Փաքիստան. «Ուաշինկթընի Եւ Թեհրանի Հետ Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Կացութեան Եւ Մագլցումի Մեղմացման Շուրջ Քննարկումը Կը Շարունակուի»
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թահիր Անտրապի յայտնեց, որ իր երկիրը իր ամբողջ ջանքը կը թափէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները վերականգնելու համար: Ան նշեց, որ երկու կողմերուն միջեւ Հորմուզի նեղուցին մէջ կացութեան եւ մագլցումի մեղմացման շուրջ քննարկումը տակաւին կը շարունակուի: Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուց, որ Փաքիստան երկու կողմերը կը քաջալերէ ինքնազսպում ցուցաբերելու եւ փոխըմբռնման յուշագիրի գործադրման...




















