Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Կողմերու Միջեւ Վստահութեան Ամրապնդումը

Փետրուար 25, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան եւ Անգարան քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան խորացման հեռանկարը: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Անգարայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ բանակցութիւններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Առանձնակի ուշադրութիւն դարձուցած ենք կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման, ենթակառոյցներու եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու վերականգնման, գիւղատնտեսական գործունէութեան աշխուժացման հարցերուն, ներառեալ «3+3» (Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան+Իրան, Ռուսիա, Թուրքիա) շրջանային խորհրդատուական հարթակը», ըսած է Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը Ֆիտանի հետ հանդիպումը «ընդհանուր առմամբ շատ օգտակար» որակած է:

Լաւրով. «Պատրաստ Ենք Ուքրանիոյ Եւ
Եւրոպայի Հետ Բանակցելու, Սակայն…»

Լաւրով յայտնած է. «Շրջանային ու միջազգային հարցերու լայն շրջանակի մասին խօսեցանք: Հակառակ միջազգային բեմի վրայ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւններուն, ռուս-թրքական յարաբերութիւնները դրական ընթացք ունին»:

«Աշխուժ բանակցութիւններ կան երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն ու հետախուզական ծառայութիւններուն միջեւ, եւ խօսեցանք մեր երկիրներուն միջեւ գործակցութեան մասին: Մեր վերջին հանդիպումը Ճոհանեսպուրկի մէջ էր, եւ թրքական խորհրդարանի նախագահը Մոսկուա այցելեց ու հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, ան ռուսական խորհրդարանին մէջ բանակցութիւններ ունեցաւ եւ խօսեցաւ դիւանագիտական ակադեմիային մէջ: Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Մաթվիենքոն իր կարգին Թուրքիա պիտի այցելէ», ըսաւ ան:

«Խօսեցանք «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարի աշխատանքի ապահովման եւ զայն Քիեւի վարչակարգին կատարած ահաբեկչական արարքներէն պաշտպանելու մասին», յայտնեց Լաւրով:

«Որեւէ ահաբեկչական արարք ոչ միայն կազի մատակարարումներուն վրայ պիտի ազդէ, այլ նաեւ համաշխարհային շուկային մէջ կազի գիներուն վրայ: Թուրք գործընկերները տեղեակ պահեցինք Ռիատի մէջ ամերիկեան կողմին հետ բանակցութիւններէն, եւ անկախ դիրքորոշման տարբերութիւններէն` խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ եղող բնական երկխօսութեան հասնելու հեռանկարէն», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

«Խօսեցանք Ուքրանիոյ նիւթին մասին: Մեր դիրքորոշումը չփոխեցինք, սակայն գոհունակութիւն կը յայտնենք, որ կարգ մը իրատեսական վարմունքներ կան այն պետութիւններուն կողմէ, որոնք ընդունեցին այն իրականութիւնը, թէ առանց տագնապին պատճառները հասկնալու լուծում չկայ», նշեց Լաւրով:

«Պատրաստ ենք Ուքրանիոյ եւ Եւրոպայի հետ բանակցելու, սակայն զինուորական գործողութիւնները պիտի դադրին այն ժամանակ միայն, եթէ արդիւնքը Ռուսիոյ համար գոհացուցիչ ըլլայ», ընդգծեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Ֆիտան. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Միասնաբար
Կանգնի Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ
Իսրայէլեան Յարձակումներուն Դէմ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան իր կարգին յայտնեց. «Թուրքիան կ՛ողջունէ ուքրանական տագնապի լուծման բոլոր նախաձեռնութիւնները եւ մեծապէս հետաքրքրուած է ամերիկեան նախաձեռնութեամբ»: Ան նաեւ նշեց. «Այս տագնապին դիւանագիտական լուծման հասնելու մեր ջանքերը ամրապնդեցինք»:

«Տագնապին լուծման պէտք է հասնիլ երկու կողմերուն մասնակցութեամբ, եւ պատրաստ ենք այդ բանակցութիւններու յաջողութեան համար ամէն աջակցութիւն տրամադրելու, ներառեալ բանակցութիւններու համար հարթակի տրամադրումը», յայտարարեց Ֆիտան:

Միւս կողմէ, ան նշեց. «Սուրիոյ մէջ շրջանային զարգացումներուն լոյսին տակ կը կանգնինք սուրիացի ժողովուրդի կողքին, եւ Լաւրովի հետ խօսեցանք Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման մասին: Ռուսական կողմը մեզի հետ ընդգծեց անջատողական որեւէ քայլի դէմ դնելու եւ սուրիական հողերուն վրայ ահաբեկչական որեւէ խմբաւորման, ներառեալ ՏԱՀԵՇ-ի եւ քրտական ահաբեկչական խմբաւորումներու զօրավիգ չըլլալու կարեւորութիւնը»:

«Քննարկեցինք Կազայի մէջ տիրող կացութիւնը` հասնելու համար մնայուն լուծումի: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պէտք է ետ կանգնի պատերազմէն, եւ պէտք չէ նոր ցեղասպանութիւն ու Այսրյորդանանի մէջ զինուորական որեւէ արարք արտօնենք: Պէտք է ջանքերը միաւորել եւ խնդիրները լուծել արդար ու համապարփակ լուծումի հասնելու միակ ճամբով` բանակցութիւններու եւ քաղաքականութեան ճամբով», աւելցուց ան:

«Միջազգային ընտանիքը պէտք է միասնաբար կանգնի Կազայի եւ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումներուն դէմ», նշեց Ֆիտան:

 

 

 

Նախորդը

Մարսէյի Մէջ. Ռուսիոյ Հիւպատոսարանի Տարածքին Մէջ Պայթում. Մոսկուան Ահաբեկչութեան Վարկածը Չի Բացառեր

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ապահովման Ուղղուած Ջանքերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?