Ուալիտ Ժոմպլաթի գլխաւորութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքէն երեսփոխաններու եւ տիւզի շէյխերու, երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար, Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ահմետ Շարհի (Ապու Մոհամետ Ժուլանիի) հետ:
Շարհ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիան մտահոգութիւն եւ նեղութիւն պատճառելու աղբիւր էր, եւ լիբանանեան հարցերուն մէջ անոր միջամտութիւնը ժխտական էր: Սուրիական վարչակարգը սպաննեց Քամալ Ժոմպլաթը, Պաշիր Ժեմայելն ու Ռաֆիք Հարիրին»:
«Մեր ճակատամարտը շրջանը փրկեց շրջանային մեծ պատերազմէ եւ թերեւս ալ համաշխարհային պատերազմէ, եւ Սուրիան այժմ նոյն հեռաւորութեան վրայ կը կանգնի Լիբանանի մէջ բոլոր կողմերէն, եւ նախկինին նման որեւէ ժխտական միջամտութիւն պիտի չըլլայ», ըսաւ ան:
«Սուրիան մուտք գործեց պետութեան կառուցման եւ վրիժառութենէն հեռանալու փուլ, եւ մենք կը յարգենք Լիբանանի գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը», յայտնեց Շարհ:
«Նոր ժամանակաշրջանին Սուրիան Լիբանանի մէջ բոլորէն մէկ հեռաւորութեան վրայ կը կանգնի, եւ բացարձակապէս Լիբանանի մէջ ժխտական միջամտութեան պարագայ պիտի չըլլայ», նշեց ան:
«Միջազգային ընտանիքը 14 տարի ձախողեցաւ սուրիական խնդիրը լուծել, եւ մենք այլ ուղի որդեգրեցինք` քաջ գիտակցելով, որ ժողովուրդները իրենց իրաւունքը միայն իրենց ձեռքով կ՛առնեն», շեշտեց Շարհ:
«Լիբանանը ուժեղ տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան կայունութեան կարիք ունի, եւ Սուրիան անոր թիկունք պիտի ըլլայ: Կը մաղթեմ, որ նախկին Սուրիոյ յիշողութիւնը լիբանանցիներուն միտքերէն ջնջուի», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով Լիբանանի շիիներուն հետ հաշտութեան հարցին` Շարհ նշեց. «Շիիները լիբանանեան հասարակութեան մէկ մասն են, եւ նոր էջ պիտի բանանք Լիբանանի բոլոր կողմերուն հետ, անկախ այն ինչէն, որ նախապէս տեղի ունեցաւ, պայմանով, որ լիբանանեան որեւէ կողմ անգամ մը եւս Սուրիոյ մէջ կռիւին մասնակից չդառնայ»:
Ան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ համայնքային պառակտումը վերջ գտնէ եւ ատակութիւնը փոխարինէ բաժնկցութեան` վստահեցնելով, որ Լիբանանը Սուրիոյ համար ռազմավարական խորք եւ Սուրիոյ կողը կը ներկայացնէ, ինչ որ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական եւ սերտ յարաբերութիւններ կը պահանջէ:
Շարհ շեշտեց, որ Սուրիան Լիբանանի մէջ մէկ կողմի պիտի չաջակցի ի վնաս ուրիշ կողմի` վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը յարգելու շրջանին մէջ համայնքային ու մշակութային բազմազանութիւնը` ընդգծելով, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը «կը պաշտպանէ բոլոր համայնքներու եւ ազգերու իրաւունքները»:
Ուալիտ Ժոմպլաթ իր արտասանած խօսքին մէջ ողջունեց սուրիացի ժողովուրդը` «իր արձանագրած մեծ յաղթանակին առիթով, եւ ձեզ կ՛ողջունենք տառապանքէն ու բռնապետութենէն ձերբազատուելու նպատակով ձեր մղած ճակատամարտին համար»:
«Ճամբան երկար է, եւ մենք ու դուք կը տառապինք իսրայէլեան ընդարձակումէն, եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքին անունով լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններուն շուրջ յուշագիր պիտի ներկայացնեմ», ըսաւ ան:
«Կը մաղթենք, որ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները դիւանագիտական յարաբերութիւններու ճամբով իրենց բնական հունին վերադառնան, ինչպէս նաեւ կը մաղթենք, որ հաշուետուութեան ենթարկուին բոլոր անոնք, որոնք լիբանանցիներուն դէմ ոճիր գործեցին, նաեւ կը յուսանք, որ արդար դատի ենթարկուին անոնք, որոնք սուրիացի ժողովուրդին դէմ ոճիր գործեցին, եւ կարգ մը արգելափակման ճամբարները պատմութեան թանգարանի վերածուին», ըսաւ ան:
«Սուրիացի ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրները կը նմանին Կազայի եւ Պոսնիոյ մէջ գործուած ոճիրներուն, որոնք մարդկութեան դէմ ոճիրներ են», յայտնեց Ժոմպլաթ:
Լիբանանի մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա իր կարգին յայտնեց. «Ժամանակէն առաջ շարժելով կ՛ըսեմ, որ կրնանք գումարել հոգեւոր գերաժողով մը, որ կը միախմբէ երկու երկիրներու հոգեւոր պետերը` վստահութեան ոգին բարձրացնելու համար»:
Հանդիպումի աւարտին Ժոմպլաթ յայտնեց. «Հանդիպումը հոյակապ էր, եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ նոր էջ բացինք: Ես ամբողջական Սուրիա եկայ եւ ոչ թէ միայն Սուէյտա»: