Մոսկուայէն, Քիեւէն, Անգարայէն եւ Ուաշինկթընէն կը հնչեն լաւատեսական յայտարարութիւններ Ուքրանիա-Ռուսիա պատերազմական գործողութիւնները դադրեցնելու, զինադուլ կնքելու եւ բանակցութիւններ սկսելու մասին: Անգարան միջնորդի դեր վերցուցած է, ըստ պաշտօնական լրահոսին ընդառաջելով Ռուսիոյ նախագահի առաջարկին, բանակցութիւններու հարթակ տրամադրելու առումով:
Պէտք չէ աճապարել սակայն եզրակացնելու համար, որ համաձայնութիւն կայացած է եւ թէ ժամանակաւոր հրադադարը կրնայ երկարատեւ դառնալ: Հանգոյցներ կան տակաւին, որոնցմէ առաջինը համաձայնութիւններու յաջորդականութեան շուրջ է:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը յայտարարէր, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Միացեալ Նահանգները, լաւագոյն պարագային, 30 օր տեւողութեամբ առանց նախապայմաններու զինադադարի հաստատման կոչ կ՛ուղղեն: Ան յոյս կը յայտնէր, որ ընդունելի զինադադար մը կը յարգուի, եւ երկու երկիրները ուղիղ բանակցութիւններու ձեւաչափը յարգելու պատասխանատուութեան տէր կը կանգնին: Այս լաւատեսութեան կ՛ընկերանար սակայն սպառնալիք մը. եթէ զինադադարը չյարգուի, ապա Միացեալ Նահանգներն ու անոնց գործընկերները յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի հաստատեն:
Այստեղ պահանջը կը թուի, որ Մոսկուային ուղղուած է յարգելու զինադադարը: Կայ նաեւ յստակ ակնարկ ուղիղ բանակցութիւններու ձեւաչափին կառչած մնալու: Ինչ որ կ՛ենթադրէ ոչ միջնորդաւորուած բանակցութիւններ:
Ռուսիոյ դաշնութեան բանբերին յայտարարութիւնը պայմանականութիւն ներառած էր: Հրադադարի հարցը կը քննարկուի միայն Պոլսոյ մէջ կայանալիք բանակցութիւններէն ետք:
Այստեղ կայ հակասական տարբերութիւն: Քիեւը կը յստակացնէր, որ Փութինի` Պոլսոյ մէջ բանակցութիւններ վարելու առաջարկէն ետք, Ուքրանիոյ նախագահը նշած է, որ պատրաստ է բանակցութիւններու սկսիլ մայիսի 12-ին, եթէ Մոսկուան մինչ այդ դադրեցնէ կրակը:
Ուքրանիոյ նախագահին կողքին դիրքորոշուած է Ֆրանսայի նախագահը` ընդգծելով, որ Քիեւի մէջ նախագահ Թրամփի հետ միասին յստակ առաջարկ ըրած են 30 օրուան համար անվերապահ հրադադար հաստատելու: Ըստ Մաքրոնի, գնդակը Մոսկուայի դաշտին մէջ է եւ պատասխան կ՛ակնկալուի Ռուսիոյ նախագահէն: Այսինքն, ոչ մէկ զինադուլ առանց հրադադարի:
Ուաշինկթընի եւ Փարիզի մօտեցումները մօտ են իրարու: Փարիզին վստահուած է աւելի կարծր ըլլալու, պայմանական խօսելու դերը: Մինչ Ուաշինկթընը կը զգուշացնէ զինադուլի շուրջ չհամաձայնելու կամ հրադադարը չյարգելու հետեւանքներէն:
Այս յայտարարութիւններէն կ՛ընկալուի այն, որ եթէ մինչեւ ամսուն 15 Մոսկուան կրակը չդադրեցնէ, բանակցութիւններ չեն սկսիր:
Անորոշ է մայիս 15-ին բանակցութիւններ սկսելու հաւանականութիւնը: Այդ կը նշանակէ, որ կը տապալի նաեւ Պոլսոյ հարթակը կամ Անգարայի միջնորդութիւնը: Անգարան, որ ինքնաառաջադրուած էր հարթակ տրամադրելու առումով, հիմա պիտի փորձէ աշխատիլ, որ Մոսկուան դադրեցնէ կրակը նախքան մայիս 15-ը:
Պաշտօնական առաջարկին ներառուած է 30-օրեայ ժամկէտը: Այս կ՛ենթադրէ հրադադարի ժամանակաւոր բնոյթ: Որուն ընթացքին եթէ խախտի զինադուլը, ապա հաւաքական Արեւմուտքին կողմէ ի գործ կը դրուին յաւելեալ պատժամիջոցները:
Ուրեմն, ամբողջ հանգոյցը կը վերաբերի հրադադար ե՞տքը բանակցութիւններ, թէ՞ նախ բանակցութիւնները, ապա հրադադար երկկողմանիօրէն խոր շարժառիթներ ունեցող երկուութեան:
«Ա.»