Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար, Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ահմետ Շարհի հետ:
Սաֆատի հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ քննարկեցի ահաբեկչութեան հարցը, եւ միասնաբար պիտի կանգնինք անոր դէմ, որովհետեւ բոլորիս սպառնացող վտանգ է, եւ համաձայն ենք աջակցելու սուրիացի ժողովուրդին վերաշինելու իր հայրենիքն ու պետութիւնը, որպէսզի ըլլայ կայուն ու ազատ պետութիւն»:
«Կը զօրակցինք Սուրիոյ մէջ փոխանցման հոլովոյթին ու երկրին նոր սահմանադրութեան պատրաստման, եւ Սուրիոյ մէջ նոր վարչակազմը պէտք է իր ժամանակը առնէ իր ծրագիրները մշակելու համար», ըսաւ Սաֆատի:
«Սուրիացի գաղթականները կ՛ուզեն իրենց հայրենիք վերադառնալ, սակայն վերադարձը պէտք է կամաւոր եւ անվտանգ ըլլայ», նշեց յորդանանեան դիւանագիտութեան պետը:
«Սուրիացիներուն պիտի օգնենք վերաշինման հոլովոյթին մէջ եւ միշտ պիտի կանգնինք սուրիացի ժողովուրդի կողքին: Կը յուսանք, որ գոյանայ կառավարութիւն մը, որ Սուրիոյ մէջ բոլորը կը ներկայացնէ», աւելցուց Սաֆատի:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պետական նախարար Մոհամետ Խլէյֆիի գլխաւորութեամբ քաթարեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը իր կարգին երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ սուրիացի պաշտօնատարներու հետ:
Շարհ յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ յառաջիկայ փուլը բացառապէս բարգաւաճման յատկացուած պիտի ըլլայ, եւ Քաթարը անոր մէջ ազդու դերակատարութիւն պիտի ունենայ»:
«Արապիա» եւս հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ արքունիքէն խորհրդականի մը գլխաւորութեամբ սէուտական պատուիրակութիւն մը այցելած է Դամասկոս եւ հանդիպում ունեցած Ահմետ Շարհի հետ: