Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանը Դարձեալ Ընդունած Է Ազրպէյճանը Դատապարտող Բանաձեւ Մը` Պահանջելով Պատժամիջոցներ Հաստատել

December 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 19 դեկտեմբերի լիագումար նիստին ընթացքին, 434 թեր, 30 դէմ եւ 89 ձեռնպահ քուէներով Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է Ազրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան եւ անկախ լրատուամիջոցներու շարունակական ճնշման վերաբերեալ բանաձեւ մը: Այս քուէարկութեան նախորդած էր 18 դեկտեմբերին նոյն նիւթով խորհրդարանական քննարկում:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամները խստօրէն կը դատապարտեն Ալիեւի վարչակարգին կողմէ մամլոյ ազատութեան եւ այլախոհութեան ճնշումը` Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով` նպատակաուղղուած պատժամիջոցներ հաստատել Ազրպէյճանի պաշտօնատարներուն դէմ, որոնք կը խախտեն մարդու իրաւունքները: Խորհրդարանը կ՛առաջարկէ նաեւ կասեցնել ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան մասին 2022 թուականի փոխըմբռնման յուշագիրը: Բանաձեւին մէջ խորհրդարանականները կը պնդեն` Ազրպէյճանը պէտք է «անվերապահօրէն ազատ արձակէ քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալուած իրաւապաշտպանները, լրագրողները, քաղաքացիական եւ քաղաքական գործիչները, վերցնէ անոնց դէմ ուղղուած բոլոր մեղադրանքները»:

Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն դատապարտած է Ազրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան, անկախ լրատուամիջոցներու եւ քաղաքական ընդդիմութեան նկատմամբ շարունակուող ճնշումները: Բանաձեւը կ՛ընդգծէ 2023 թուականէն ի վեր սրացող բռնաճնշումները, որոնք յատկապէս ուժեղացած են ՔՈՓ29 վեհաժողովին շուրջ, եւ կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր քաղաքական բանտարկեալները: Բանաձեւը նաեւ կ՛ընդգծէ բանտարկեալներու մարդու իրաւունքներու կանոնաւոր խախտումը, ներառեալ կալանքի անմարդկային պայմանները, խոշտանգումները եւ կին քաղաքական բանտարկեալներու նկատմամբ նպատակաուղղուած ոտնձգութիւնները:

Կարեւոր է, որ բանաձեւին մէջ կը յիշատակուին 23 հայ գերիները, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի չճանցչուած հանրապետութեան նախկին ղեկավարները, կոչ կ՛ուղղուի անյապաղ ազատ արձակելու զանոնք, երկրի բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն հետ միասին: 18 դեկտեմբերին խորհրդարանական քննարկման ժամանակ քանի մը խորհրդարանականներ բարձրացուցած են հայ պատանդներու հարցը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան դէմ ուղղուած յարձակումի եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման քաղաքականութիւնը: Այդ ծիրին մէջ պատգամաւոր Պերթ-Եան Ռուսիեն կարեւոր նկատած է Եւրոպական խորհրդարանի «մօտեցման փոփոխութիւնը» եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու ընդլայնումը, մասնաւորաբար յղում կատարելով հայութեան բռնի արտաքսման: Մէկ այլ խորհրդարանական` Մարինա Մեսուրէն յայտարարած է. «Մարդու իրաւունքները կանոնաւոր կերպով կ՛ոտնահարուին, Ազրպէյճանը ամէնէն վատ երկիրներէն մէկն է, երբ խօսքը կը վերաբերի մամլոյ ազատութեան, Հիումըն Ռայց Ուաչը արձանագրած է խոշտանգումներու եւ նուաստացնող վերաբերմունքը բանտարկեալներու նկատմամբ, որոնք կալանաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործողութիւններէն ետք»: Խորհրդարանականը դատապարտած է «հայ դրացիներու նկատմամբ բռնաճնշումներու քաղաքականութիւնը»:

Մեկնաբանելով բանաձեւը` ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշած է. «Այս բանաձեւը կ՛ընդգծէ Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինին կողմէ համապարփակ եւ արդիւնաւէտ միջոցներ ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը` Ալիեւի վարչակարգը ետ պահելու իր բռնաճնշումներու եւ անարդարութեան քաղաքականութենէն: Ընդդիմադիր գործիչներու եւ լրագրողներու նկատմամբ աճող բռնաճնշումները եւ անմարդկային պայմանները, որոնց մէջ կալանաւորուած են քաղաքական բանտարկեալները, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարները եւ այլ կեղծ գործերով բանտարկուած հայերը, կը ներկայացնեն Եւրոպական Միութեան հիմնարար սկզբունքներու եւ արժէքներու խախտում: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը յանձնառու է ապահովել, որ այս արժէքները պաշտպանուին, եւ մենք պիտի շարունակենք մեր գործողութիւններուն մէջ ընդգծել մամլոյ ազատութեան, արդարադատութեան եւ մարդու իրաւունքներու միջազգային սկզբունքները»:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

19 դեկտեմբեր 2024

Նախորդը

Փաթել. «Հայաստան-Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Կը Շարունակէ Կենսական Նշանակութիւն Ունեցող Ոլորտ Մնալ Ուաշինկթընի Համար»

Յաջորդը

Պաքու Ապօրինաբար Կալանքի Տակ Պահուող 15 Արցախցի Կը Մեղադրէ Քրէական Գործի 2548 Կէտով

RelatedPosts

Խմբագրական.  Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)

September 19, 2026
Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.