Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական.  Երիտասարդ Մարդուժի Արտադրամասը (Գ.)

Խմբագրական. Երիտասարդ Մարդուժի Արտադրամասը (Գ.)

«Ապագայ լրագրողներ»-ու մեր ծրագիրը կը շարունակէ մնալ «Ազդակ»-ի հեռանկարային կարեւորագոյն ծրագիրներէն մէկը: Այստեղ եւս պատերազմը որոշ առկախումներ պարտադրեց, բայց ծրագիրը շարունակուեցաւ: Շուրջ 20 տեսական եւ գործնական աշխատանքներ, այցելութիւններ, ռըփորթաժներու պատրաստութիւններ, հարցազրոյցներ, ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներ եւ ընկերային ցանցերու յատուկ տեսանիւթեր կազմեցին  այս տարուան աշխատանքին արգասիքը: 8 ապրիլ 2024-ին լոյս տեսաւ ապագայ լրագրողներուն յաւելուածը: 19 ապագայ  լրագրողներ իրենց երեխայրիքը ստորագրեցին «Ազդակ»-ի այս յաւելուածին...

Համազգայինի Պատուիրակութիւնը  Այցելութիւն Տուաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Համազգայինի Պատուիրակութիւնը Այցելութիւն Տուաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Հինգշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, այցելութիւն մը տուաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` ստանալու համար անոր հայրապետական օրհնութիւնն ու քաջալերանքը: Հանդիպման ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի ներկայացուցիչ Սեպուհ Այնթէպլեան, Շրջանային վարչութեան մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, մասնաճիւղերու ատենապետներ, վարչութիւններ, խնամակալութիւն եւ...

Լաւրով. «Մոսկուան Պատրաստ Է Բանակցելու Թրամփի  Եւ Ուքրանիոյ Հարցով Անոր Բանագնացին Հետ»

Լաւրով. «Մոսկուան Պատրաստ Է Բանակցելու Թրամփի Եւ Ուքրանիոյ Հարցով Անոր Բանագնացին Հետ»

Մոսկուան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ հարցով անոր բանագնացին հետ խորհրդակցութիւններու: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը: «Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու, եթէ անոնք ըլլան ըստ էութեան, տագնապի սկզբնաղբիւրներուն եւ նախագահ Փութինի կողմէ շարադրուած սկզբունքներուն մասին», ըսած է Լաւրով: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը միեւնոյն ժամանակ շեշտած է,...

Ազրպէյճանցի Պաշտօնատարներ Ազրպէյճանական  Ջախջախուած Օդանաւին Համար  Կ՛ամբաստանեն Ռուսիան

Ազրպէյճանցի Պաշտօնատարներ Ազրպէյճանական Ջախջախուած Օդանաւին Համար Կ՛ամբաստանեն Ռուսիան

Ազրպէյճանի օդանաւային ընկերութիւնը` ԱԶԱԼ-ը յայտարարեց, որ կ՛առկախէ դէպի մասնաւորաբար Կովկասի շրջանին մէջ ռուսական 7 քաղաքներ իր թռիչքները: Ընկերութիւնը նշեց, որ որոշումը որդեգրուած է Ղազախստանի մէջ ջախջախուած օդանաւի արկածի հետաքննութեան նախնական արդիւնքներու լոյսին տակ, միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ պիտի շարունակէ դէպի Մոսկուա եւ Ս. Փեթերսպուրկ թռիչքները: Յիշեցնենք, որ 67 ճամբորդներ փոխադրող ազրպէյճանական օդանաւը Պաքուէն Կրոզնի թռիչքի ընթացքին ջախջախուած է Ղազախստանի արեւմտեան...

Փանամայի Նախագահը Մերժած Է Թրամփի  Փանամայի Ջրանցքէն Անցնելու Սակագիները  Նուազեցնելու Պահանջը

Փանամայի Նախագահը Մերժած Է Թրամփի Փանամայի Ջրանցքէն Անցնելու Սակագիները Նուազեցնելու Պահանջը

Փանամայի նախագահ Խոսէ Ռաուլ Մուլինօ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի բողոքէն ետք չի պատրաստուիր Փանամայի ջրանցքէն անցնելու ամերիկեան նաւերու վճարումները նուազեցնելու: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը հաղորդէ ԻՖԻ լրատու գործակալութիւնը: «Իմ պատասխանս ոչ է: Գիները նախագահներու կամ ջրանցքի վարչակազմի քմահաճոյքով չեն սահմանուիր: Ասիկա բաց, հրապարակային հոլովոյթ է», ըսած է Մուլինօ: Փանամայի նախագահը ընդգծած է, որ յունուար...

Խմբագրական  9 Առցանց Լսարաններէն Արձանագրելի Կէտերը (Բ.)

Խմբագրական 9 Առցանց Լսարաններէն Արձանագրելի Կէտերը (Բ.)

7«Ազդակ»-ի առցանց մամլոյ լսարանները շարունակուեցան, որոշ ընդհատումներով: Իւրաքանչիւր ամիսը մէկ լսարանի կշռոյթը խանգարուեցաւ պատերազմի պատճառով: Այդուհանդերձ յաջողեցանք կազմակերպել 9 լսարան, փոխան 12-ի: Չորս լսարան Արցախի նիւթով, երեք` սփիւռքի նիւթով, մէկը` հարաւային Կովկասի եւ մէկը` մշակութային, քննարկումներու նիւթերու ընտրութեան մասին որոշ պատկերացում կը փոխանցեն: Բնականաբար Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի իրաւական եւ քաղաքական ճանապարհները առաջնային օրակարգ կը շարունակեն մնալ մեր թերթին համար: Միաժամանակ...

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Բագրատունին

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Բագրատունին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Միքաթի ներկայացուց ներկայ փուլի իր պատկերացումը` արտաքին կողմերու հետ կատարած վերջին հաղորդակցութիւններէն ետք: Ան յատկապէս անդրադարձաւ Եգիպտոս եւ Թուրքիա տուած այցելութիւններէն ստացած տպաւորութեան: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ 9 յունուարի խորհրդարանի նիստը արդիւնաւորուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ, որուն կը հետեւի նոր կառավարութեան...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Յորդանանի  Դեսպանին Հետ Քննարկեց Շրջանային  Վերջին Զարգացումները

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Յորդանանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Շրջանային Վերջին Զարգացումները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան 26 դեկտեմբերին այցելեցին Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` Սուրիոյ վարչակարգի անկումէն ետք: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Սուրիոյ ժողովուրդին կամքի արտայայտութեան յարգումը` երկրի հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան, ժողովրդավարութեան եւ կրօնական ու անհատական իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքներու շրջագիծին մէջ: Քննարկուեցաւ նաեւ...

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կոչ Կ՛ուղղեն` Զերծ Մնալու Կարեւոր Նշանակութիւն Ունեցող Ենթակառոյցներուն Ուղղուած Սպառնալիքներէն

Զախարովա. «Հայաստանի Կողմէ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի Անբաժանելի Մաս Ճանչնալէն Ետք, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Պէտք Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Լուծարելու Առաջարկ Ընեն»

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, ինչպէս նաեւ Մինսքի խորհրդաժողովի միւս կառոյցները, պէտք է լուծարուին, եւ ատոր լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միացեալ առաջարկը: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Ան յիշեցուցած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները փետրուար 2022-ին դադրեցուցած են իրենց ռուս գործընկերներուն հետ հաղորդակցութիւնը: «Այլ բաներու շարքին, այս հաղորդակցութեան դադրեցումով եւ...

Ծովեզերեայ Շրջաններուն Եւ Հոմսի Մէջ  Բախումներէ Ետք, Սուրիոյ Նոր Իշխանութիւնը  Ապահովական Խիստ Քայլեր Կ՛որդեգրէ

Ծովեզերեայ Շրջաններուն Եւ Հոմսի Մէջ Բախումներէ Ետք, Սուրիոյ Նոր Իշխանութիւնը Ապահովական Խիստ Քայլեր Կ՛որդեգրէ

Զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ դարձած բախումներէ մէկ օր ետք, Սուրիոյ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը Դամասկոսի, Հոմսի եւ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ ապահովական մեծ ուժեր տեղակայեց: Բախումները տեղի ունեցան Լաթաքիոյ նահանգի, Թարթուսի գիւղական շրջանին, ինչպէս նաեւ Հոմսի կարգ մը թաղամասերու մէջ, Հալէպի մէջ ալեւիներու պատկանող սրբավայրի մը հրկիզման դէպքին դէմ բողոքի ցոյցերէ ետք: Հոմսի, Ժապլայի եւ Քըրտահայի մէջ ցոյցերու ընթացքին անկարգութիւններ տեղի ունեցան:...

Խմբագրական.  Պատերազմ Եւ Լրատուութիւն (Ա.)

Խմբագրական. Պատերազմ Եւ Լրատուութիւն (Ա.)

Այս տարուան «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն ամէնէն առանցքային բաժինը Լիբանանի մէջ պատերազմական գործողութիւններու լուսաբանումն էր: Քանի մը ուղղութիւն ճշդուած էր այս աշխատանքին համար: Նախ անշուշտ նման իրավիճակներու մէջ արագ լրահոսը պէտք է աշխատէր առանց դադարի, առանց երկար ընդհատումներու, մինչեւ ուշ գիշեր, եթէ ոչ նաեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր: Լրատուութիւնները առաջնային կարգով կը վերաբերէին իսրայէլեան յարձակումներուն, Դիմադրութեան գործողութիւններուն, օդային եւ ցամաքային տարածքներու վրայ արձանագրուող ...

«Ս. Ծննդեան Աւետիսը Կը Փոխանցենք  Աշխարհի Մէջ Տիրող Տագնապալից  Իրողութիւններու Պայմաններուն Մէջ»

«Մեծ Եւ Սքանչելի Է Խորհուրդը, Որ Այսօր Յայտնուեցաւ Մեզի»

Սիրելի ու թանկագին քոյրեր եւ եղբայրներ հայկազուն, այո՛, «Մեծ եւ սքանչելի է խորհուրդը, որ այսօր յայտնուեցաւ մեզի»: Այս ցնծաբաշխ աւետիսը մեզի կու տայ հայադրոշմ շարականը` մեզի յուշելով տօնին սրբութիւնը, մեծութիւնը, խորհրդաւորութիւնն ու նորարարութիւնը: «Նոր Արքայի մը» ծնունդին բերկրատու աւետիսը կը տրուի մեզի, Արքայի՛ն, որ տիեզերքին Արարիչը, աշխարհին Տէրը եւ մարդկութեան Փրկիչն է: Աստուածորդիին մարդեղութեան խորախորհուրդ տօնը Տէր Աստուծոյ անսպառ սիրոյն,...

Թրամփ. «Արտաքին Պատերազմներու Միջամտելէ  Պիտի Դադրինք, Եւ Փանամայի Ջրանցքին  Ամերիկայի Վերադարձուիլը Կը Պահանջենք»

Թրամփ. «Արտաքին Պատերազմներու Միջամտելէ Պիտի Դադրինք, Եւ Փանամայի Ջրանցքին Ամերիկայի Վերադարձուիլը Կը Պահանջենք»

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «7 հոկտեմբեր 2023-ի դէպքերն ու Ուքրանիոյ պատերազմը տեղի պիտի չունենային, եթէ ես ըլլայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը»: Թրամփ Արիզոնա նահանգի Ֆինիքս քաղաքին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Պիտի դադրինք միջամտելէ արտաքին պատերազմներու, որոնց մէջ անհեթեթ կերպով մուտք գործած են Միացեալ Նահանգները»: «Բանակին ցուցմունք պիտի տամ ստեղծելու երկաթեայ գմբէթ մը` պաշտպանելու համար Միացեալ Նահանգներու...

Արաբական Պատուիրակութիւններ  Դամասկոսի Մէջ.  Յորդանանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Դամասկոս Այցելելով Հանդիպում Ունեցաւ Շարհի Հետ

Արաբական Պատուիրակութիւններ Դամասկոսի Մէջ. Յորդանանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Դամասկոս Այցելելով Հանդիպում Ունեցաւ Շարհի Հետ

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար, Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ահմետ Շարհի հետ: Սաֆատի հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ քննարկեցի ահաբեկչութեան հարցը, եւ միասնաբար պիտի կանգնինք անոր դէմ, որովհետեւ բոլորիս սպառնացող վտանգ է, եւ համաձայն ենք աջակցելու սուրիացի ժողովուրդին վերաշինելու իր հայրենիքն ու պետութիւնը, որպէսզի ըլլայ կայուն ու ազատ...

«Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը Ունինք, Եւ Ատիկա Կազայի Մէջ Զինադադարին Հետ Կապ Չունի» Կ՛ըսէ ՄԱԿԻ-ի Մէջ Իրանի Ներկայացուցիչը

Թեհրան. «Սուրիոյ Իշխող Կողմին Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Պիտի Ճշդենք` Մեկնելով Անոնց Ապագայ Գործերէն»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ներկայիս Սուրիոյ մէջ իշխող կողմին հետ ուղղակի հաղորդակցութիւն չունինք»: «Սուրիական ընդդիմութեան հետ տագնապի լուծման հոլովոյթին պատճառով երկար ատենէ ի վեր հաղորդակցութիւններ ունէինք», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Սուրիոյ իշխող կողմին հետ մեր յարաբերութիւնները պիտի ճշդենք` մեկնելով անոնց ապագայ գործերէն»: «Շրջանին մէջ բոլորը կը հաւատան Սուրիոյ գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անոր ճակատագիրը անոր ժողովուրդի կողմէ առանց արտաքին միջամտութեան...

Ակնարկ.  Ուաշինկթընի Փուլային Նախապայմանները

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Փուլային Նախապայմանները

Սուրիոյ նոր վարչակազմին ուղղութեամբ Ուաշինկթընէն հնչած յայտարարութիւնները հետագայ գործընթացներուն ուղղութեամբ որոշ պատկերացումներ կը փոխանցեն: Նախ անշուշտ այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ կայ  ճիգ ուժերու միաւորման, որպէսզի ներքին քաոսը բացառուի: Նոր սահմանադրութիւնը առաջադրանք է փաստօրէն, որուն հիմնադրոյթները տակաւին պարզ չեն: Ամերիկեան պահանջին մէջ կայ կէտ, որ կը խօսի ոչ համայնքային կառավարութեան կամ ընդհանուր համակարգի մասին: Նշենք, որ նախորդ վարչակարգի օրերուն, միջհամայնքային...

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբ.  Ս. Ծննդեան Տօնին Նուիրուած «Յոյսի Երգեր  Համերգը Էշրեֆիէի Տիրամօր  Հրաշագործ Մետալի Տաճարին Մէջ

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբ. Ս. Ծննդեան Տօնին Նուիրուած «Յոյսի Երգեր Համերգը Էշրեֆիէի Տիրամօր Հրաշագործ Մետալի Տաճարին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Վենսանեան հայրերու Տիրամօր հրաշագործ մետալի սրբազան տաճարին, հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Էշրեֆիէի Տիրամօր հրաշագործ մետալի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած «Յոյսի երգեր» խորագիրով Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի համերգը` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանին, մասնակցութեամբ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Քեվըն Եուսոֆի:...

Ուալիտ Ժոմպլաթ Հանդիպում Ունեցաւ  Ահմետ Շարհի Հետ

Ուալիտ Ժոմպլաթ Հանդիպում Ունեցաւ Ահմետ Շարհի Հետ

Ուալիտ Ժոմպլաթի գլխաւորութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքէն երեսփոխաններու եւ տիւզի շէյխերու, երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար, Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ահմետ Շարհի (Ապու Մոհամետ Ժուլանիի) հետ: Շարհ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիան մտահոգութիւն եւ նեղութիւն պատճառելու աղբիւր էր, եւ լիբանանեան հարցերուն մէջ անոր միջամտութիւնը ժխտական էր: Սուրիական վարչակարգը սպաննեց...

Դամասկոսի Մէջ Ամերիկեան Պատուիրակութեան  Հանդիպումներէն Ետք.  Լիֆ. «Կ՛ողջունենք Դրական Պատգամները  Եւ Այդ Սկզբունքներուն Շուրջ Գործերու Ճամբով  Յառաջընթաց Կը Սպասենք Եւ Ոչ Թէ Խօսքեր»

Դամասկոսի Մէջ Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հանդիպումներէն Ետք. Լիֆ. «Կ՛ողջունենք Դրական Պատգամները Եւ Այդ Սկզբունքներուն Շուրջ Գործերու Ճամբով Յառաջընթաց Կը Սպասենք Եւ Ոչ Թէ Խօսքեր»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Պարպարա Լիֆ Դամասկոսի մէջ ամերիկեան դիւանագիտական պատուիրակութեան հետ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար, Հայըաթ Թահրիր Շամ խմբաւորման ղեկավար Ահմետ Շարհի (Ապու Մոհամետ Ժուլանիի) հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Սուրիացիներուն հետ հաղորդակցիլն ու ուղղակի կերպով անոնց մտիկ ընելը կարեւոր առիթ էր»: «Սուրիացիները հազուադէպ առիթ ունին իրենց երկիրը վերաշինելու եւ կառուցելու», ըսաւ Լիֆ` աւելցնելով....

Ֆիտան Նախապէս Չյայտարարուած Այցելութեամբ Հասաւ  Դամասկոս Եւ Հանդիպում Ունեցաւ Շարհի Հետ

Ֆիտան Նախապէս Չյայտարարուած Այցելութեամբ Հասաւ Դամասկոս Եւ Հանդիպում Ունեցաւ Շարհի Հետ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ նախապէս չյայտարարուած այցելութեամբ հասաւ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհի հետ: Ասիկա աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր թուրք արտաքին գործոց նախարարի մը Դամասկոս առաջին այցելութիւնն էր: Թրքական լրատու գործակալութիւններու համաձայն, Շարհի հետ Ֆիտանի հանդիպումին ներկայ էին Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնխարար Նուհ Եըլմազը եւ Դամասկոսի մէջ...

Page 124 of 795 1 … 123 124 125 … 795

Արխիւներ