Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական երկխօսութեան նկատմամբ դրական տրամադրուած է, սակայն առաջին քայլը պէտք է Ուաշինկթընը կատարէ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Համաձայնութիւնները պէտք է վերացնեն տագնապին արմատական պատճառները, ատոր մէջ պէտք է ամրագրուի անխախտելիութեան մեքանիզմը», ըսած է ան:
Անդրադառնալով Վրաստանի զարգացումներուն` Լաւրով յայտնեց. «Վրացի ժողովուրդը եւ երկրի նոր իշխանութիւնները ամէն ինչ կը հասկնան եւ գերիշխան քաղաքականութիւն կը կառուցեն, որպէսզի Արեւմուտքի դրածոն չդառնան եւ յառաջ շարժին»:
«Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը կը փորձեն Թիֆլիսը կանգնեցնել կեղծ երկընտրանքի առջեւ` մեզի հետ, թէ մեր դէմ, մինչդեռ վրացական իշխանութիւնները, կարծես թէ, կ՛ուզեն կառուցել ինքնիշխան քաղաքականութիւն, որ կը համապատասխանէ ազգային շահերուն, եւ ոչ թէ պիտի ըլլան գրաւի տակ: Արեւմտեան երկիրներու ձեռքերը Վրաստանը կը մղեն դէպի ապակայունացում, տնտեսական խնդիրներ, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացում, ես չեմ կասկածիր, որ վրացի ժողովուրդը ամէն ինչ կը հասկնայ եւ յառաջ պիտի երթայ», նշած է նախարարը:
Վրաստանի մէջ տեղի ունեցողի լոյսին տակ Լաւրովին հարցում ուղղուած է, թէ Արեւմուտքը ե՞րբ պիտի դադրի Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ գունաւոր յեղափոխութիւններու փորձեր կատարելէ:
«Այդ հարցումը պէտք է ուղղել արեւմտեան քաղաքական գործիչներուն: Պետութիւններու, ներառեալ մեր ամէնէն մօտ դրացիներու ներքին գործերուն խառնուիլը շատոնց եղած է անոնց արտաքին քաղաքականութեան զինանոցին մէկ մասը», պատասխանած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Ան նշած է, որ երկար տարիներ Ուաշինկթընն ու անոր արբանեակները կ՛օգտագործեն այդ գործիքը` աշխարհաքաղաքական մրցակիցները զսպելու եւ անցանկալիները վերացնելու համար:
«Ատիկա կը հաստատեն Եուկոսլաւիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ օրինակները», աւելցուցած է նախարարը:
«Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի արագ տապալումը երկրին մէջ ընկերային խնդիրները լուծելու անոր անկարողութեան հետեւանքն էր», նշեց Լաւրով:


