Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

May 9, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վատիկանի Սիսթինեան մատուռին մէջ հաւաքուած 133 կարտինալները փակարանի չորրորդ քուէարկութեան ընթացքին երէկ ամերիկացի կարտինալ 69-ամեայ Ռապըրթ Փրեւոսթը ընտրեցին իբրեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ 267-րդ պապ: Ան ընտրեց Լեւոն ԺԴ. անունը:

Ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ ամերիկացի մը կը դառնայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսապետ: Ան ծանօթ է իբրեւ «ամերիկացիներուն մէջ նուազագոյն ամերիկացի եղողը» եւ կը պատկանի եկեղեցւոյ չափաւորական թեւին: Նոր պապը ծանօթ է իբրեւ համեստ մարդ մը:

Նոր պապը ծնած է Շիքակօ: Ան միսիոնարական աշխատանք կատարած է Հարաւային Ամերիկայի մէջ եւ վերջերս կը վարէր եպիսկոպոսներու նշանակման Վատիկանի ազդեցիկ գրասենեակը: Փրեւոսթ այդ պաշտօնին նշանակուելէն ետք «Վաթիքըն Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր. «Ինքզինքս միսիոնար մը կը նկատեմ: Կոչումս, ինչպէս իւրաքանչիւր քրիստոնեայինը, միսիոնար ըլլալն է, Աւետարանը քարոզելն է, հոն, ուր կարիքը կայ»: Ան ամբողջ տասնամեակ մը ծառայած է Փերուի Թրուխիլօ քաղաքին մէջ, ապա 2014-2023 ծառայած է Փերուի Չիքլայօ քաղաքին մէջ:

Լեւոն ԺԴ. Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուածները ողջունեց «Խաղաղութիւն ձեր բոլորին» խօսքով: Ապա իտալերէն եւ սպաներէն խօսք մը արտասանեց:

«Մեր ականջներուն մէջ պահենք Ֆրանչիսկոս պապի տկար ձայնը, որ Հռոմը օրհնեց: Պապը, որ Հռոմը օրհնեց, այդ Սուրբ Զատկուան առաւօտը իր օրհնութիւնը տուաւ ամբողջ աշխարհին: Արտօնեցէ՛ք այդ օրհնութեան վրայ աւելցնել: Աստուած մեզ կը սիրէ: Աստուած բոլորը կը սիրէ: Չարը պիտի չտիրէ», յայտարարեց Լեւոն ԺԴ. պապը: Ապա սպաներէնով օրհնեց Փերուի մէջ իր «սիրելի թեմը»:

«Նաեւ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել իմ կարտինալ եղբայրներուս, որոնք զիս ընտրեցին Պետրոսին յաջորդը ըլլալու եւ ձեզի հետ քալելու իբրեւ միացեալ եկեղեցի մը: Միշտ ձգտելով խաղաղութեան եւ արդարութեան: Ձգտելով աշխատիլ այրերու եւ կիներու հետ, որոնք հաւատարիմ են Յիսուս Քրիստոսին` առանց վախնալու Աւետարանը քարոզելէ, միսիոնարներ ըլլալէ», ըսաւ ան:

«Պէտք է միասնաբար ձգտինք միսիոնարական եկեղեցի մը ըլլալու. եկեղեցի մը, որ կամուրջներ կը կառուցէ եւ երկխօսութիւն կը կատարէ», յայտնեց Լեւոն ԺԴ. եւ ժողովուրդին կոչ ուղղեց` ուրիշներուն «ողորմութիւն ցուցաբերելու եւ սիրով երկխօսութեան մէջ ըլլալու»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Մեծ պատիւ է, որ Վատիկանի պապը ամերիկացի քաղաքացի է: Անհամբեր կը սպասեմ Լեւոն ԺԴ.-ի հետ մօտ օրէն հանդիպումին»:

 

Նախորդը

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Յաջորդը

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.