Զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ դարձած բախումներէ մէկ օր ետք, Սուրիոյ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը Դամասկոսի, Հոմսի եւ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ ապահովական մեծ ուժեր տեղակայեց:
Բախումները տեղի ունեցան Լաթաքիոյ նահանգի, Թարթուսի գիւղական շրջանին, ինչպէս նաեւ Հոմսի կարգ մը թաղամասերու մէջ, Հալէպի մէջ ալեւիներու պատկանող սրբավայրի մը հրկիզման դէպքին դէմ բողոքի ցոյցերէ ետք: Հոմսի, Ժապլայի եւ Քըրտահայի մէջ ցոյցերու ընթացքին անկարգութիւններ տեղի ունեցան:
Սուրիական իշխանութիւնները հաղորդեցին, որ սրբավայրը հրկիզուած է զինուորական գործողութիւններու վարչակազմի ուժերուն Հալէպի վրայ վերահսկողութեան հաստատման օրերուն, եւ հրկիզումը կատարուած է Պաշշար Ասատի հետեւորդներուն կողմէ` սուրիացի ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ սադրանք եւ քաոս յառաջացնելու նպատակով:
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Թարթուսի գիւղական շրջանին մէջ իր անդամներէն 14-ը սպաննուած են Ասատի վարչակարգի «մնացորդ»-ին կողմէ:
Ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը բռնարարքներն ու անկարգութիւնները վերահսկողութեան տակ առնելու համար չորեքշաբթի գիշերուան ժամը 6:00-էն մինչեւ հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 8:00-ը Հոմսի, Թարթուսի, Լաթաքիոյ եւ Ժապլայի մէջ կրակմարի դրութիւն հաստատեց:
Սուրիոյ առժամեայ կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ապտելռահման երէկ յայտարարեց. «Մեր ուժերը Սուրիոյ տարածքին պիտի հետապնդեն ան, որ կը մերժէ զէնքը յանձնել»:
«Այն, ինչ որ սուրիական ծովեզերքը տեղի ունեցաւ, մեզ աւելի վճռական կը դարձնէ Ասատի վարչակարգի մնացորդը արմատախիլ ընելու», աւելցուց Ապտելռահման:
«Մենք վճռական ենք հաշուետուութեան ենթարկելու բոլոր անոնք, որոնք կը սպառնան Սուրիոյ անվտանգութեան, եւ երկիրի անվտանգութեան պահպանումը բացարձակ առաջնահերթութիւն է», շեշտեց ան:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ յաւելեալ ուժեր կը հասնին Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններ` ապահովելու համար շրջանի կայունութիւնը:
«Զինուորական յաւելեալ ուժերու տեղակայումը կը ներառէ ծովեզերքի մերձակայքն ու Թուրքիոյ հետ սահմանային գիծը», նշեց աղբիւրը:


