Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի Մէջ Ներկայացուցիչ Լեւոն Ամիրջանեանը

February 25, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու դեսպաններու պատուիրակութիւնը, որոնք կ՛ընկերակցէին Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի մէջ ներկայացուցիչ Լեւոն Ամիրջանեանին:

Նախագահ Աուն յայտնեց. «Լիբանանը արեւելքը արեւմուտքին կապող կամուրջ է շնորհիւ պատմութեան ընթացքին միսիոնարները ընդունելու իր դերին, ուստի օգտուեցաւ ատկէ»` նշելով. «Լիբանանի մէջ ամէնէն հին հիմնարկները եւ համալսարանները ֆրանսախօս արմատներ ունին»:

«Ֆրանսերէն լեզուն մայրենի արաբերէնէն ետք կը գրաւէ երկրորդ դիրքը, որուն կողքին կու գայ անգլերէնը», ըսաւ ան` նշելով. «Ֆրանսերէնը միայն լեզու չէ, այլ մշակութային տարածք, որ լեզուն դարձուց նորարարութեան, երկխօսութեան եւ արժէքներու աղբիւրի»:

«Պետութեան շինութեան փուլին մէջ ենք, եւ մեզի կը հետաքրքրէ իբրեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւն Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին կողքին ձեր կանգնիլը ի շահ մեր բոլորին», շեշտեց նախագահը:

Ամիրջանեան իր կարգին յայտնեց, որ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը «կը կանգնի Լիբանանի կողքին եւ կ՛աշխատի շարք մը միջոցներով անոր օգնելու: Ֆրանսայի մէջ գումարուած Ֆրանսախօս երկիրներու վերջին վեհաժողովի ընթացքին պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները համաձայնեցան Լիբանանին զօրակցութիւն ցուցաբերել` անոր յառաջընթացին համար: Կազմակերպութիւնը, պարոն նախագահ, ձեր կողքին է տրամադրելու այն ամբողջ աջակցութիւնն ու իրեն առնչուող մասնագիտութիւններու ծիրին մէջ փորձառութիւնը»:

Նախագահ Աուն աւելի ուշ մարոնի միաբանութենէն աբբահայր Հատի Մահֆուզի նախագահութեամբ պատուիրակութեան մը հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ վճռական է գործադրելու այն, ինչ որ նշուած է երդման ճառին մէջ եւ կ՛արտացոլացնէ ժողովուրդին տառապանքը, ձգտումները եւ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու պահանջները:

Ան վերահաստատեց բոլորին ուղղուած իր կոչը` իրարու թիկունք կանգնելու եւ միաւորուելու` իրագործելու համար նպատակները:

Նախագահ Աուն շեշտեց կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի նկատմամբ հաւատքը պահպանելու եւ չկորսնցնելու յոյսը, որովհետեւ հաւատքը որեւէ խնդիրի յաջողութեան համար հիմնական է:

 

Նախորդը

Սելիմ Աուն. «Ազգային Ազատ Հոսանքին Ուղղուածութիւնը Կառավարութեան Վստահութեան Քուէ Չշնորհելն Է»

Յաջորդը

Ակնարկ. Դարձեա՛Լ 9-րդ Կէտին Եւ 3+3-ին Մասին

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.