Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու նախկին օգնական Տէյվիտ Շենքըր «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին Իսրայէլի ամբողջական հեռացման ուշացումը արդարացուց յայտնելով. «Լիբանան յանձնառութիւն ստանձնած էր հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակէն տասը հազար զինուորներ տեղակայելու: Սակայն մինչեւ այս պահը տեղակայուած զինուորներուն թիւը չհասաւ վեց հազարի` զինուորագրման առնչուած խնդիրներու պատճառով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հետ սահմանի խնդիրներուն, ներքին անվտանգութեան ու քաղաքացիական խաղաղութեան պահպանման օրինական ուժերու վստահուած դերակատարութեան պատճառով, ինչ որ նոր կառավարութեան առջեւ բարդութիւններ ու դժուարութիւններ կը ստեղծէ: Սակայն ատիկա չ՛արգիլեր, որ իսրայէլեան հեռացումը մօտիկ ապագային ամբողջանայ»:
«Լիբանան պէտք է ինքզինք զերծ կացուցէ Իսրայէլի հետ տագնապէն` տկարացնելով Հըզպալլան եւ ստեղծելով առիթ մը, որպէսզի դառնայ գերիշխան պետութիւն մը, որ իր արտաքին քաղաքականութիւնը ինք կը ճշդէ, լաւ յարաբերութիւններ ունենայ իր բոլոր դրացիներուն հետ, եւ Լիբանան ապագային առիթ ունենայ Իսրայէլի հետ «ոչ սերտ, սակայն բնական» յարաբերութիւններ ստեղծելու», ըսաւ Շենքըր:
Ամերիկացի նախկին պաշտօնատարը շեշտեց. «Այսուհետեւ Իրանի կամ Սուրիոյ արտօնուած չէ ճշդել Լիբանանի քաղաքականութիւնը»:
Ան նշեց, թէ Ուաշինկթըն Լիբանանի նկատմամբ մեծ կարեկցանք ու աջակցութիւն կը ցուցաբերէ, առանց իր քաղաքականութիւնը պարտադրելու որեւէ փափաքի կամ մտադրութեան` հասկնալով եւ հասկցնելով, թէ Լիբանան ի՛նչ պէտք է ընէ իր «ազգային երկարատեւ մղձաւանջէն» դուրս գալու համար: