Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ասաատ Հասան Շիպանի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Եալչըն Ռաֆիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւումը կոչած է «շրջանին ու ամբողջ աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման համար կարեւոր իրադարձութիւն»: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Կը հաղորդուի, որ այս առիթով Շիպանի շնորհաւորած է ազրպէյճանցի ժողովուրդն ու ղեկավարութիւնը:
Ան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը «մարտական ղեկավար» կոչելով` Արցախի բռնագրաւումը համեմատած է Սուրիոյ մէջ ընդդիմութեան իշխանութեան գալուն հետ` չմոռնալով խօսիլ «դրացի պետութիւններու հետ խաղաղ գոյակցութեան» մասին:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Ռաֆիեւ Սուրիոյ վերականգնման ու վերաշինութեան մէջ իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնած է Սուրիոյ նոր կառավարութեան` նշելով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման «եւ 12 տարի ընդհատումէ ետք դեսպանատան վերաբացման կարեւորութիւնը»:
Շիպանի գնահատած է «ազրպէյճանական պետութեան սուրիացի ժողովուրդին զօրակցող դիրքորոշումը»:
«Սուրիական կառավարութեան առաջնահերթութիւնները տնտեսական զարգացումն ու շրջանին անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանումն է», շեշտած է ան:


