Հնդկաստանը մտադիր չէ Փաքիստանի հետ տագնապը սրելու, սակայն կոշտ պատասխան պիտի տայ, եթէ Իսլամապատը զինուորական յարձակումի սկսի: Այս մասին Նիւ Տելհիի մէջ հնդկական-իրանեան միացեալ յանձնախումբի նիստի բացման ժամանակ յայտարարած է Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքար:
«Մեր նպատակը կացութիւնը սրելը չէ: Բայց եւ այնպէս, եթէ մեր վրայ զինուորական յարձակում ըլլայ, պէտք չէ կասկած ըլլայ, որ պիտի ըլլայ շատ, շատ կոշտ պատասխան», ըսած է ան:
Ճայշանքար յիշեցուցած է, որ 22 ապրիլին հնդկական Ճամու եւ Քաշմիր շրջանի տարածքին մէջ` Փահլկամի մէջ, խաղաղ բնակիչներու դէմ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը «Հնդկաստանին ստիպած է պատասխանել 7 մայիսին` թիրախաւորելով անդրսահմանային ահաբեկչական ենթակառոյցը»:
«Մեր պատասխանը նպատակային ու հաւասարակշռուած էր», շեշտած է հնդկական դիւանագիտութեան պետը:
Փաքիստանեան բանակը յայտարարեց, որ չորեքշաբթի օր Հնդկաստանի կողմէ արձակուած 25 իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր վար առած է` «թեքնիք եւ զինուորական միջոցներով»:


