Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար, Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Թեհրան կամ հարաւային Լիբանան մուտք չգործեցինք, այլ` մեր քաղաքները եւ գիւղերը»:
«Կ՛ուզենք Իրանի հետ հաստատել յարաբերութիւններ, որոնք կը յարգեն Սուրիոյ ներքին հարցերը», ըսաւ Շարհ` աւելցնելով. «Իրանեան դեսպանատունը պաշտպանեցինք իբրեւ պետութիւն մեր պարտաւորութեան ծիրին մէջ»:
«Ռուսիան աշխարհի վրայ երկրորդ հզօրագոյն պետութիւնն է եւ մեծ կարեւորութիւն ունի», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Ռուսիոյ Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն ոչ վայել ձեւով հեռացում մը չենք ուզեր»:
Շարհ սուրիացիներուն կոչ ուղղեց ինքնազսպումի եւ համայնքային վէճերը մերժելու:
«Կ՛ողջունենք Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու` սուրիական բանակին մէջ համարկումը», նշեց ան:
Մինչ այդ, յորդանանեան «Ամուն» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Շարհի կողմէ յայտարարուած` զինուորական աստիճանի բարձրացում ստացած անձերու շարքին է պաղեստինեան ծագումով յորդանանցի Ապտելռահման Հիւսէյն Խաթիպը, որ ծանօթ է Ապու Հիւսէյն Ուրտունի անունով: Ան Շարհին խիստ հաւատարիմ եւ սալաֆական-ժիհատական ուղղուածութեամբ ծանօթ զինուորական ղեկավար մըն է:
Սուրիական լրատուամիջոցներ իրենց կարգին հաղորդեցին, որ Մայսա Սապրին նշանակուած է Սուրիոյ կեդրոնական դրամատան կառավարիչ` դառնալով առաջին կինը, որ այդ պաշտօնը կը ստանձնէ:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Շարհ երէկ հանդիպում ունեցած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյի Սիպիհայի գլխաւորութեամբ ուքրանական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը հետ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Հասան Շիպանի Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Կը սկսինք նոր պատմութիւն մը, ուր կը փակենք Սուրիոյ մէջ նախկին վարչակարգին էջը»:
«Ուքրանիոյ հետ քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային մակարդակներու վրայ ռազմավարական գործընկերութիւն պիտի ըլլայ», նշեց ան:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին նշեց. «Եթէ կարողանաք ռուսերը ձեր հողերէն դուրս բերել, պիտի երաշխաւորէք ձեր եւ դրացի երկիրներուն անվտանգութիւնը»:
«Սուրիոյ նոր վարչակազմին հետ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան կը ձգտինք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սուրիոյ նոր վարչակազմին նախկին վարչակարգին ու Ռուսիոյ ոճիրներու ապացոյցներու հաւաքման, հետաքննութեան եւ հետապնդման ոլորտին մէջ օգնութիւն կ՛առաջարկենք»:
«Ռուսիան եւ Ասատի վարչակարգը մեղսակից են Սուրիոյ մէջ ահաւոր արարքներու գործադրութեան», աւելցուց Սիպիհա:
«Կը հաւատանք, որ ուքրանական-սուրիական յարաբերութիւնները մեծ զարգացում պիտի արձանագրեն», նշեց ուքրանական դիւանագիտութեան պետը:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Պաղտատի կարծիքով` Սուրիոյ կայունութիւնը շրջանի կայունութեան մէկ անբաժանելի մասն է»:
«Անհրաժեշտ է սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում գտնել եւ յարգել սուրիացի ժողովուրդի կամքը` արտաքին միջամտութիւններէ հեռու մնալով», շեշտեց նախարարութիւնը:
Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Մահմուտ Շամահտանի իր կարգին «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Զգուշացուցինք Սուրիան փոքրամասնութիւններու իրաւունքները չյարգելու հետեւանքէն»:
Գերմանիոյ տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման նախարար Սվենիա Շուլցէ «Ռետաքցիոնզնեցվերք Տէօչլանտ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութիւնը պիտի մասնակցի Սուրիոյ ցուցաբերուող օգնութեան քանի մը նախագիծի: Այդ նպատակներուն համար պիտի յատկացուի 60 միլիոն եւրօ: Այդ գումարը անմիջականօրէն պիտի չուղարկուի Սուրիոյ իշխանութիւններուն:
Սուրիոյ վերականգնման նախագիծերը, որոնց Պերլին պիտի մասնակցի, պիտի գործադրուին ոչ կառավարական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու միջոցով, ինչպէս` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը եւ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը:


