Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերու աջակցութեան խորհրդաժողովի նախապատրաստական ժողովը` մասնակցութեամբ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին:

Նախագահ Աուն նշեց, որ լիբանանցիներուն մօտ գոյութիւն ունի յստակ կամք վերակառուցելու պետութիւնը, վերականգնելու անոր հաստատութիւններուն դերակատարութիւնը եւ երկրին կարիք ունեցած բարեկարգումները կատարելու, «ինչ որ հոլովոյթ մըն է, որուն պետութիւնը իր բոլոր բեւեռներով յանձնառու է»:

«Լիբանանը յստակ ընտրութիւն կատարեց. պետութեան ընտրանքը: Պետութիւն, որ իր իշխանութիւնը կը տարածէ իր ամբողջ տարածքին վրայ, կը պաշտպանէ իր սահմաններն ու իր ժողովուրդը, պատերազմի ու խաղաղութեան հարցերուն մէջ միակ որոշում տուողն է, եւ զէնք կրելու իրաւունքը բացառապէս անոր ձեռքն է:

«Լիբանանեան բանակը Լիբանանի գերիշխանութիւնը պաշտպանելու հիմնարար յենասիւնն է եւ այն գործիքը, որուն վրայ պետութիւնը կը յենի իր իշխանութիւնը իր ամբողջ տարածքին վրայ տարածելու համար», յայտնեց Աուն:

«Ասիկա Լիբանանին պարտադրուած միջազգային պահանջ մը չէ, այլ նախ եւ առաջ լիբանանեան ընտրանք, լիբանանեան շահ եւ լիբանանցիներուն վայելող պետութեան մը կառուցման հիմնական պայման: Լիբանան սկսաւ այս ընտրանքը գետնի վրայ գործադրելու», աւելցուց ան:

«Իսրայէլի հետ կնքուած եռակողմ շրջագծային համաձայնագիրը, որ ստորագրուած է Միացեալ Նահանգներու հովանիին տակ եւ բարեկամ արաբական ու եւրոպական պետութիւններու աջակցութեամբ, նպատակ ունի դադրեցնել պատերազմը եւ անվտանգութեան ու կայունութեան նոր դարաշրջան սկսիլ:

«Բայց եւ այնպէս, փոխըմբռնումներն ու համաձայնագիրները միայն ստորագրուելով յաջող չեն. անոնք կը պահանջեն բոլոր կողմերէն յարգանք եւ գործադրութիւն: Լիբանան կատարած է իր պարտաւորութիւնները: Սակայն պարտաւորութիւններու լիարժէք իրականացումը եւ կայունութեան ամրապնդումը չեն կրնար իրականացուիլ, քանի տակաւին Իսրայէլի յարձակումն ու խախտումները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի որոշ հատուածներու բռնագրաւումը կը շարունակուին», շեշտեց նախագահը:

«Մեր ընկերներէն ու գործընկերներէն կը խնդրենք յստակ դիրքորոշում` օգնութիւն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու լիարժէք գործադրութեան գործին մէջ եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը իբրեւ անխախտ ու ընտրողականութեան ենթակայ չեղող սկզբունք դիտարկելու հարցին մէջ:

«Այս դիրքորոշումը պահանջելով` մենք զայն կը շեշտենք այն ժողովուրդին համար, որ բազմիցս ապացուցած է իր դիմացկունութիւնը դժուարագոյն հանգամանքներուն առջեւ: Սակայն այս դիմացկունութիւնը պէտք չէ պատրուակ դառնայ անոնց տառապանքները հանդուրժելու համար, կարծէք անոնք բնական ըլլային: Լիբանանի ժողովուրդը իրաւունք ունի ապրելու անվտանգութեան ու խաղաղութեան մէջ եւ ունենալու պետութիւն, որ կրնայ պաշտպանել եւ ծառայել անոնց», ըսաւ ան:

«Աշխարհը այսօր կը տեսնէ այն, ինչ որ բանակը կը կատարէ, հակառակ իր ներուժի սահմանափակութեան: Մինչ այսօր բանակը քիչով կ՛իրագործէ, կրնայ անոր կրկնապատիկը իրագործել, եթէ անհրաժեշտ կարելիութիւնները ապահովուին», նշեց Աուն:

«Լիբանանը այսօր չի գար իր գործընկերներէն խնդրելու պատասխանատուութիւնը իր տեղ ստանձնել: Մենք կը ստանձնենք մեր պատասխանատուութիւնը` քաղաքական որոշումներու կայացման, տնտեսական ու ֆինանսական բարեփոխումներու, պետական հաստատութիւններու վերակառուցման եւ անոնց ներկայութեան ու արդիւնաւէտութեան ամրապնդման գործին մէջ: Մենք բարեկամներէն կը խնդրենք, որ անոնք համընթաց քալեն այս ուղիով եւ աջակցին մեր զինուորական եւ ապահովական կառոյցներուն այն ամէնով, ինչ որ անհրաժեշտ է` իրենց վրայ դրուած աճող պատասխանատուութիւնը կատարելու համար:

«Ասիկա նաեւ ներդրում է, որ կը գերազանցէ Լիբանանի սահմանները: Լիբանանի կայունութիւնը շրջանի կայունութեան մաս կը կազմէ: Անցնող տարիները ապացուցած են, որ Լիբանանի մէջ պետութեան թուլութեան հետեւանքները չեն դադրիր անոր սահմաններով, եւ որ անվտանգութեան որեւէ բաց կրնայ արագօրէն վերածուիլ շրջանին համար աւելի լայն անկայունութեան աղբիւրի», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը:

«Մեր այսօրուան հանդիպումը նախապատրաստական է, սակայն անիկա պէտք է յանգեցնէ շօշափելի արդիւնքներու: Աքապայի հոլովոյթը մեզի կարեւոր շրջանակ կը տրամադրէ գործընկերները միաւորելու, ջանքերը համակարգելու եւ կարիքներն ու առաջնահերթութիւնները միասնաբար որոշելու համար:

«Ես ձեզի յստակ հրաւէր կը յղեմ. որ Փարիզի հանդիպումէն դուրս գանք բանակին եւ ներքին անվտանգութեան ուժերուն աջակցելու միջազգային խորհրդաժողովի ճամբու քարտէսով եւ ատոր գումարման յստակ ժամանակացոյցով: Այս ճամբու քարտէսը պէտք է ստեղծէ մեր զինուորական ու ապահովական հաստատութիւններուն աջակցելու երկարաժամկէտ մօտեցում: Լիբանան պատահական կամ ժամանակաւոր օգնութիւն կամ լուծումներ չի փնտռեր, այլ երկարաժամկէտ գործընկերութիւն` յստակ իր պարտաւորութիւններով եւ շարունակականութեամբ, որ մեր զինուորական ու ապահովական հաստատութիւններուն կ՛արտօնէ ծրագրել եւ զարգացնել իրենց կարողութիւնները, եւ ոչ թէ պարզապէս մէկ ճգնաժամէն միւսը կառավարել իրենց կարիքները», նշեց ան:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր կարգին շեշտեց «լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածելու կարեւորութիւնը»` նշելով, որ «այսօր Լիբանանի մէջ ապահովութիւնը վերականգնելու առիթ գոյութիւն ունի»:

«Անհրաժեշտ է, որ Իսրայէլ յարգէ շրջագծային համաձայնութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ ամերիկեան ղեկավարութեան հետ հաղորդակցութիւններ տեղի պիտի ունենան «այդ հարցը իրագործելու եւ վստահ ըլլալու, թէ Իսրայէլ կը յարգէ իր ստորագրածը»:

«Ասիկա նախ եւ առաջ կը նշանակէ իր բռնագրաւած հողերէն աստիճանական հեռացում, եւ լիբանանեան պետութիւնը ստանձնէ հարցերը, եւ երկրորդ ու միաժամանակ կերպով, գտնել լիբանանեան զինեալ ուժերուն ու լիբանանեան բանակին յարմար պայմաններ, որպէսզի ղեկավար դիրքի վրայ ըլլան, եւ անոնց օգնել իրագործելու համար այդ մէկը` մասնաւորաբար անոնց կարողութիւններուն աջակցելով», յայտնեց Մաքրոն:

Անդրադառնալով յետՖԻՆԻՒԼ-եան փուլին եւ մատնանշելով, որ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնիի հետ այս փուլին վրայ աշխատած է, Ֆրանսայի նախագահը ըսաւ. «Հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային ուժերուն առաքելութեան աւարտը մեծ սխալ մըն է, եւ պէտք է մեր կողմէ յաջորդ օրուան պատրաստուինք»:

«Միջազգային ուժերը չեն կրնար լիբանանեան բանակին այլընտրանք ըլլալ, եւ հետագայ փուլին այդտեղ գտնուող ուժերը ներկայ պիտի ըլլան աջակցելու բանակին, որ իր աշխատանքը պիտի կատարէ եւ պարտաւորութիւնը իրագործէ», նշեց Մաքրոն:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը շեշտեց. «Լիբանանեան բանակը Լիբանանի անվտանգութեան եւ կայունութեան սիւնն է»:

«Ժողովականները պատասխանատուութիւն ունին կարելի եղածին չափ շուտ ամրապնդելու եւ հզօրացնելու լիբանանեան բանակը, որպէսզի կարենայ հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բռնագրաւուած հողերուն վերահսկել», նշեց թագաւորը:

«Այս տարուան վերջաւորութեան այլ թուական մը պիտի ճշդուի իրագործուածը ներկայացնելու համար», ըսաւ Ապտալլա Բ.:

Մաքրոն յայտարարեց. «Փարիզ այսօր կը հանդիսանայ մեր գործընկերներու հանդիպման վայր` Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդման եւ զայն իր ապահովութիւնը ամբողջական կերպով երաշխաւորելու կարող դարձնելու համար»:

«Լիբանան, որ խաղաղութիւն կը վայելէ, ամբողջ Միջին Արեւելքի համար վերանորոգ յոյս կը ներկայացնէ, որովհետեւ գերիշխանութիւն ու կայունութիւն վայելող Լիբանանը ամբողջ շրջանին մէջ դէպի խաղաղութիւն ու կայունութիւն վճռական քայլ կը ներկայացնէ», ըսաւ ան:

«Լիբանանի նախագահին եւ Յորդանանի թագաւորին հետ գործակցաբար եւ Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ մեր միջազգային գործընկերներուն հետ սերտ համակարգումով կ՛աջակցինք լիբանանեան զինեալ ուժերուն, որոնք Լիբանանի բոլոր հողերուն վրայ լիբանանեան պետութեան իշխանութեան տարածման համար անփոխարինելի է», նշեց Ֆրանսայի նախագահը:

Նախագահ Աուն Փարիզէն մեկնելէ առաջ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց Փարիզի ժողովի ընթացքին քննարկումներուն ընթացքէն` բարձր գնահատելով Ֆրանսայի նախագահին եւ Յորանանի թագաւորին այս ժողովը պատրաստելու ջանքերը եւ Լիբանանին աջակցիլ շարունակելու անոնց նախանձախնդրութիւնը:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովին մասնակից պետութիւններուն ու միջազգային կազմակերպութիւններուն` այդ մէկը նկատելով յարգանք այդ կողմերուն մօտ Լիբանանի վայելած կարգավիճակին:

Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ ժողովի ընթացքին լիբանանեան պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած լիբանանեան բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կարիքները անհրաժեշտ դրական ընկալման արժանանան եղբայրական ու բարեկամ պետութիւններու եւ կողմերու կողմէ, ինչ որ կ՛արտօնէ ամրապնդել զինուորական ու ապահովական հաստատութիւններու կարողութիւնները եւ զանոնք կարող դարձնել իրենց ազգային առաքելութիւնը կատարելու:

Նախորդը

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում

RelatedPosts

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
Պայրագտարեան Կոչ Ուղղեց Մարզիկներուն  Հոգեկան Առողջութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Կոչ Ուղղեց Մարզիկներուն Հոգեկան Առողջութիւնը Պաշտպանելու

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.