Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Կառավարութեան Վստահութեան Քուէ Շնորհեց

Փետրուար 27, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումը:

Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց. «Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրները կրկնուող են: Կարեւորագոյնը գործադրութեան լրջութիւնն է եւ անկեղծութիւնը քաղաքական կամքին, որ նպաստեց կառավարութեան կազմութեան, եւ եթէ վստահութեան քուէ տանք, զայն փրկութեան նկատմամբ լիբանանցիներու յոյսին կու տանք: Մենք կը գտնուինք առիթի մը առջեւ, որ պէտք չէ կորսնցնենք»:

«Մեզի օրէնսդրութիւններ չեն պակսիր, որքան օրէնքի յարգումը, եւ արդարադատութիւն մը, որ հաշուետուութեան կ՛ենթարկէ եւ քաղաքական իշխանութեան ենթակայ չէ», նշեց Քանաան:

Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քապալան Քապալան յայտնեց, որ վստահութեան քուէ կը շնորհէ կառավարութեան` նշելով. «Կառավարութիւնը պէտք է առնչակից դեսպանատուներուն մօտ դիւանագիտականօրէն աշխուժանայ, ինչ կը վերաբերի իսրայէլեան խախտումներուն, եւ մենք կառավարութեան համապարփակ աշխատանքային ծրագիրի առջեւ կը գտնուինք»:

«Ջանք պիտի չխնայենք վերատիրանալու մարդոց գումարներուն, որոնք կորսուեցան երեք կողմերու միջեւ, որոնք են` դրամատուները, Կեդրոնական դրամատունն ու պետութիւնը», նշեց Քապալան:

«Մեր ձեռքը կ՛երկարենք բոլորին: Ոչ մէկ խումբ կրնայ միւսը ջնջել: Իմացէք, թէ իբրեւ լիբանանցիներ մեր համաձայնութեան գինը շատ աւելի նուազ է, քան մեր միջեւ վէճերուն գինը», եզրափակեց երեսփոխանը:

Երեսփոխան Մլհեմ Խալաֆ յայտարարեց. «Ընդհանուր դրական մթնոլորտին համահունչ կառավարութեան առիթ պիտի ընծայեմ, անոր վստահութեան քուէ պիտի շնորհեմ եւ անոր աշխատանքին հետեւիմ, եթէ ձախողի անոր անմիջական հրաժարականը պահանջողներուն առաջիններէն պիտի ըլլամ»:

Երեսփոխաններ Իպրահիմ Մնէյմնէ եւ Ապտելքարիմ Քապպարա յայտարարեցին, որ կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի շնորհեն, սակայն պիտի հսկեն անոր աշխատանքին:

Երեսփոխան Ղասսան Սքաֆ յայտարարեց, որ կառավարութեան վստահութեան քուէ կը շնորհէ` աւելցնելով. «Կառավարութեան նկատմամբ յոյսերը մեծ են, եւ անոր նկատմամբ մեր վարմունքը կախեալ պիտի ըլլայ անոր աշխատանքի ընթացքէն»:

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց. «Ունեցանք կառավարութիւն մը, որուն նկատմամբ յոյսեր կան, եւ մեր առաջնահերթութիւնը մնացեալ բռնագրաւեալ հողերու ազատագրումն է, գերիներու տունդարձը, վերաշինութիւնը եւ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը»:

«Մենք Ազգային համաձայնութեան փաստաթուղթին հետ ենք, եւ կառավարութիւնը, որուն վստահութեան քուէ կու տանք, անոր յանձնառու է», նշեց Ապու Ֆաուր:

Հզօր Լիբանան երեսփոխանական համախմբումը հեռացաւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկման նիստէն` իբրեւ բողոք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի համախմբումի անդամ երեսփոխան Ժորժ Աթալլային խօսքի առիթ չտալուն` այն հիմնաւորումով, թէ համախմբումի նախագահ Ժըպրան Պասիլի երեքշաբթի օրուան խօսքը կէս ժամ տեւած է:

Երեսփոխան Իմատ Հութ յայտարարեց, որ ինք վստահութեան քուէի հարցին մէջ ձեռնպահ կը մնայ, որովհետեւ «կառավարութիւններու յաջողութիւնը խօսքերով չի չափուիր, այլ գործերով»:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ կառավարական վարչութիւններուն մէջ թուայնացումը կարեւոր է` զսպելու համար փտածութիւնը եւ դիւրացնելու քաղաքացիին գործը, որովհետեւ մինչեւ օրս տեղի ունեցած բարեկարգումները քաղաքացիին հաշուոյն էին` տուրքերու վճարումի ճամբով, ուստի պէտք է հետապնդել տուրքերը վճարելէ փախուստ տուողները եւ փակել մաքսանենգման բոլոր անցակէտերը:

«Լիբանանցի կինը յաւելեալ արժէք է, եւ եթէ իսկապէս պետութիւն մը կ՛ւզենք, պէտք է աջակցինք անոր կարողութեան ամրապնդման, եւ իրաւունքներու ու պարտաւորութիւններու միջեւ հաւասարութիւն հաստատենք», եզրափակեց Թերզեան` կառավարութեան նկատմամբ վստահութիւն յայտնելով:

Նիստի աւարտին վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց. «Յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին ելեկտրականութեան մարզի կարգաւորման մարմին պիտի յառաջացնենք եւ աշխատանք պիտի տանինք գործարկելու տուրքերու հաւաքումն ու մատակարարումը աւելցնելու համար ցանցին նկատմամբ ոտնձգութիւններու դադրեցումը»:

«Աշխատանք պիտի տանինք պէտք եղած աջակցութիւնը ապահովելու Իսրայէլի պարտադրելու համար, որ գերիշխանութեան ոտնձգութիւնները դադրեցնէ, հեռանայ մեր հողերէն եւ գործադրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը», ըսաւ ան:

«Աշխատանք պիտի տանինք կարելի եղածին չափ շուտ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցողներու խնդիրին գտնելու լուծումներ` հիմնուելով անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ», նշեց վարչապետը:

Ան յայտարարեց, որ քանի մը շաբաթէն ատակ անձերու նշանակումներ պիտի կատարեն, «եւ պիտի ուղղուինք դէպի ապակեդրոնացումի որդեգրում եւ Քաղաքական համայնքայնութեան ջնջման ազգային մարմինի կազմութիւն»:

«Աշխատանք պիտի տանինք սուրիական իշխանութիւններուն հետ լուրջ երկխօսութեան. մենք կ՛ընդգծենք սուրիացի գաղթականներուն իրենց երկիր վերադարձի կարեւորութիւնը», նշեց վարչապետ Սալամ:

Վարչապետի խօսքէն ետք ընթացք առաւ քուէարկութիւնը, որուն հիմամբ կառավարութիւնը 95 քուէներով ստացաւ խորհրդարանի վստահութիւնը:

Նախորդը

Օմանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Նախագահ Աունի Յանձնեց Օման Այցելելու Հրաւէր Մը

Յաջորդը

Արաղչի. «Մենք Կը Ձգտինք Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման Եւ Պատրաստ Ենք Կողմերուն Օգնելու»

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?