Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիան Խիստ Զգուշացում  Կ՛ուղղէ Հայաստանին

Քրեմլին. «Փութին Ուիթքոֆի Միջոցով Տեղեկութիւն Փոխանցած Է Թրամփին. Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցին Մէջ Զգուշաւոր Լաւատեսութեան Հիմքեր Կան»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հինգշաբթի ուշ երեկոյեան ընդունած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը եւ անոր միջոցով տեղեկութիւններ ու լրացուցիչ ազդակներ փոխանցած Տանըլտ Թրամփին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այս մասին երէկ յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Երէկ ուշ երեկոյեան զայն ընդունած է նախագահ Փութինը, ռուսական կողմին տրամադրուած է լրացուցիչ տեղեկութիւն: Փութին Ուիթքոֆի միջոցով տեղեկութիւն եւ...

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամները.  «Շատոնց Ժամանակն Է Ալիեւի Վարչակարգին Դէմ  Պատժամիջոցներ Կիրարկելու»

Եւրոպական Խորհրդարանը Ընդունեց Բանաձեւ` Դատապարտելով` Ազրպէյճանի Կողմէ Հայ Պատանդներուն Հանդէպ Անմարդկային Վերաբերմունքը Եւ Պահանջելով Անոնց Ազատ Արձակումը

Եւրոպական խորհրդարանը 13 մարտին 523 թեր, 3 դէմ, եւ 84 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց «Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներու, որոնց կարգին Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան քաղաքական ներկայացուցիչներու ապօրինի ձերբակալութիւնն ու անոնց դէմ շինծու դատավարութիւնները» խորագրեալ բանաձեւ մը, որուն մէջ դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներուն հանդէպ անմարդկային վերաբերմունքը, պահանջեց անոնց անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակումը եւ կոչ ուղղեց յարգելու արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքը: Ստորեւ` բանաձեւին...

Ազրպէյճան Կրկին Խախտած Է  Պայմանաւորուածութիւնը.  Հայ Զինուոր Մը Վիրաւորուած Է

Պաքու Եւ Երեւան Կը Հաստատեն Խաղաղութեան Պայմանագիրին Շուրջ Բանակցութիւններու Աւարտը

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան վրայ տարուող աշխատանքները աւարտած են, Երեւանը ընդունած է բաց մնացած վերջին երկու կէտերը», ԱՓԱ-ի համաձայն, Պաքուի մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով: Անոր համաձայն, յաջորդ փուլին «Հայաստանի Սահմանադրութենէն պէտք է հեռացուին Ազրպէյճանին ուղղուած տարածքային պահանջները: Բացի ատկէ, պէտք է լուծարուին Մինսքի խմբակն ու անոր մնացորդները»: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Զինուորական  Եւ Ապահովական Նշանակումները

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Զինուորական Եւ Ապահովական Նշանակումները

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, որ նիստին սկիզբը յայտնեց. «Անցեալ նիստին ստորագրեցինք 2025 թուականի ամավարկը, եւ ելեւմուտքի նախարարէն կը խնդրեմ, որ հսկէ ծախսերուն` կիրարկելով պետական հաշուետուութեան օրէնքի 118-րդ կէտը, եւ իւրաքանչիւր 3 ամիսը անգամ մը ծախսերուն վերաբերեալ կառավարութեան զեկուցում ներկայացնէ»: Նախագահը նաեւ կառավարութիւնը դրաւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր հանդիպումի մթնոլորտին...

Թրամփ. «Եթէ Փութին Չստորագրէ 30-Օրեայ  Զինադադարի Համաձայնագիրը, Միացեալ Նահանգները  Կրնան Ելեւմտապէս Վատ Բաներ Ընել Ռուսիոյ»

Թրամփ. «Եթէ Փութին Չստորագրէ 30-Օրեայ Զինադադարի Համաձայնագիրը, Միացեալ Նահանգները Կրնան Ելեւմտապէս Վատ Բաներ Ընել Ռուսիոյ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ըսած է, որ կրնայ ելեւմտապէս թիրախաւորել Ռուսիան, եթէ վերջինս չհամաձայնի Ուքրանիոյ հետ պատերազմին մէջ 30-օրեայ զինադադարին: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն»-ը` մանրամասնելով, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին նախքան այդ Թրամփին կոչ ուղղած էր կարծր քայլեր ձեռնարկելու, եթէ Մոսկուան չաջակցի Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւններու հանդիպման ժամանակ 30-օրեայ զինադադարի հաստատման շուրջ գոյացած...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Եւրոպական Խորհրդարանի Որոշումը Եւ Շօշափելի Քայլերու Կոչ Ուղղեց

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այսօր՝ 13 մարտին լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը․ «Եւրոպական դատարանը այսօր 523 թեր, 3 դէմ եւ 84 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց «Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան քաղաքական ներկայացուցիչներու ապօրինի ձերբակալութիւնը եւ անոնց դէմ շինծու դատավարութիւնները» խորագիրով բանաձեւը՝ դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներուն հանդէպ անմարդկային վերաբերմունքը եւ պահանջելով անոնց անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակումը։...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վտանգալից Կարգաւորում

Ակնարկ. Պատճառներ Շատ Կան

Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացին հայկական կողմի պատուիրակը յայտարարած է, թէ պատճառ չկայ, որ Հայաստանն ու Թուրքիան չհաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ սահմանները չբանան: Անշուշտ հիմնական խոչընդոտներ կան, որոնց կը գիտակցի հայկական կողմը: Երեւան-Անգարա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը կամ սահմանի բացումը պայմանաւորուած են Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններով: Ամէն առիթի Անգարայի ներկայացուցիչները այդ նախապայմանը կը շարունակեն արծարծել: Եթէ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը չկնքեն խաղաղութեան պայմանագիր, ապա սահմանը կը...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ Հայաստանի մէջ, 25 փետրուարէն 6 մարտ 2025-ին: Ժողովի աւարտին Բիւրոյի նոր կազմի անդամ ընտրուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, որ ստանձնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Միջին Արեւելքի պատասխանատուութիւնը: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երեքշաբթի, 11 մարտ 2025-ին գումարուած իր ժողովին, Յակոբ Բագրատունիի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընտրութեան լոյսին տակ, միաձայնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական...

Ամերիկացի Քրիստոնեայ Ղեկավարներու Դաշինքը  Դիմած Է Թրամփին` Կոչ Ուղղելով Վճռական Քայլեր  Ձեռնարկելու Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող  Քրիստոնեայ Պատանդներու Ազատ Արձակման Համար

Ամերիկացի Քրիստոնեայ Ղեկավարներու Դաշինքը Դիմած Է Թրամփին` Կոչ Ուղղելով Վճռական Քայլեր Ձեռնարկելու Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Քրիստոնեայ Պատանդներու Ազատ Արձակման Համար

Ամերիկացի քրիստոնեայ ղեկավարներու դաշինքը նամակ յղած է նախագահ Տանըլտ Թրամփին` կոչ ուղղելով վճռական քայլեր ձեռնարկելու Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պահուող 24 քրիստոնեայ պատանդներու` 23 հայու եւ մէկ կրօնափոխ ազրպէյճանցիի ազատ արձակման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Քրիշչըն Նիուզ Ուայըր» կայքը: Բաց նամակին տակ ստորագրածները վկայակոչած են խոշտանգումներու եւ շարունակուող բռնութիւններու մասին հաւաստի հաղորդումները` ընդգծելով իրենց համոզումը, որ նախագահ Թրամփի ղեկավարութիւնը եզակի...

Թրամփ. «Զելենսքին Սպիտակ Տուն Պիտի Հրաւիրեմ  Եւ Փութինի Հետ Խօսիմ. Յուսամ  Զինադադարին Կը Համաձայնի»

Թրամփ. «Զելենսքին Սպիտակ Տուն Պիտի Հրաւիրեմ Եւ Փութինի Հետ Խօսիմ. Յուսամ Զինադադարին Կը Համաձայնի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին դարձեալ Սպիտակ տուն պիտի հրաւիրեմ»` աւելցնելով. «Փութինի հետ հեռաձայնային կապ պիտի հաստատեմ, եւ յոյսով եմ, որ Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի հաստատման համաձայն կ՛ըլլայ»: Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ամերիկեան-ուքրանական բանակցութիւններէն եւ Ուքրանիոյ 30 օր տեւողութեամբ զինադադարի հաստատման համաձայն ըլլալէն ետք մաղթեց. «Ռուսերուն հետ այսօր կամ վաղը հանդիպում պիտի ունենանք»: «Կ՛ուզենք, որ աւարտի...

Քաց. «Իսրայէլեան Բանակը Կը Պատրաստուի  Անորոշ Թուականով Սուրիոյ Մէջ Մնալու»

Քաց. «Իսրայէլեան Բանակը Կը Պատրաստուի Անորոշ Թուականով Սուրիոյ Մէջ Մնալու»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Հերմոն լեռ իր այցելութեան ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի անորոշ ժամանակով Սուրիոյ մէջ մնալու»: «Երբ Ժուլանին (Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ) ամէն առտու աչքերը բանայ, պիտի տեսնէ, որ իսրայէլեան բանակը Հերմոն լեռէն զինք կը դիտէ, եւ պիտի յիշէ, որ մենք հոս ենք», նշեց Քաց: «Պիտի պահենք Հերմոն լերան վրայ արգելակիչ գօտին եւ պիտի երաշխաւորենք, որ...

Եւրոպական Միութիւնը  Կը Քննադատէ Քոսովոյի  Կողմէ Վեց Թուրքերու`  Թուրքիոյ Արտայանձնումը

Եւրոպական Խորհրդարանը Այսօր Լիագումար Նիստի Ընթացքին Պիտի Քննարկէ Պաքուի Մէջ Ապօրինաբար Պահուող Հայերու Հարցը

Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ծիրին մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ քննարկում Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու վերաբերեալ: Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին համաձայն, Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան խախտման դէպքերու վերաբերեալ քննարկումներու ծիրին մէջ եւրոպացի խորհրդարանականներու ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան նաեւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիները` «Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներու, ներառեալ...

Բագրատունի. «Մեզմէ Պէտք Է Հեռացնենք  Յուսալքութիւնն Ու Հիասթափութիւնը»

Բագրատունի. «Մեզմէ Պէտք Է Հեռացնենք Յուսալքութիւնն Ու Հիասթափութիւնը»

Ժամանակին Պաղեստինի ազատագրական շարժումը իր ծրագիրէն հանեց Իսրայէլը «ոչնչացնելու» դրոյթը, այսինքն, գնաց փոխգործակցութեան: Արդեօք անկէ ետք Պաղեստինը անկախութիւն ձեռք բերա՞ւ: Այս հարցադրումը 24News-ի «Յետագիծ Նարեկ Գալստեանի հետ» հաղորդման ժամանակ ըրած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի` նկատի ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն այն քողարկուած քաղաքականութիւնը, ըստ որուն Ազրպէյճանի պահանջով Սահմանադրութենէն պիտի հանուի Անկախութեան հռչակագիրի մասին դրոյթը: «Ժամանակին մենք...

Իսրայէլ Ազատ Արձակեց Հինգ Լիբանանցի Գերիներ

Իսրայէլ Ազատ Արձակեց Հինգ Լիբանանցի Գերիներ

«Ամերիկայի, Ֆրանսայի Եւ Լիբանանի Հետ Սահմաններու Հարցի Լուծման Համար Աշխատանքային Խմբակի Ստեղծման Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացաւ» Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Գրասենեակը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը երէկ հաղորդեց, որ Նաքուրա գիւղին մէջ գումարուած է ժողով մը` մասնակցութեամբ իսրայէլեան բանակի, Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչներու: Գրասենեակը հաղորդեց, որ Նաքուրայի հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է շրջանին մէջ անվտանգութեան ամրապնդման միացեալ երեք խումբեր ստեղծելու շուրջ:...

Սուրիոյ Քիւրտերը Համաձայնագիր Ստորագրեցին`  Դառնալով Սուրիոյ Նոր Իշխանութիւններու  Անվտանգութեան Ուժերու Մաս

Սուրիոյ Քիւրտերը Համաձայնագիր Ստորագրեցին` Դառնալով Սուրիոյ Նոր Իշխանութիւններու Անվտանգութեան Ուժերու Մաս

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը համաձայնագիր ստորագրած են` միանալու Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն ենթակայ անվտանգութեան ուժերուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի անցումային շրջանի գրասենեակը «Թելեկրամ»-ի վրայ: Համապատասխան փաստաթուղթը ստորագրուած է Շարհի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մալզում Ապտիի հանդիպման ժամանակ: Ըստ համաձայնագիրին, որուն բովանդակութիւնը հրապարակած է Սուրիոյ ղեկավարի գրասենեակը, «բոլոր քաղաքային եւ...

Քալլաս. «Պատրաստ Ենք Սուրիոյ Դէմ  Պատժամիջոցները Վերահաստատելու,  Եթէ Որեւէ Վատթարացում Տեսնենք»

Քալլաս. «Պատրաստ Ենք Սուրիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Վերահաստատելու, Եթէ Որեւէ Վատթարացում Տեսնենք»

Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս յայտնեց. «Բուռն կերպով կը մերժենք Կազայի մէջ ժողովրդագրական կամ շրջանային որեւէ փոփոխութիւն կատարելու որեւէ փորձ»: Ան ողջունեց Կազայի վերաշինութեան արաբական ծրագիրը, որ նաեւ որդեգրուեցաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէ` նշելով, որ անիկա լուրջ է, «եւ այս գաղափարները պիտի քննարկենք մեր արաբ գործընկերներուն հետ»: «Կը զօրակցինք ապագայ պաղեստինեան պետութեան, եւ Կազան անոր անբաժանելի...

Ակնարկ.  Սուրիան, Տարածաշրջանը`  Հայկական Ոսպնեակով

Ակնարկ. Սուրիան, Տարածաշրջանը` Հայկական Ոսպնեակով

Ծովեզերեայ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած բախումներուն եւ հաւաքական սպանութիւններուն առիթով սուրիական նորահաստատ իշխանութիւններու ղեկավարողին յայտարարութիւնը առ այն, որ անոնք նախատեսուած մարտահրաւէրներու շարքին էին, որոշ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդէ: Նախ այն, որ ալեւիներու նկատմամբ նման գործողութիւններ կրնային իրականանալ: Տարբեր խնդիր, թէ նախորդ վարչակարգի մնացորդաց ուժերու կողմէ  խռովարարութի՞ւն է, թէ՞ վրէժխնդրութեան ակունքներէ կը բխի այս երեւոյթը: Կայ անշուշտ երրորդ տեսութիւնը, որ կանխածրագրուած եւ ժողովրդագրական պատկերի...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Յայտարարութիւն ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովի

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ամբողջ հայութեան համար աշխարհաքաղաքական եւ ներազգային լրջագոյն մարտահրաւէրներու, Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւման, Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան, հայոց պետականութեան դէմ ուղղուած գոյութենական սպառնալիքներու ժամանակահատուածի մը մէջ։ Պատերազմներով ընկերացող համաշխարհային վերադասաւորումները, միջազգային կառոյցներու եւ միջազգային օրէնքի, ինչպէս նաեւ զսպումի արդիւնաւէտ գործիքակազմերու բացակայութիւնը ապահովական մարտահրաւէրներ են հայոց պետականութեան լինելիութեան ու հայկական համայնքներու կենսունակութեան համար։ 44-օրեայ...

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Նորընտիր  Բիւրոյի Մամուլի Ասուլիսը

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Նորընտիր Բիւրոյի Մամուլի Ասուլիսը

10 մարտին ՀՅԴ Բիւրոյի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի մամլոյ ասուլիսը` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ` Յակոբ Բագրատունիի եւ Լիլիթ Գալստեանի մասնակցութեամբ: Լիլիթ Գալստեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյին մէջ կնոջ ներկայութեան արժեւորման համար` յոյս յայտնելով, որ կ՛արդարացնէ այս պատասխանատուութիւնը, ապա ընթերցեց ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովին յայտարարութիւնը: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ...

ՀՅԴ Նորընտիր Բիւրոյի Անդամները  Հանդիպում Ունեցան Արցախի Նախագահին Հետ

ՀՅԴ Նորընտիր Բիւրոյի Անդամները Հանդիպում Ունեցան Արցախի Նախագահին Հետ

10 մարտին ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի անդամները` ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Հայաստանի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցչութիւն եւ հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան բռնի տեղահանուած Արցախի ժողովուրդին հիմնախնդիրները, անոնց լուծման հնարաւոր տարբերակները` յատկապէս պատմական հայրենիք վերադարձի ուղղութեամբ կատարուող քայլերը: Կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի մէջ արցախցիներու արժանապատիւ ապրելու պայմաններու ստեղծումը` թէ՛ իրաւական եւ թէ՛ ընկերային-հոգեբանական ոլորտներուն մէջ:...

Page 109 of 795 1 … 108 109 110 … 795

Արխիւներ