Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը  Սուրիոյ Ծովեզերեայ Շրջանին Մէջ Զինուորական  Գործողութեան Աւարտը Յայտարարեց

Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Սուրիոյ Ծովեզերեայ Շրջանին Մէջ Զինուորական Գործողութեան Աւարտը Յայտարարեց

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր գնդապետ-զօրավար Հասան Ապտելղանի յայտարարեց. «Գործողութեան երկրորդ փուլի մեկնարկէն ետք մեր ժողովուրդին մեր տուած խոստումը յարգելով կը յայտարարենք, որ մեր ուժերը յաջողեցան ներկայ փուլին համար ճշդուած բոլոր նպատակները իրագործել»: Ապտելղանի նշեց. «Յաջողեցանք հին վարչակարգի մնացորդին եւ անոր սպաներուն յարձակումները չէզոքացնել, քանդեցինք անոնց անակնկալի տարրը, յաջողեցանք զանոնք կենսական վայրերէն հեռացնել եւ ապահովեցինք մեծամասնութիւնը պետական ճամբաներուն, որոնք մնացորդները օգտագործեցին...

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը  Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամները

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամները

8 մարտին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր անդամները` առաջնորդութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի: Կուսակցութեան ներկայացուցիչները վեհափառ հայրապետին համապարփակ տեղեկութիւններ ներկայացուցին ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն մասին: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը շնորհաւորեց Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչը եւ անդամները` կարեւոր նկատելով համազգային ներուժի ծառայեցումը յանուն հայրենիքի զօրացման, ազգի արժանապատիւ ու լուսաւոր գալիքի կերտման: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին...

Ամմանի Մէջ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի,  Իրաքի Եւ Թուրքիոյ Մասնակցութեամբ Ժողով

Ամմանի Մէջ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Իրաքի Եւ Թուրքիոյ Մասնակցութեամբ Ժողով

Երէկ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ եւ անոր դրացի երկիրներու աշխատանքային ժողովը` քննարկելու համար ահաբեկչութեան, թմրեցուցիչի ու զէնքի մաքսանենգման դէմ պայքարելու եւ հասարակաց այլ մարտահրաւէրներու դիմակայման գործնական մեքանիզմները: Յորդանանեան «Փեթրա» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց. «Յորդանանի, Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի արտաքին գործոց ու պաշտպանութեան նախարարներու, ինչպէս նաեւ սպայակոյտի պետերուն ու հետախուզական կառոյցներու տնօրէններու մասնակցութեամբ գումարուող ժողովը կը քննարկէ...

Լաթաքիոյ Մէջ Երկու Հայ Զոհ

Լաթաքիոյ Մէջ Երկու Հայ Զոհ

Նախանցեալ օր, Լաթաքիոյ մուտքին, երկու հայեր` հայր եւ որդի Անթուան եւ Ֆատի Պութրոսներ կրակոցներու զոհ դարձած են: Այս մասին հաղորդեց «Գանձասար»: Հանգուցեալներուն յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է երէկ, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:  

«Այն, Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Ներկայիս  Տեղի Կ՛ունենայ, Նախատեսուած  Մարտահրաւէրներու Ծիրին Մէջ Է»  Կ՛ըսէ Ահմետ Շարհ

«Այն, Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ, Նախատեսուած Մարտահրաւէրներու Ծիրին Մէջ Է» Կ՛ըսէ Ահմետ Շարհ

Սուրիոյ փոխանցման շրջանի նախագահ Ահմետ Շարհ երէկ Դամասկոսի Մազզէ թաղամասի մզկիթին մէջ արշալոյսի նամազի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Կ՛ուզեմ, որ չմտահոգուիք այս երկրով, անիկա ուժի, հպարտութեան ու արժանապատուութեան բազմաթիւ մեծ ներուժ ունի»: «Այն, ինչ որ երկրին մէջ տեղի կ՛ունենայ, նախատեսելի սնամէջ մարտահրաւէրներու շարքին է, պէտք է ազգային միասնականութիւնը պահպանենք, եւ Աստուծոյ կամքով, կրնանք այս երկրին մէջ միասնաբար ապրիլ», յայտարարեց...

Սիրելի՛ Ուսուցիչներ, Պատի՛ւ Ձեզի

Սիրելի՛ Ուսուցիչներ, Պատի՛ւ Ձեզի

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Կրկին ու կրկին, տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ կը դիմաւորենք Ուսուցչաց տօնը: Տօները յիշելու եւ արժեւորելու առիթներ են: Բայց մանաւանդ յաւելեալ արժէք ապահովելու լաւագոյն ենթահող: Ուսուցիչը` հա՛յ ուսուցիչը. ի՛նքն է մեր յաջողութեան գաղտնիքը, ի՛նքն է մեզ մեծցնող ու պաշտօններու հասցնող ձեռքը, ինքն է մեզ դէպի բարօր կեանքի առաջնորդող խոնարհ, բայց խիզախ հերոսը: Երախտագիտութեամբ կը յիշեմ բոլոր իմ ուսուցիչներս, որոնք...

Խմբագրական.  Մասնագիտական Արժեչափերու Որդեգրում  (Կանանց Եւ Ուսուցչաց Տօներուն Առիթով)

Խմբագրական. Մասնագիտական Արժեչափերու Որդեգրում (Կանանց Եւ Ուսուցչաց Տօներուն Առիթով)

Արդէն աւանդութիւն դարձած է, որ Լիբանանի մէջ կը համատեղուին, թուականի կարգով, Կանանց եւ Ուսուցչաց տօները: Եթէ առաջինը միջազգային օրացոյցին մաս կը կազմէ եւ ունի համաշխարհային գաղափարաքաղաքական հնչեղութիւն, ապա երկրորդը Լիբանանի մէջ նշուող տօն է եւ չի տարածուիր այլ երկիրներու մէջ, որոնք ունին ուսուցիչներու արժեւորման այլ օրեր: Մինչ առաջինը ընկերային խնդիրներ, գաղափարական հարցեր, իրաւահաւասարութեան սկզբունքներ առաջադրելու, արծարծելու, քննարկումներ ծաւալելու, նոյնիսկ ընտրական...

Պաապտայի Պալատին Մէջ  Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Պաապտայի Պալատին Մէջ Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Նախագահ Աուն Պըրրիին ներկայացուց Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ զինք դրաւ Գահիրէի մէջ Արաբական արտակարգ վեհաժողովի ծիրին մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մթնոլորտին մէջ: Հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահները նաեւ քննարկեցին Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի կացութիւնը:  

Ռուբէն Վարդանեան Պաքուի Բանտէն Յայտարարեց.  «Ոչ Թէ Զիս Եւ 15 Հոգիներ Կը Դատեն,  Այլ Բոլոր Հայերը»

Ռուբէն Վարդանեան Պաքուի Բանտէն Յայտարարեց. «Ոչ Թէ Զիս Եւ 15 Հոգիներ Կը Դատեն, Այլ Բոլոր Հայերը»

Ապօրինաբար Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան 7 մարտին ընտանիքին միջոցով ձայնային ուղերձ փոխանցած է` հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին խնդրելով ձայնագրել իր ձայնը եւ հրապարակային դարձնել զայն: Ուղերձին մէջ ան յատկապէս խաղաղութեան կոչ կ՛ուղղէ` հիմնուած մարդկային հիմնարար արժէքներու եւ արժանապատուութեան վրայ: «Նախ եւ առաջ, կը ցանկամ բոլորիդ շնորհակալութիւն յայտնել` միտքերով, աղօթքներով եւ նամակներով ինծի աջակցելու, այստեղ կատարուողին...

Յառաջիկայ Շաբաթ Ռիատի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Եւ Ուքրանիոյ  Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Յառաջիկայ Շաբաթ Ռիատի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Ուքրանիոյ Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչները յաջորդ շաբաթ պիտի հանդիպին Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Այս մասին կը յայտնեն Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, «Ֆոքս Նիուզ»-ը եւ «Աքսիոս»-ը: «Ուքրանիոյ եւ ամերիկայի խումբերը վերսկսած են աշխատանքը, եւ յոյս ունինք, որ յաջորդ շաբաթ բովանդակալից հանդիպում պիտի ունենանք», «Էքս»-ի վրայ գրած է Ուքրանիոյ նախագահը: «Ֆոքս Նիուզ»-ի Սպիտակ տան թղթակից Ճեքի Հենրիխ գրած է, որ բանակցութիւնները տեղի պիտի...

Սուրիոյ Ծովեզերեայ Շրջանին Մէջ  Վտանգաւոր Մագլցում.  Աւելի Քան 70 Զոհեր` Ապահովական Ուժերու  Եւ Զինեալներու Միջեւ Բախումներու Հետեւանքով

Սուրիոյ Ծովեզերեայ Շրջանին Մէջ Վտանգաւոր Մագլցում. Աւելի Քան 70 Զոհեր` Ապահովական Ուժերու Եւ Զինեալներու Միջեւ Բախումներու Հետեւանքով

Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ հինգշաբթի գիշեր «ապահովական ուժերու ու զինեալներու միջեւ» բախումներու հետեւանքով աւելի քան 70 զոհեր արձանագրուած են: Դիտարանը «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Աւելի քան 70 զոհեր, տասնեակներով վիրաւորներ եւ գերիներ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ պաշտպանութեան ու ներքին գործոց նախարարութեան անդամներու եւ նախկին վարչակարգի բանակէն զինեալներու միջեւ բախումներու եւ արիւնալի թակարդներու հետեւանքով»: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը ուրբաթ առտու հաղորդեց,...

Կոչ

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովը Ընտրեց ՀՅԴ Բիւրոյի Նոր Կազմը

6 մարտին Հայաստանի մէջ իր աշխատանքները աւարտած է ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը: Ժողովի աւարտին ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի նոր կազմ` Արմէն Ռուստամեան (Հայաստան), Լիլիթ Գալստեան (Հայաստան), Տարօն Տօնոյեան (Հայաստան), Արսէն Համբարձումեան (Հայաստան), Սեւան Դանիէլեան (Իրան), Խաժակ Մկրտիչեան (Միացեալ Նահանգներ), Տարօն Տէր Խաչատուրեան (Միացեալ Նահանգներ), Յովսէփ Տէր Գէորգեան (Ֆրանսա), Մուրատ Փափազեան (Ֆրանսա), Յակոբ Բագրատունի (Լիբանան), Րաֆֆի Տօնապետեան (Քանատա): ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոն...

Խորհրդարանի Վստահութեան Քուէն Ստանալէն Ետք  Առաջին Նիստի Ընթացքին.  Նախարարաց Խորհուրդը Հրամանագիրով Մը  Որդեգրեց 2025 Թուականի Ամավարկը

Խորհրդարանի Վստահութեան Քուէն Ստանալէն Ետք Առաջին Նիստի Ընթացքին. Նախարարաց Խորհուրդը Հրամանագիրով Մը Որդեգրեց 2025 Թուականի Ամավարկը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց խորհրդարանին կողմէ վստահութեան քուէ ստանալէն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի Ռիատ եւ Գահիրէ այցելութիւններէն ետք իր առաջին ժողովը: Նախքան ժողովը, նախագահ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ տեղի ունեցաւ ժողով մը, որուն ընթացքին անոնք համաձայնեցան, առ ի գործադրութիւն Լիբանանի սահմանադրութեան 65-րդ յօդուածին, նախարարաց խորհուրդի նիստերը այսուհետեւ գումարելու Թանգարանի շրջանին մէջ գտնուող կեդրոնատեղիի մը...

Խօսքը Ուղղելով Համասին`  Թրամփ. «Գերիները Հիմա Ազատ Արձակեցէ՛ք,  Այլապէս Հետագային Ծանր Գին Պիտի Վճարէք,  Ասիկա Վերջին Զգուշացումն Է»

Խօսքը Ուղղելով Համասին` Թրամփ. «Գերիները Հիմա Ազատ Արձակեցէ՛ք, Այլապէս Հետագային Ծանր Գին Պիտի Վճարէք, Ասիկա Վերջին Զգուշացումն Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խօսքը պաղեստինեան Համաս շարժումին ուղղելով «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Շալոմ» Համաս, կը նշանակէ «բարեւ» կամ «ցտեսութիւն»` կրնայ ընտրել: Բոլոր պատանդները հիմա ազատ արձակեցէ՛ք եւ ոչ թէ աւելի ուշ, եւ անմիջապէս վերադարձուցէք ձեր կողմէ սպաննուած մարդոց բոլոր մարմինները, այլապէս ձեզի համար ամէն ինչ աւարտած է: Միայն հիւանդ ու այլասերած մարդիկ դիակներ կը...

Ռուպիօ. «Ուքրանիոյ Տագնապին Աւարտը Ռուսիայէն  Եւ Ուքրանիայէն Զիջումներ Պիտի Պահանջէ»

Ռուպիօ. «Ուքրանիոյ Տագնապին Աւարտը Ռուսիայէն Եւ Ուքրանիայէն Զիջումներ Պիտի Պահանջէ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց. «(Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ) Թրամփ Ուքրանիոյ հարցով կը փորձէ իմանալ, թէ դէպի խաղաղութեան ուղի գոյութիւն ունի՞»: «Կարիքը ունինք տագնապին վերջ տալու ուղի մը գտնելու, եւ ատիկա Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն զիջումներ պիտի պահանջէ», նշեց Ռուպիօ: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց. «Պէտք է երկու կողմերը բանակցութեան սեղանի շուրջ բերել, եւ ուքրանացիները պէտք է այդտեղ ըլլան,...

Զելենսքի. «Խաղաղութիւնը Անձնատուութիւն  Կամ Ուքրանիոյ Փլուզում Չի Կրնար Նշանակել»

Զելենսքի. «Խաղաղութիւնը Անձնատուութիւն Կամ Ուքրանիոյ Փլուզում Չի Կրնար Նշանակել»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին` «անոր յստակ տեսլականին եւ խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն համար»: Ուքրանիոյ նախագահը երէկ «Էքս»-ի վրայ համապատասխան ուղերձ հրապարակած է: «Խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ իրական եւ ոչ միայն բառերով. անիկա չի կրնար նշանակել անձնատուութիւն կամ Ուքրանիոյ փլուզում, անիկա պէտք է ըլլայ արդար, յուսալի եւ տեւական, եւ ատոր կարելի է հասնիլ միայն Ուքրանիոյ,...

Ակնարկ.   3  Թէժ Կէտերու Մէջ Ակնկալութիւններ Եւ Պայմաններ

Ակնարկ. 3 Թէժ Կէտերու Մէջ Ակնկալութիւններ Եւ Պայմաններ

Միջինարեւելեան երեք թէժ կէտերու ուղղութիւններով նոր շրջափուլի նախադրեալներ կը պարզուին: Սկսինք Լիբանանէն: Ուշագրաւ են հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա եւ այնտեղ կայացած թէ՛ ընդլայնուած հանդիպումներն ու թէ՛ առանձնազրոյցը Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգին հետ: Անմիջապէս պէտք է արձանագրել, որ հանրապետութեան նախագահին տուած առաջին այցելութեան վայրը Ռիատն է, որ ի դէպ վերաշխուժացուցած էր իր ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ, յատկապէս նախագահի ընտրութեան, վարչապետի նշանակման կարեւորագոյն...

Սիսիի Եւ Պահրէյնի Թագաւորին Հետ  Հանդիպումներ.  Աուն Շարհի Հետ Համաձայնեցաւ Լիբանան-Սուրիա  Սահմանի Հսկողութեան Անհրաժեշտութեան Շուրջ

Սիսիի Եւ Պահրէյնի Թագաւորին Հետ Հանդիպումներ. Աուն Շարհի Հետ Համաձայնեցաւ Լիբանան-Սուրիա Սահմանի Հսկողութեան Անհրաժեշտութեան Շուրջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն Գահիրէի մէջ Արաբական արտակարգ վեհաժողովի ծիրին մէջ իր հանդիպումներու շարքը աւարտեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ հանդիպումով` ներկայութեամբ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի, անոր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի եւ լիբանանեան ու եգիպտական պատուիրակութիւններու անդամներուն: Նախագահ Աուն Սիսիին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հարցով միջազգային Հնգեակին ճամբով Լիբանանի նախագահական աթոռի դատարկութեան վերջ տալու ջանքերուն Եգիպտոսի մասնակցութեան...

Արաբական Արտակարգ Վեհաժողովը Որդեգրեց  Կազայի Վերաշինութեան Եգիպտական Ծրագիրը

Արաբական Վեհաժողովը Լիբանանէն Իսրայէլի Ամբողջական Հեռացումն Ու Գերիներու Յանձնումը Կը Պահանջէ

Գահիրէի մէջ երեքշաբթի, 4 մարտին գումարուած Արաբական արտակարգ վեհաժողովը իբրեւ արաբական միացեալ ծրագիր որդեգրեց Կազայի վերաշինութեան ծրագիրը, որ ներկայացուած էր Եգիպտոսի կողմէ Պաղեստինի եւ արաբական պետութիւններու հետ համակարգաբար: Արաբական արտակարգ վեհաժողովը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց տեղակայելու միջազգային խաղաղապահ ուժ մը, որ կ՛իրագործէ պաղեստինցի եւ իսրայէլացի ժողովուրդներուն Այսրյորդանանի ու Կազայի մէջ անվտանգութեան ապահովումը եւ կ՛ըլլայ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման քաղաքական հեռանկարի...

Թրամփ. «Ուքրանիան Պատրաստ Է Որքան  Կարելի Է Շուտ Նստելու  Բանակցութիւններու Սեղանի Շուրջ»

Թրամփ. «Ուքրանիան Պատրաստ Է Որքան Կարելի Է Շուտ Նստելու Բանակցութիւններու Սեղանի Շուրջ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ետք Քոնկրեսին մէջ իր արտասանած առաջին խօսքի ընթացքին յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիէն ստացած է նամակ մը, որուն մէջ ան կը յայտարարէ խաղաղութեան բանակցութիւններու պատրաստակամութեան մասին: Անոր համաձայն, Ռուսիոյ կողմէ եւս խաղաղութեան պատրաստակամութեան մասին ազդակներ ստացուած են: «Այսօր ես կարեւոր նամակ ստացայ Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքիէն: Նամակին մէջ կը նշուի. «Ուքրանիան պատրաստ...

Page 110 of 795 1 … 109 110 111 … 795

Արխիւներ