Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օմանի Մէջ Աւելի Քան 3 Ժամ Տեւողութեամբ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւններ

Մայիս 12, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ տեղի ունեցաւ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու 4-րդ փուլը, որ աւելի քան 3 ժամ տեւեց:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաշայի անուղղակի բանակցութիւններու աւարտին յայտնեց. «Բանակցութիւնները դժուար էին, սակայն օգտակար` հասկնալու համար դիրքորոշումները, եւ տարակարծութիւնները լուծելու իրատեսական ուղիներ գտնելու համար»:

Ան աւելցուց, որ Օմանի իշխանութիւնները պիտի ստանձնեն յաջորդ փուլը համակարգելու եւ զայն յայտարարելու պարտականութիւնը:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնեց, որ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ ուղղակի եւ ոչ ուղղակի բանակցութիւններ վարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ:

«Համաձայնութիւն գոյացաւ Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ յառաջ ընթանալու` շարունակելու համար թեքնիք տարրերու վրայ աշխատանքը», նշեց պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Իրանի հետ այսօրուան բանակցութիւններու արդիւնքներուն նկատմամբ լաւատես ենք, եւ անհամբեր կը սպասենք մօտ օրէն մեր յառաջիկայ ժողովին»:

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր պըն Համատ Պուսայիտ յայտնեց. «Օմանի մէջ հիւլէական բանակցութիւնները ունեցան օգտակար եւ նորարարական գաղափարներ, որոնք արժանապատիւ համաձայնութեան հասնելու փափաք կ՛արտացոլեն»:

«Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ հիւլէական բանակցութիւններու յաջորդ փուլը պիտի գումարուի կողմերուն իրենց ղեկավարներուն հետ խորհրդակցութենէն անմիջապէս ետք», նշեց ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ամերիկայի հետ բանակցութիւնները նախորդ փուլերուն բաղդատմամբ աւելի լուրջ էին»:

«Ամերիկեան եւ իրանեան կողմերը այժմ զիրար աւելի լաւ կը հասկնան», նշեց Արաղչի` աւելցնելով. «Իւրանիոմի հարստացման մեր ծրագիրը սակարկելի չէ»:

Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ, եւ Թեհրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ ամերիկացի աւագ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ շաբաթ օր «Պրիթպարթ Նիուզ» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ իրանեան կառավարութիւնը իրեն յայտնած է, թէ հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու չի ձգտիր, եւ Միացեալ Նահանգներ այս յայտարարութիւնը լուրջի կ՛առնեն, սակայն կը պահանջեն գործնական քայլեր, որոնք կը ներառեն Իրանի մէջ իւրանիոմի հարստացման կառոյցներու կազմաքանդումը:

Ուիթքոֆ յայտնեց, որ Օմանի եւ Հռոմի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու փուլէն ետք, յառաջիկայ օրերուն բանակցութիւններու 4-րդ փուլ մը կրնայ Օմանի մէջ տեղի ունենալ:

Ան շեշտեց, որ իր երկիրը կտրուկ կերպով կը մերժէ Իրանի մէջ իւրանիոմի հարստացման որեւէ աշխատանք` ընդգծելով, որ ամերիկեան կարմիր գիծն է «հարստացման բացառում, կեդրոնական հնոցներու բացառում եւ հիւլէական զէնքի բացառում»:

Ան ըսաւ, որ Թեհրան պէտք է իր հիւլէական կայանները վերածէ Պուշահր հիւլէական կայանին նման քաղաքային ծրագիրներու:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ սպասուող համաձայնութիւնը պիտի նմանի՞ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի օրով ստորագրուած Համապարփակ միացեալ աշխատանքի ծրագիրին, Ուիթքոֆ ըսաւ, թէ ներկայ պայմանները Իրանը կը դնեն աւելի տկար դիրքի վրայ, եւ համաձայնութիւնը «աւելի ուժեղ» պիտի ըլլայ` շեշտելով, որ պատժամիջոցներու ջնջումը ստանձնուած յանձնառութիւններու ամբողջական կատարումէն առաջ պիտի չըլլայ:

Ամերիկացի պատուիրակը աւելցուց, որ Իրան գործակցութեան եւ Թրամփի հետ դիմակայման միջեւ պէտք է ընտրէ` նշելով, որ վերջինը «անխոհեմ» պիտի ըլլայ:

Ուիթքոֆ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ տկար համաձայնութիւն մը պիտի չընդունին եւ այլ ուղի պիտի որդեգրեն, եթէ ընթացիկ բանակցութիւնները ձախողին:

Ան նաեւ ըսաւ, որ ապագային բանակցութիւնները կրնան ընդլայնուելով ներառել մշակութային եւ տնտեսական թղթածրարներ, ինչպէս նաեւ շրջանային խնդիրներ, որոնք կը վերաբերին Համասի, Հըզպալլայի եւ հուսիներու նման խմբաւորումներու ֆինանսաւորման ու զինման դադրեցում:

Ուիթքոֆ հարցազրոյցը եզրափակեց նշելով, որ հիւլէական թղթածրարը «գոյութենական հարց» է, որ պէտք է շտապ կերպով լուծել:

 

 

Նախորդը

Ֆիտան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Զինադադարի Վերահսկման Առաքելութիւնը Ստանձնելու, Եթէ Անիկա Հաստատուի»

Յաջորդը

Փութին. «Քիեւին Կ՛առաջարկենք 15 Մայիսին Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Ուղիղ Բանակցութիւնները` Առանց Որեւէ Նախապայմանի»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025
Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ  Ընտրութիւնները Կայացան`  Սահմանափակ Խնդիրներով
Գլխաւոր լուրեր

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ Ընտրութիւնները Կայացան` Սահմանափակ Խնդիրներով

Մայիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց  Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?