Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2025-ի Նոր Տարուան Անդրանիկ Սուրբ Պատարագը Մատուցուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

January 3, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու ու հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, չորեքշաբթի, 1 յունուար 2025-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ 2025-ի Նոր տարուան անդրանիկ սուրբ եւ անմահ պատարագը. պատարագիչն էր Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան անդամ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեան:

Սուրբ պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական հաւաք, որուն ընթացքին Սարգիս վրդ. Աբրահամեան, յանուն միաբանութեան եւ ժողովրդեան, ընթերցեց ուղերձ: Իր խօսքին մէջ հայր սուրբը ըսաւ. «Երբ Նոր տարուան խրախճանքներն ու խանդավառութիւնները մեղմացած են, յագեցած ենք շողշողուն մթնոլորտէ եւ կը պատրաստուինք դիմաւորել Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը, պէտք է լրջօրէն վերատեսութեան ենթարկել անցեալ տարուան մեր ձախորդութիւնները եւ ծանրութեթեւի ենթարկել մեր հաւաքական թէ անհատական կեանքի զիջումները ու նահանջները»: Հայր սուրբը ըսաւ, որ մեր կեանքին մէջ պէտք է միասնական ոգիով գործել ու միակամ շարժիլ, գիտակից մօտեցումով երեւոյթներուն նայիլ, մեր դիմաց բացուած առիթները լաւագոյնս օգտագործել եւ անցեալի վաստակով չբաւարարուիլ:

Ապա, ներկաներուն իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Նախ եւ առաջ ան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին, որ մեզի տարի մը եւս առիթ տուաւ անդրադարձ կատարելու մեր կեանքին եւ քննելու մեր յաջողութիւններն ու ձախորդութիւնները, որպէսզի ըստ այնմ կարողանանք ուղղել զանոնք` ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն մեր ժողովրդեան: Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ հայ կեանքին մէջ կան երեւոյթներ, որոնք պէտք է վերաքննութեան ենթարկենք, որպէսզի տարուան ընթացքին փորձենք զանոնք սրբագրել` մեր ազգին բարգաւաճման ի խնդիր:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նշեց, որ 2025 տարին հայրապետական հռչակագիրով հռչակած է «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի»: Ժողովուրդի մը կեանքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն աւանդութիւնները, որոնց պահպանմամբ ու սերունդէ սերունդ փոխանցմամբ կ՛ամրապնդուի անոր հաւաքական յիշողութիւնը: Նոյնն է նաեւ մեր ազգի պարագային: Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ որքա՜ն կենսական է մեր աւանդութիւններուն պահպանումը եւ ո՛չ միայն պահպանումը, այլեւ պատմութեան փոշիներուն տակ մնացած եւ կամ մոռացութեան դատապարտուած աւանդութիւնները կեանքի կոչել, կիրարկել զանոնք մեր ներկային մէջ եւ անոնցմով դաստիարակել մեր զաւակները:

Իր խօսքի աւարտին, Նոր տարուան առիթով, վեհափառ հայրապետը շնորհաւորեց մեր ժողովուրդի զաւակները` մաղթելով ու աղօթելով, որ 2025 տարին մեր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան, մեր հայրենիքի սահմաններուն պահպանման ու ամրապնդման, սփիւռքի վերակազմակերպման եւ մեր ազգի բարօրութեան առիթ կ՛ըլլայ:

 

Նախորդը

Պարրօ – Պըրրի Հանդիպում

Յաջորդը

Թող Արդարութիւնը Յաղթանակի, Եւ Արցախցին Վերադառնայ Իր Հայրենի Բնօրրանը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 1, 2026
Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.