Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

May 10, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմին առիթով զինուորական տողանցքի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Յաղթանակի օրը ռուսերուն համար կը մնայ կարեւորագոյն տօնը, Ռուսիոյ մէջ միշտ պիտի յիշեն սխրանքը այն զինուորներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին նացիականութեան յաղթելու համար»` նշելով. «Ռուսիան եղած է եւ պիտի շարունակէ անխորտակելի պատուար մնալ նացիականութեան, ռուսատեացութեան եւ հակասեմականութեան ջատագովներու առջեւ, եւ պիտի պայքարինք բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը փորձեն պատմութիւնը փոխել»:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ նշեց. «Կեդրոնական Ասիոյ եւ Անդրկովկասի ժողովուրդներու ներդրումը հսկայական էր»:

«Դէմ պիտի կանգնինք բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն պատմութիւնը աղաւաղել, եւ մեր պարտաւորութիւնն է պաշտպանել խորհրդային բանակի մարտիկներուն պատմութիւնն ու յաղթանակը: Ամբողջ ռուս ժողովուրդը կը զօրակցի Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութեան եւ կը հպարտանայ իր զինուորներուն քաջագործութիւններով», նշեց Ռուսիոյ նախագահը:

«Ռուսիան բարձր կը գնահատէ յաղթանակի իրագործման մէջ մեր դաշնակիցներուն բերած նպաստը, եւ նացիականութեան ամբողջական պարտութիւնը իրագործուեցաւ շնորհիւ շարք մը երկիրներու միացեալ ջանքերուն», յայտնեց ան:

«Պիտի պաշտպանենք մեր հասարակաց տունն ու մարդասիրական արժէքները եւ այս մեծ ժառանգութիւնը պիտի փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն», աւելցուց Փութին` նշելով «Պատերազմի եւ խաղաղութեան մէջ մեր միասնականութեան կը վստահինք` հասնելու համար յանուն մեծն Ռուսիոյ եւ իր շահերուն մեր ռազմավարական նպատակներուն: Փա՛ռք յաղթական ժողովուրդներուն»:

Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնած է, թէ Ռուսիոյ նախագահն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը օգնականներու միջոցով Համաշխարհային Բ. պատերազմի Յաղթանակի օրուան առիթով զիրար շնորհաւորած են:

Նախորդը

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու. Հաւանականութիւնը Շատ Մեծ Է, Որ Թրամփ Այս Շաբաթավերջին Կազայի Խնդիրին Համապարփակ Լուծում Մը Յայտարարէ

Յաջորդը

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.