Չորս անգամ Եւրոպայի ախոյեան եւ աշխարհի ախոյեանութեան 4 անգամ պրոնզէ մետալակիր Արսէն Յարութիւնեան նուաճեց «Ռիլ Ամերիքըն Ֆրիսթայլ» (ՌԱՖ) լիկայի թեթեւագոյն կշիռի ախոյեանութեան գօտին:
Մայեմիի մէջ տեղի ունեցած «ՌԱՖ 13» մրցաշարքի գլխաւոր տիտղոսի մենամարտին, 26 տարեկան հայ ըմբիշը պարտութեան մատնեց ամերիկացի Օսթըն Տէ Սանթոն:
Առաջին ռաունտին 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Արսէն Յարութիւնեան կորսնցուց իր առաւելութիւնը, բայց 3-րդ եւ վճռական ռաունտին ան կրցաւ 6-3 արդիւնքով յաղթել եւ դառնալ ախոյեան:
Ասիկա Տէ Սանթոյի առաջին պարտութիւնն էր 3 յաջորդական յաղթանակներէ ետք, եւ քանի մը ամիս առաջ ան Փան-Ամերիքըն խաղերու ախոյեան դարձած էր:
Հազիւ շահած տիտղոսը, Արսէն Յարութիւնեան իր յաղթանակը նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հայ ժողովուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով, նուիրումով եւ հաստատ կամքով կը քալեն իրենց նպատակներուն եւ երազներուն իրագործման հասնելու: «Թող իւրաքանչիւրիս յաղթանակը դառնայ մեր ժողովուրդի հպարտութեան եւ միասնութեան մէկ մասնիկը», նշեց Արսէն Յարութիւնեան:
Աւելի ուշ, Յարութիւնեան ընկերային ցանցերու վրայ գրեց. «Ախոյեանութեան գօտին Հայաստան կը բերեմ: Ինծի համար մեծ պատիւ է դառնալ ՌԱՖ-ի առաջին ոչ ամերիկացի ախոյեանը»:
Նշենք, որ Արսէն Յարութիւնեան անցեալ 27 օգոստոսին այցելած էր Լիբանան` ստանալու համար Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:


