Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում Պելճիքայի Դաշնակցային  Խորհրդարանի Պատգամաւոր Միշել Տը Մեկտի Հետ

Հանդիպում Պելճիքայի Դաշնակցային Խորհրդարանի Պատգամաւոր Միշել Տը Մեկտի Հետ

Յուլիս 15-ին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի որդիին` Արմէն Իշխանեանի, ինչպէս նաեւ Եւրոպական դատարանին մէջ գերիներու շահերու պաշտպան, Հայ իրաւական կեդրոնի (ALC) գործադիր տնօրէն եւ Միջազգային համեմատական իրաւունքի կեդրոնի նախագահ Սիրանուշ Սահակեանի հետ հանդիպում ունեցաւ Պելճիքայի Դաշնակցային խորհրդարանի պատգամաւոր Միշել Տը Մեկտի հետ: Պատգամաւոր Տը Մեկտ իր խորհրդարանական գործունէութեան ընթացքին...

Ակնարկ.  Փաստաթղթայինն Ու Իրողականը

Ակնարկ. Փաստաթղթայինն Ու Իրողականը

Միացեալ Նահանգներ-Լիբանան միջնախագահական հանդիպումին ընդառաջ կ՛արձանագրուի լաւատեսական յայտարարութիւններու շարան մը, որ մտածել կու տայ այդ հանդիպումին բեկումնային բնոյթ ապահովելու քարոզչական աշխատանքին մասին: Նախ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը կը յայտնէր, որ Լիբանանի նախագահը Ուաշինկթընէն ձեռնունայն պիտի չհեռանայ: Ապա,  Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարը կ՛ընդգծէր, որ իր հանդիպումը նախագահ Աունին հետ չափազանց դրական էր: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը այս ուղղութեամբ առաքելութիւն...

Թեհրան. «Միջնորդները Կը Շարունակեն  Մագլցումը Արգիլելու Իրենց Ջանքերը,  Եւ Անոնցմէ Առաջարկներ Ստացանք»

Թեհրան. «Միջնորդները Կը Շարունակեն Մագլցումը Արգիլելու Իրենց Ջանքերը, Եւ Անոնցմէ Առաջարկներ Ստացանք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրանին այս գիշեր շատ ուժեղ հարուած հասցուցինք»: «Իրան չափազանց մեծ վնասներ կրեց, եւ անկարող է հիւլէական զէնք ձեռք բերել», ըսաւ ան: «Իրանը թերեւս կարգ մը հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր ունի, սակայն անոնք շատ չեն», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը: «Այս գիշեր դարձեալ Իրանը կը հարուածենք` առ ի յիշատակ ամերիկացի զինուորներուն», յայտնեց Թրամփ: Միացեալ Նահանգներու...

Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Ազրպէյճան Քնեսեթի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան  Ճանաչման Քուէարկութիւնը  Կասեցնելու Գործարք Կնքած Է

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Ազրպէյճան Քնեսեթի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Քուէարկութիւնը Կասեցնելու Գործարք Կնքած Է

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը յունիսի վերջաւորութեան միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ, սակայն Քնեսեթի մէջ քուէարկութիւնը տեղի չունեցաւ` քուլիսներու ետին քաղաքական ու դիւանագիտական պայքարէ ետք: Հակառակ այն գնահատումներուն, թէ քուէարկութիւնը կանգ առնուած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակին կողմէ ուղղակի միջամտութեան հետեւանքով, այդ հարցը վճռած են հարետիմ կուսակցութիւնները, որոնք Ազրպէյճանի մէջ կողմերու հետ հաղորդակցութիւններէ ետք գործած են...

Ռուպիօ. «Նախագահ Աունի Հետ Ժողովը Չափազանց Դրական Էր»

Ռուպիօ. «Նախագահ Աունի Հետ Ժողովը Չափազանց Դրական Էր»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, թէ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կիրակի օր իր գումարած ժողովը «չափազանց դրական էր»: «Օրինական կառավարութեան հետ պիտի աշխատինք, եւ ոչ թէ Հըզպալլայի եւ Իրանի», շեշտեց Ռուպիօ` աւելցնելով. «Լիբանանի նախագահին հետ Թրամփի ժողովը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ»: Ան այս մասին երէկ յայտնեց Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան` ԱՍԷԱՆ-ի վեհաժողովին...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Զօրակցական Նամակ` Կիպրոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Կիպրոս թրքական ներխուժման 52-ամեակին առիթով զօրակցական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Մարիա Հաճիթէոտոսիուին: «Այս հանդիսաւոր ամեակը յարձակումի, բռնագրաւումի եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան շարունակական խախտման հետեւանքներու մասին յիշեցում կը կատարէ: Աւելի քան հինգ տասնամեակ ետք, տեղահանութեան, կղզիի բաժանման եւ հիմնարար իրաւունքներու ժխտման ցաւը կը մնայ չլուծուած, ինչ որ կ՛ընդգծէ արդարադատութեան,...

Խամենէի. «Թրամփի Ստորագրութիւնը Այլեւս Անարժէք Է».  Թեհրան Քուէյթը, Յորդանանն Ու Պահրէյնը  Կը Հարուածէ, Իսկ Ուաշինկթըն Իր Զինուորներու  Սպանութեան Կը Հակադարձէ

Խամենէի. «Թրամփի Ստորագրութիւնը Այլեւս Անարժէք Է». Թեհրան Քուէյթը, Յորդանանն Ու Պահրէյնը Կը Հարուածէ, Իսկ Ուաշինկթըն Իր Զինուորներու Սպանութեան Կը Հակադարձէ

Երէկ շրջանին մէջ մագլցումը 8-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ: Իրանեան բանակը յայտարարեց, թէ Քուէյթի մէջ ամերիկեան զինուորական կառոյցներ ու սարքեր հարուածած է, իսկ Պահրէյն եւ Քուէյթ յայտարարեցին, թէ դէմ դրած են իրանեան օդային յարձակումներու: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտնեց, որ վար առած է Ահուազ քաղաքին վերեւ թռիչք կատարող ամերիկեան անօդաչու թռչող սարք մը: Իրանեան բանակը ըսաւ, որ ամերիկեան ուժերու դէմ իր յարձակումները...

Քոնկրեսին Ներկայացուած Բանաձեւը Կրնայ  Մինչեւ Յաւելեալ 100 Տոկոսի  Տուրք Սահմանել Պաքուի Դէմ

Քոնկրեսին Ներկայացուած Բանաձեւը Կրնայ Մինչեւ Յաւելեալ 100 Տոկոսի Տուրք Սահմանել Պաքուի Դէմ

Քոնկրեսին ներկայացուած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու բանաձեւ մը, որ կը նախատեսէ մինչեւ 100 տոկոսի յաւելեալ մաքսային տուրք սահմանել ռուսական քարիւղի հինգ մեծագոյն գնողներուն` Ազրպէյճանի, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Սլովաքիոյ եւ Հունգարիոյ դէմ, որպէսզի անոնք նուազեցնեն կամ դադրեցնեն ռուսական քարիւղի իրենց ներածումները: Հանրապետական եւ դեմոկրատական ծերակուտականներու ներկայացուցած բանաձեւը թիրախ կը դարձնէ նաեւ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, զինուորական հրամանատարներ, դրամատուներ եւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ գործող...

Ռուսիա Ուքրանիան Կը Հարուածէ Մեծագոյն  Թիւով Հեռահար Հրթիռներով

Ռուսիա Ուքրանիան Կը Հարուածէ Մեծագոյն Թիւով Հեռահար Հրթիռներով

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը երէկ յայտարարած է, որ Ռուսիա Ուքրանիոյ դէմ իրականացուցած է պատերազմի սկիզբէն ի վեր ամէնէն մեծ հեռահար հրթիռային յարձակումը: «Ռուսիան պատերազմի սկիզբէն ի վեր կիրարկեց հեռահար հրթիռներու մեծագոյն քանակը` մօտ չորս տասնեակ` Ուքրանիոյ մայրաքաղաքին դէմ իրականացուած դաժան ահաբեկչական յարձակման ընթացքին, որուն պատճառով մարդիկ զոհուեցան եւ վիրաւորուեցուն», «Էքս»-ի մէջ գրած է Անտրիյ Սիպիհա: Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւին եւ...

Նախագահ Աուն Ուաշիկթըն Կ՛այցելէ

Նախագահ Աուն Ուաշիկթըն Կ՛այցելէ

Շուրջ 20 տարիէ ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինը եղող քայլով մը, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ առաւօտեան առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի ընկերակցութեամբ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ուր երեքշաբթի օր Սպիտակ տան մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Անցեալ շաբաթ նախագահի գրասենեակը հաղորդեց, թէ Աուն ըսած է, որ Թրամփէն պիտի խնդրէ «Իսրայէլի վրայ անհրաժեշտ ճնշումը բանեցնել»` գործադրելու համար...

Լաւրով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Աջակցելու  Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Փոխադրամիջոցային  Եւ Տնտեսական Հաղորդակցութիւններու Կարգաւորման»

Լաւրով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Աջակցելու Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Փոխադրամիջոցային Եւ Տնտեսական Հաղորդակցութիւններու Կարգաւորման»

Ռուսիան պատրաստ է աջակցելու Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու կարգաւորման, մարդասիրական հարցերու լուծման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Ռուսիան հետեւողականօրէն կ՛աջակցի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ջանքերուն` ուղղուած յարաբերութիւններու լիարժէք համապարփակ կարգաւորման` 2020 եւ 2022...

Ակնարկ.  Կազա, Սուրիա Եւ Լիբանան Եռանկիւնը`  Թուրքիոյ Եւ Իսրայէլի Միջեւ

Ակնարկ. Կազա, Սուրիա Եւ Լիբանան Եռանկիւնը` Թուրքիոյ Եւ Իսրայէլի Միջեւ

Իսրայէլի պաշտպանութեան գերատեսչութեան ղեկավարին յայտարարութիւնը,  Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակիցին հետ ունեցած  հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին, քանի մը բաժին ունի: Իրեն ներկայացուցած է Իրանի մէջ ամերիկեան զինուորական գործողութիւնները: Ան, իր կարգին, զեկուցած է Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի մէջ «ահաբեկչական» կողմերու դէմ Իսրայէլի գործողութիւններուն մասին եւ ընդգծած,  որ Իսրայէլ վճռակամ է մնալ Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի ապահովական շրջաններուն մէջ: Այս ամփոփ հրապարակումը քանի...

Ուաշինկթըն Իրանի Մէջ 6 Կամուրջներ  Ռմբակոծեց, Իսկ Թեհրան, Սուրիան, Յորդանանն  Ու Ծոցի Շրջանի Երկիրներ Հարուածեց

Ուաշինկթըն Իրանի Մէջ 6 Կամուրջներ Ռմբակոծեց, Իսկ Թեհրան, Սուրիան, Յորդանանն Ու Ծոցի Շրջանի Երկիրներ Հարուածեց

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ 8 զոհեր եւ 20 վիրաւորներ արձանագրուած են իբրեւ հետեւանք ամերիկեան շարք մը յարձակումներու, որոնք թիրախաւորած են «ենթակառոյցներ», իսկ Թեհրան թիրախաւորեց Սուրիան, Յորդանանը, Քաթարը, Քուէյթն ու Պահրէյնը: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ յարձակում գործած է Սուրիոյ Թանաֆ շրջանին մէջ ամերիկեան գործողութիւններու կեդրոնին վրայ: Յորդանանեան բանակը յայտարարեց, թէ վնասազերծած է թագաւորութեան հողերը թիրախաւորող իրանեան երեք հրթիռներ: Իրան...

Վատեֆուլ Կ՛առաջարկէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Փոխարինման  Համար Եւրոպական Ուժ Մը Լիազօրել

Վատեֆուլ Կ՛առաջարկէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Փոխարինման Համար Եւրոպական Ուժ Մը Լիազօրել

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ առաջարկեց` ապահովական բացի ստեղծումը կանխարգիլելու համար, լիազօրել Եւրոպական Միութենէն ուժ մը, որպէսզի Լիբանանի մէջ փոխարինէ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը` ՖԻՆԻՒԼ-ը, որուն լիազօրութիւնը կ՛աւարտի մօտ օրէն: Ան այս մասին յայտնեց «ՌետաքցիոնզՆեթվերք Տէօչլանտ»-ին: «Եւրոպական Միութեան մէջ պէտք է քննարկենք, եթէ կրնան ապահովել, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք եւրոպական լիազօրութեան մը ճամբով ապահովական բաց մը չի ստեղծուիր», յայտնեց...

Պայրամով. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ  Տէ Ֆաքթօ Խաղաղութիւն Է»

Պայրամով. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Տէ Ֆաքթօ Խաղաղութիւն Է»

«Վստահութեամբ կարելի է ըսել, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ տէ ֆաքթօ խաղաղութիւն է», երէկ Մոսկուայի մէջ իր ռուս պաշտօնակիցին հետ բանակցութիւններէն ետք յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը` պնդելով, որ Պաքուի նախաձեռնութիւնները նպաստած են հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման: Հակառակ այս յայտարարութիւններուն` Պաքու կը հրաժարի ստորագրել հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիրը, որ նախաստորագրուած է անցեալ տարի` Ուաշինկթընի մէջ: Անցեալ շաբաթ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն...

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Արտակարգ  Յարաբերութիւններ Ունի Հայաստանի  Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Հետ»

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Արտակարգ Յարաբերութիւններ Ունի Հայաստանի Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Հետ»

Վրաստանը առանձնայատուկ յարաբերութիւններ ունի դրացի երեք երկիրներու, Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, եւ այդ յարաբերութիւններու խորացումը կարեւոր դեր ունի երկրի կապակցուածութեան ու տարանցիկ գործառոյթի զարգացման համար: Այս մասին «Իմետի ԼԱՅՎ» հաղորդման ընթացքին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ: Վրաստանի վարչապետին համաձայն, ենթակառոյցներուն մէջ իրականացուող լայնածաւալ ներդրումները պիտի նպաստեն երկրի տարանցիկ գործառոյթի հետագայ զարգացման: «Ասոնք ենթակառոյցներուն մէջ իրականացուող շատ մեծածաւալ ներդրումներ...

Թեհրան. «Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու Հետ  Բանակցելու Որեւէ Ծրագիր Գոյութիւն Չունի»

Թեհրան. «Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցելու Որեւէ Ծրագիր Գոյութիւն Չունի»

Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը կը շարունակեն փոխադարձ յարձակումները: Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Կեդրոնի հրամանատարութիւնը Իրանի դէմ հարուածներու երեկոյեան ալիքը աւարտած է 15 յուլիսին` Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափի ժամանակացոյցով ժամը 21:00-ին: Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը հարուածած են իրանեան հրամանատարական կեդրոններ, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու, հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու տեղակայման վայրեր, ինչպէս նաեւ առափնեայ դիտակէտեր»: Ամերիկեան բանակի...

Քաց Հեկսեթին.  «Իսրայէլ Վճռակամ Է Մնալ Սուրիոյ, Կազայի  Եւ Լիբանանի Ապահովական Շրջաններուն Մէջ»

Քաց Հեկսեթին. «Իսրայէլ Վճռակամ Է Մնալ Սուրիոյ, Կազայի Եւ Լիբանանի Ապահովական Շրջաններուն Մէջ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի գրասենեակը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Քացին ներկայացուցած է Իրանի մէջ ամերիկեան զինուորական գործողութիւնները: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի գրասենեակը աւելցուց, որ Քաց Հեկսեթին ներկայացուցած է Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի մէջ «ահաբեկչական» կողմերու դէմ Իսրայէլի գործողութիւնները: Ան ընդգծած է, որ Իսրայէլ վճռակամ է մնալ Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի ապահովական շրջաններուն...

Հուսի. «Իսրայէլացի Թշնամին Կը Փորձէ  Խլել Այն Զէնքը, Որ Լիբանանը Կը Պաշտպանէ»

Հուսի. «Լիբանանեան Իշխանութիւնը Թշնամիին Ենթակայութեան Ուղիով Կ՛ընթանայ»

Եմէնի Անսարուլլա շարժումի ղեկավար Ապտելմալեք Հուսի շեշտեց. «Իսրայէլի յարձակումին արդիւնաւէտ դիմակայելու գործին մէջ Հըզպալլայի հիմնարար, մեծ եւ կարեւոր դերը պատիւ է ազգին համար եւ հպարտութեան աղբիւր իսլամութեան եւ բոլոր իսլամներուն համար»` աւելցնելով. «Հըզպալլայի մեծ դիրքորոշումը Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ արաբական վարչակարգերուն, մասնաւորաբար սէուտական վարչակարգին կողմէ թիկունքէն հարուածի կ՛ենթարկուի»: «Լիբանանեան ճակատին աջակցելու հարցին մէջ Իրանի մեծ եւ պատուաւոր դիրքորոշումը պէտք է բարձր...

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաստատեց  ԹՐԻՓՓ-ի Վաւերացման Հոլովոյթը

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաստատեց ԹՐԻՓՓ-ի Վաւերացման Հոլովոյթը

«Մենք կը սկսինք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ ԹՐԻՓՓ նախագիծին շուրջ ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջագծային համաձայնագիրը վաւերացնելու հոլովոյթը, որուն ընդունումով մենք նախագիծը սահմանուած կարգով պիտի ուղարկենք Սահմանադրական դատարան»: Այս մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտնած է արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան: «Սահմանադրական դատարանին կողմէ նշեալ միջազգային պայմանագիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան չհակասող կէտեր արձանագրելու որոշման պարագային սահմանուած կարգով պիտի դիմենք...

Page 15 of 795 1 … 14 15 16 … 795

Արխիւներ