Ռուսիան Ուքրանիոյ կ՛առաջարկէ 15 մայիսին Պոլսոյ մէջ առանց նախապայմանի վերսկսիլ ուղիղ բանակցութիւնները, որոնք ընդհատուած էին 2022 թուականին: Այս մասին Համաշխարհային Բ. պատերազմի 80-ամեակի հիւրերու հետ միջազգային հանդիպումներէն ետք իր յայտարարութեան մէջ ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
«Մենք կ՛առաջարկենք առանց յետաձգման սկսիլ յաջորդ հինգշաբթի` 15 մայիսին, Պոլիսէն, ուր ատոնք (բանակցութիւնները) նախապէս տեղի ունեցած էին եւ ուր ընդհատուած են», ըսած է Փութին:
Անոր համաձայն, այսօր ծրագրուած է զրոյց իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Այդ զրոյցի ընթացքին ան պիտի հարցնէ բանակցութիւնները վարելու կարելիութեան մասին: Փութին չէ բացառած նոր, «իրական զինադադարի» շուրջ համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւնը:
Ռուսիոյ նախագահը ընդգծած է, որ Մոսկուան պատրաստ է առանց նախապայմանի բանակցութիւններու: «Մենք պատրաստ ենք Ուքրանիոյ հետ լուրջ բանակցութիւններու», վստահեցուցած է Փութին:
Ռուսիոյ ղեկավարը անոնց իմաստը որակած է իբրեւ «տագնապի արմատական պատճառներու վերացում» եւ «պատմական հեռանկարի վրայ երկարաժամկէտ, տեւական խաղաղութեան հաստատման ուղղուած քայլեր»:
«Մենք չենք բացառեր, որ այս բանակցութիւններուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ համաձայնիլ նոր եւ իրական զինադադարի մը շուրջ», ըսած է Փութին:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ողջունած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Քիեւի հետ ուղիղ բանակցութիւնները վերսկսելու առաջարկը:
«Ասիկա կրնայ հիանալի օր ըլլալ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ համար: Մտածեցէք հարիւր հազարաւոր կեանքերու մասին, որոնք պիտի փրկուին, երբ այս անվերջանալի «սպանդը» աւարտի», «Թրութ Սոշըլ»-ի վրայ գրած է ան:
Սպիտակ տան ղեկավարին համաձայն, ինք «պիտի շարունակէ աշխատիլ տագնապի երկու կողմերուն հետ` ապահովելու համար, որ անիկա (բանակցութիւնը) տեղի ունենայ»:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու Փութինի առաջարկը որակած է «առաջին, սակայն անբաւարար քայլ»:
Մաքրոն նաեւ ըսած է, որ Փութին «ելք կը փնտռէ եւ կ՛ուզէ ժամանակ շահիլ»: Ան ընդգծած է. «Բանակցութիւնները պէտք չէ նախորդեն անվերապահ զինադադարին»:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի «թելեկրամ»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց, թէ Ուքրանիան պատրաստ է հանդիպելու:
«Լաւ նշան է, որ ռուսերը վերջապէս կը մտածեն պատերազմը աւարտելու մասին: Աշխարհի վրայ բոլորը շատ երկար սպասած են ատոր: Եւ որեւէ պատերազմի իրական աւարտի առաջին քայլը զինադադարն է: Անիմաստ է սպանութիւնները նոյնիսկ մէկ օր շարունակել: Մենք կ՛ակնկալենք, որ Ռուսիան վաղուընէ` 12 մայիսէն սկսեալ ամբողջական, տեւական եւ վստահելի զինադադար հաստատէ: Ուքրանիան պատրաստ է հանդիպելու», գրեց ան:
Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին ողջունած է 15 մայիսին Պոլսոյ մէջ ժողով գումարելու Քիեւին ուղղուած Ռուսիոյ նախագահին հրաւէրը` նշելով. «Թուրքիան պատրաստ է տեւական լուծումի գոյացման ձգտող որեւէ բանակցութիւն հիւրընկալելու»:
Թուրքիոյ նախագահը ըսած է, որ Ուքրանիոյ տագնապը լուծելու համար «կարելիութիւններու պատուհան» բացուած է: Ան նաեւ նշած է, որ համապարփակ զինադադարի բանակցութիւններու համար անհրաժեշտ մթնոլորտ պիտի ստեղծէ: