Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Կը Քննարկէ Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը. Այսօր` Կառավարութեան Նկատմամբ Վստահութեան Քուէ

Փետրուար 26, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի խորհրդարանը երէկ սկսաւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումը, զոր այսօր պիտի աւարտէ, որմէ ետք ալ տեղի պիտի ունենայ կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան քուէարկութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նիստի սկիզբը վարչապետ Նաուաֆ Սալամէն խնդրեց կարդալ «Բարեկարգման ու փրկութեան» կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:

Վարչապետ Սալամ ըսաւ. «Ձեր առջեւ կը կանգնինք իբրեւ կառավարութիւն մը, որ միասնական է եւ յանձնառու Լիբանանի գերիշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդը պաշտպանելու, լրջօրէն աշխատելու զայն տագնապներէն ու ճգնաժամերէն դուրս բերելու, ինչպէս նաեւ բաւարարելու քաղաքացիներուն ձգտումները: Մեր կառավարութիւնը յանձնառութիւն կը ստանձնէ պաշտպանելու լիբանանցիներու ազատութիւնները, անոնց անվտանգութիւնն ու հիմնարար իրաւունքները, նախ եւ առաջ արժանապատիւ կեանք ունենալու անոնց իրաւունքը: Պիտի ջանայ, որ արժանի ըլլայ այն անունին, որ ինքզինք կը կոչէ, կառավարութիւն մը, որ բարեկարգումի կը նախաձեռնէ եւ կը վերանորոգուի փրկութեան համար` գիտակցելով, թէ բարեկարգումը մեր փրկութեան ուղին է:

«Կառավարութիւնը կը գիտակցի, թէ երկրին վերջին ամիսներուն ականատես դարձած յարձակումը, որ կեանքերու եւ ինչքերու մեծ կորուստ պատճառեց, մեզ կը հրաւիրէ գրաւը դնելու պետութեան, ազգային միասնականութեան եւ ջանքերու մէկտեղման վրայ` դարմանելու համար վէրքերը, կառուցելու համար այն, ինչ որ քանդուեցաւ եւ արաբական ու միջազգային աջակցութիւն ապահովելու այդ մէկը իրագործելու համար: Կառավարութիւնը յանձնառու պիտի ըլլայ իսրայէլեան յարձակումին քանդածը արագօրէն վերակառուցելու, վնասները վերացնելու եւ այդ բոլորը ֆինանսաւորելու յատուկ այդ հրատապ կարիքին համար ստեղծուելիք սնտուկի մը միջոցով, որ թափանցիկութեամբ կը յատկանշուի եւ կը նպաստէ համոզելու քաղաքացիները, թէ պետութիւնը իրենց կողքին կը կանգնի եւ իրենց միջեւ խտրութիւն չի դներ»:

Ան նշեց, որ կառավարութեան համար առաջին նպատակը օրէնքի պետութեան հաստատումը պիտի ըլլայ:

«Մեր ուզած պետութիւնը այն է, որ ամբողջովին յանձնառու է երկրին անվտանգութեան եւ անոր սահմաններու պաշտպանութեան, պետութիւն մը, որ նախայարձակը կը զսպէ, իր քաղաքացիները կը պաշտպանէ եւ կ՛ամրապնդէ անկախութիւնը, արաբական ընտանիքն ու բոլոր պետութիւնները զօրաշարժի կ՛ենթարկէ Լիբանանը պաշտպանելու: Ուստի կառավարութիւնը կը շեշտէ իր յանձնառութիւնը իր խոստումներուն, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան, առանց մասնատման եւ ընտրովիութեան: (…) Ինչպէս նաեւ իր յանձնառութիւնը կը յայտնէ թշնամական արարքներու դադրեցման յատուկ դասաւորումներուն, որոնց նախկին կառավարութիւնը համաձայնեցաւ 27 նոյեմբեր 2024-ին:

«Կառավարութիւնը յանձնառու է, Թաէֆի մէջ որդեգրուած Ազգային համաձայնութեան փաստաթուղթին համաձայն, որդեգրելու անհրաժեշտ բոլոր քայլերը լիբանանեան բոլոր հողերը իսրայէլեան բռնագրաւումէն ազատագրելու եւ պետութեան իշխանութիւնը տարածելու իր բոլոր հողերուն վրայ, բացառապէս իր սեփական ուժերով, եւ բանակը տեղակայելու միջազգայնօրէն ճանչցուած լիբանանեան սահմաններու շրջաններուն մէջ: Եւ կը հաստատէ Լիբանանի իրաւունքը, ըստ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, ինքզինք պաշտպանելու որեւէ յարձակում տեղի ունենալու պարագային, եւ աշխատանք կը տանի գործադրելու հանրապետութեան նախագահի երդման ճառին մէջ նշուած զէնք կրելու մենաշնորհի նկատմամբ պետութեան պարտաւորութեան վերաբերեալ:

«Կ՛ուզենք պետութիւն մը, որ տէրն է պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումին: (…)Լիբանանի պաշտպանութիւնը կը պահանջէ որդեգրումը ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւն մը` զինուորական, դիւանագիտական եւ տնտեսական մակարդակներու վրայ: Եւ կառավարութիւնը պարտաւոր է օրինական զինեալ ուժերուն կարողութիւնը բարձրացնել` աւելցնելով անոնց թիւը, միջոցները, մարզումը եւ բարելաւելով անոնց կացութիւնը, ինչ որ կ՛ամրապնդէ երկիրը որեւէ յարձակումի դէմ դնելու, հարաւի, արեւելքի, հիւսիսի եւ ծովու կողմէն սահմանները վերահսկողութեան տակ առնելու, եւ մաքսանենգումը արգիլելու ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումներով:

«Կ՛ուզենք պետութիւն մը, որ հաւատարիմ է սահմանադրութեան եւ Թաէֆի մէջ որդեգրուած Ազգային համաձայնութեան փաստաթուղթին: Այդ հաւատարմութիւնը կը պահանջէ ձեռնարկել գործադրութեան այդ փաստաթուղթէն տակաւին չգործադրուած կէտերուն, ինչպէս նաեւ կը պահանջէ սրբագրել տարիներու ընթացքին անոր սխալ գործադրութիւնները:

«(…)Կ՛ուզենք քաղաքական ուժերուն միջեւ օրինական քաղաքական մրցակցութեան մէջ անկողմնակալ պետութիւն մը, ուստի մեր կառավարութիւնը նախանձախնդիր է քաղաքապետական, թաղապետական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարելու անոնց սահմանադրական ժամկէտներուն: Եւ յանձնառու կը դառնայ պետութիւնը հեռու պահելու կողմերուն միջեւ կողմնակալութեան ցուցաբերումէն կամ միջամտելէ ընտրական հոլովոյթի ընթացքին` կազմակերպման եւ արդիւնքներու յայտարարման մէջ որդեգրելով ամբողջական թափանցիկութիւն:

«Կ՛ուզենք պետութիւն մը, որ առանց բացառութեան կամ թերացումի բոլորին արդարութիւն կ՛ապահովէ, ուստի արդարադատական համակարգը պէտք է լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ աշխարհի ամբողջական վստահութիւնը վայելէ: (…)Պէտք է ապահովել, որ հետաքննիչներուն, մասնաւորաբար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ ելեւմտական ու դրամատնային փտածութեան խնդիրներուն մէջ հետաքննիչներու աշխատանքին մէջ խոչընդոտներ ու ուշացումներ չըլլան: (…) Եւ պիտի շարունակէ հետապնդել իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերներուն անհետացման դատը, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր ըլլայ քաղաքական ահաբեկումներու հետաքննութիւններու շարունակման` հասնելու համար իրականութեան եւ արդարութեան իրագործման, ինչպէս նաեւ հետապնդել իսրայէլեան բանտերուն մէջ լիբանանցի գերիներու հարցը:

«(…) Կ՛ուզենք պետութիւն մը, որ տէր կը կանգնի ջուրի եւ ելեկտրականութեան մարզերուն մէջ իր պատասխանատուութեան եւ երկիրը դուրս կը բերէ խաւարէն ու հաստատութիւններուն ելեկտրականութիւն կը տրամադրէ, ինչ որ կը պահանջէ աստիճանաբար աւելցնել ելեկտրականութեան մատակարարումը` այդ ալ կարելի նուազագոյն գինով: Ուժանիւթի ոլորտին մէջ, կառավարութիւնը նաեւ պիտի ջանայ շարունակել քարիւղի եւ կազի հորատման աշխատանքը:

«(…) Կ՛ուզենք պետութիւն մը, որ կարող է ընկերային ծախսերը աւելցնել եւ ընկերային արդարութիւն իրագործել` ստեղծելով համապարփակ ընկերային պաշտպանութեան համակարգ մը, որ կը հովանաւորէ ամէնէն աղքատ ու տկար խումբերը, եւ աշխատանք տանիլ ամբողջացնելու բոլոր տեղահանուածներու տունդարձը, անհրաժեշտ փոխհատուցումները վճարել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուածներուն եւ վերակառուցել այն, ինչ որ քանդուեցաւ:

«Կառավարութեան կարծիքով` մենք առիթի առջեւ կանգնած ենք Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան հետ լուրջ երկխօսութեան` երաշխաւորելու համար պետութիւններէն իւրաքանչիւրին գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը եւ երկու կողմերէն վերահսկելու սահմաններն ու զանոնք սահմանագծելու, երկու երկիրներէն որեւէ մէկուն ներքին հարցերուն չմիջամտելու եւ աշխատանք տանելու սուրիացի գաղթականներու հարցը լուծելու, որ Լիբանանի համար գոյութենական հետեւանքներ ունի եթէ անոնց իրենց հայրենիք վերադարձը տեղի չունենայ:

«Կառավարութիւն մը, որ կը մերժէ պաղեստինցիներուն բնակեցումն ու տեղահանութիւնը եւ կառչած կը մնայ թիւ 194 որոշումին համաձայն անոնց տունդարձին եւ իրենց հողերուն վրայ անկախ պետութիւն ստեղծելու անոնց իրաւունքին, ըստ 2002 թուականին Պէյրութի վեհաժողովին որդեգրած Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութեան: Կառավարութիւնը կը զօրակցի լիբանանեան պետութեան լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իշխանութեան կիրարկման, ներառեալ պաղեստինեան գաղթակայանները` պահպանելով Լիբանանի մէջ բնակող պաղեստինցիներուն արժանապատուութիւնն ու մարդկային իրաւունքները»:

Վարչապետի խօսքի աւարտէն ետք, ընթացք առաւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումը: Պըրրի երեսփոխաններէն խնդրեց, որ իւրաքանչիւր պլոքի խօսքը միայն 15 վայրկեան ըլլայ` նշելով. «75 երեսփոխաններ ձայն ուզեցին, եւ այս ձեւով նիստը մէկ շաբաթ պիտի երկարի»:

«Առջեւս աւելի քան 75 խօսք ուզողներ կան, ուստի յարմար նկատեցի, որ 10 եւ աւելի  երեսփոխաններէ բաղկացած պլոքներուն համար խօսքի տեւողութիւնը կէս ժամ պիտի ըլլայ, եւ եթէ 10 երեսփոխաններէ նուազ է, քառորդ ժամ, իսկ 5 գործընկերները` 10 վայրկեան», ըսաւ Պըրրի:

Երէկուան առաւօտեան նիստին խօսեցան շարք մը պլոքներու նախագահներ, ինչպէս` երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը, որ յայտարարեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը վստահութիւն կը շնորհէ կառավարութեան:

Ան յայտնեց, որ իսրայէլեան խախտումները կառավարութենէն պաշտօնական եւ խիստ դիրքորոշում կը պահանջեն:

Երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտարարեց, որ Հզօր Լիբանան երեսփոխանական համախմբումը կառավարութեան վստահութեան քուէ չի շնորհեր:

Շարք մը երեսփոխաններ, որոնց շարքին` խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, Միշել Տահերն ու Հատի Ապու Հասանը ընդգծեցին պահ դրուած գումարներու խնդիրի լուծման անհրաժեշտութիւնը:

Պու Սաապ յայտարարեց, որ կառավարութեան վստահութեան քուէ կը շնորհէ` նշելով. «Կոչ կ՛ուղղենք յաղթողի եւ յաղթուածի տրամաբանութենէն դուրս եղող երկխօսութիւն կատարելու, այլապէս վեց ամիս ետք յոյսը կը կորսնցնենք»:

«Մենք այսօր արտակարգ առիթի առջեւ ենք, պէտք է գիտնանք ինչպէ՛ս զայն օգտագործել, այլապէս երկու ամիս ետք խորհրդարան պիտի վերադառնանք եւ յոյսը կորսնցնենք», աւելցուց ան:

Երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց. «Կառավարութիւնը պէտք է ետդարձ կատարէ իրանեան օդանաւերու էջքը արգիլող որոշումէն` խուսափելով արտաքին ցուցմունքներու ականջ տալէ»:

«Մարզական աւան հաւաքուած ժողովուրդը միայն յուղարկաւորութեան համար չեկաւ, այլ` դիմադրելու իր ընտրանքը հաստատելու համար», նշեց ան:

Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Մենք ամբողջովին համաձայն ենք կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուածներուն, ինչ կը վերաբերի թիւ 1701 որոշումին, բոլոր հողերու ազատագրման, զէնքի մենաշնորհին, պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումին եւ պաշտպանական ռազմավարութեան»:

Ան նշեց, որ կառավարութեան մէջ քրիստոնեաները ներկայացուցչութեան առումով անիրաւուած են, որովհետեւ քրիստոնեայ նախարարներուն 50 առ հարիւրը ընտրուած են խորհրդարանին մէջ չներկայացուած քրիստոնէական ուժերէ եւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ, «եւ մենք խնդիր չունինք, եթէ ներկայացուած ուժեր նշանակուին առանց մեզի»:

Պասիլ ըսաւ, որ վարչապետ Սալամ չէ յարգած վարչապետի պաշտօնական նշանակման գիշերը իրեն հետ գոյացուցած համաձայնութիւնը, ինչ կը վերաբերի թեքնոքրաթներէ կառավարութիւն չկազմելուն, այլ երեսփոխանական ուժերու կողմէ վարչապետի համամտութեամբ նշանակուած մասնագէտներու նշանակման: «Մենք այսօր վստահութիւն չենք շնորհեր, որովհետեւ դուն անոր արժանի չեղար: Եթէ կ՛ուզես անոր վերատիրանալ, կամ հոգդ չէ, որովհետեւ բաւարար աջակցութիւն կը վայելես, մենք պատրաստ ենք զայն քեզի շնորհելու գործերուդ ճամբով», յայտնեց Պասիլ` աւելցնելով. «Մենք մեր դրականութիւնը պիտի փաստենք դրական ընդդիմութեամբ: Վստահութիւն չենք շնորհեր»:

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ կառավարութեան վստահութեան քուէ կը շնորհէ` կոչ ուղղելով «վերատիրանալու կառավարութեան մէջ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումին` գործադրելով միջազգային բոլոր որոշումները, որոնց շարքին` թիւ 1701-ը եւ 1559-ը, եւ թող արդարութիւն հաստատուի նաւահանգիստի պայթումին հարցով, ինչպէս նաեւ վերսկսին դարակները նետուած հետաքննութիւնները»:

«Այսօր հաւաքուած ենք կառավարութեան մը շուրջ, որուն ծնունդը, ինչպէս նաեւ իշխանութեան մը ծնունդը երկար սպասուեցաւ, իշխանութիւն մը, որուն վերնագիրները կը ճշդէ հանրապետութեան նախագահը` կառուցելու համար կարող եւ լուրջ պետութիւն մը, որուն մէջ օրինականէն բացի այլ զէնք  չկայ, պետութիւն մը, որ միայն սահմանադրութեան ու միջազգային օրինականութեան վրայ կը հիմնուի, որոշումները կ՛որդեգրուին իր ազատ կամքով, ոչ թէ` առանցքներու խաղին համաձայն, կառուցային, տնտեսական, ելեւմտական համապարփակ բարեկարգման պետութիւն մը, եւ ոչ թէ քաոսի ագարակ», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

«Լիբանանի Մէջ Փէյճըրներու Գործողութիւնը Շրջադարձ Էր Եւ Քանդեց Հըզպալլայի Բարոյական Ոգին» Կ՛ըսէ Մոսատի Ղեկավարը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?