Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի հերթական առցանց նիստը գումարուեցաւ Կիրակի, 11 Մայիս 2025-ի երեկոյեան, Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ։

Օրակարգի կէտերուն ներառուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի առիթով հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ հնչած պետական-պաշտօնական յայտարարութիւնները եւ ընդհանրապէս այդ առիթով տեղի ունեցած ոգեկոչական ձեռնարկներն ու ուղերձները։

Նիստի ընթացքին ժողովականները հաստատեցին, որ Երեւանէն հնչած պետական յայտարարութինները ետդարձ կատարած էին Համահայկական հռչակագիրի բանաձեւած կէտերէն, շրջանցած էին Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումի գործողութիւնները եւ ընդհանրապէս օսմանեան կայսրութեան ու Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպանութիւններու թեմաները շրջանցուած էին ու դուրս մղուած հատուցման պահանջները։ Նկատելի էր պետական ուղերձներուն մէջ Ցեղասպանութեան խնդրին ներհայաստանեան սահմանում տալու քաղաքականութիւնը։

Այս առումով նիստը ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետի պատգամին համահայկականութիւնը, շարունակուող ցեղասպանութեան փաստերը, համազգային օրակարգերու շուրջ համախմբուելու հրամայականը եւ պահանջատիրական երթը հայրենիք-Սփիւռք միացեալ աշխատանքներուն մէջ անշրջանցելի առաջադրանք պահելու անհրաժեշտութիւնը։

Ազրպէճյանի քարոզչական-քաղաքական աշխատանքներուն մէջ, Վատիկանի Գրիգորեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովը լուսարձակի տակ առնելով, Հայաստանի եւ Սփիւռքի փորձագէտները քննեցին Պաքուի որդեգրած ռազմավարութիւնը՝ քրիստոնէական կեդրոններ շահագործելով Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութենէն հայկական հետքերն ու պատկանելիութիւնը ջնջելու ուղղութեամբ։

Դիտարժան նկատուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ունեցած հանդիպումներն ու բազմամիլիոն լսարաններ ունեցող իտալական նշանաւոր զանգուածային լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցները, որոնց բովանդակութեան առանցք էին շարունակուող ցեղասպանութիւնները՝ օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ Պաքուի ներկայ իշխանութիւնները։ Այս իրազեկումները կ՚ընկալուին Վատիկանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութեան նախաձեռնած համագումարին պատասխան, որ իր շարունակութիւնը պիտի ունենայ անպայման։

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակը իր նիստին անդրադարձաւ նաեւ 27-28 Մայիս 2025-ին Պեռնի մէջ տեղի ունենալիք Արցախի հոգեւոր-մշակութային վտանգուած ժառանգութեան պահպանման թեման ունեցող համագումարին, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի մասնակիցի յատուկ պատուիրակութեամբ։

Յայտնեք, որ հրատարակութեան յանձնուած, Անթիլիասի մէջ կայացած Արցախի ցեղասպանութեան տարբեր ծալքերը ներկայացուցած գիտաժողովի նիւթերու հաւաքածոն շուտով լոյսին կու գայ։ Հատորին ներառուած են բազմաոլորտ ուղղութիւններով գիտաքաղաքական նիւթեր, որոնք կրնան հիմք ծառայել այսօրուան համահայկական օրակարգերու մշակման եւ անոնց ընդառաջ աշխատանքներ ծաւալելու առաջադրանքին։

 

Նախորդը

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 12, 2025
Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025
Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ  Ընտրութիւնները Կայացան`  Սահմանափակ Խնդիրներով
Գլխաւոր լուրեր

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ Ընտրութիւնները Կայացան` Սահմանափակ Խնդիրներով

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?