալիեւի վարչակարգին հաճոյանալը կ՛օգնէ դրուած նպատակներուն հասնելու ճամբուն վրայ: Սակայն այս մօտեցումը կարճատես է եւ յարգանք վաստկելու լաւագոյն հենքը չէ, նոյնիսկ այն կողմին մօտ, որուն կը փորձեն հաճոյանալ»:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կը վերահաստատէ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչին հետ կառուցողականօրէն համագործակցելու իր պատրաստակամութիւնը, սակայն կը պնդէ, որ այցելութեան լրջութիւնն ու խորհրդանշական բնոյթը հաշուի առնելով` բաց եւ ուղղակի երկխօսութիւնը անհրաժեշտութիւն է:


