Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ (երկու երկիրներուն միջեւ) երկխօսութիւնը շարունակելու քաղաքական կամք ցուցաբերեցին»:
«Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ վերաբերեալ հաւասարակշռուած դիրքորոշում կը ցուցաբերեն, ինչ որ տագնապի լուծման հասնելու իսկական փափաք ցոյց կու տայ», ըսաւ Փեսքով:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Ռուսիոյ աջակցութեամբ որդեգրեց ամերիկեան որոշումի նախագիծ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ` Ուքրանիոյ մէջ կարելի եղածին չափ շուտ խաղաղութիւն հաստատելու:
«Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յաջորդ հաղորդակցութիւնները պիտի կայանան արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով մասնագէտներու մակարդակի վրայ», յայտնեց Փեսքով:
«Ամերիկացիները հազուագիւտ հանքային մետաղներու կարիքը ունին, եւ ատոնք մեծապէս ապահովուած են մեր մօտ», նշեց Ռուսիոյ նախագահի բանբերը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Թեհրան իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի Ուքրանիոյ տագնապին նկատմամբ անկողմնակալ դիրքորոշումը արտայայտող որոշումի որդեգրումը ցոյց կու տայ, թէ պատերազմին դրդապատճառները այլեւս աւելի լաւ կը հասկցուին:


