Երէկ Հիւսիսի եւ Աքքարի նահանգներուն մէջ տեղի ունեցան քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններ, որոնք ընթացան տարբեր վայրերու մէջ եւ քուէարկութեան տարբեր սենեակներու մէջ թեկնածուներու ներկայացուցիչներու միջեւ ծագած սահմանափակ խնդիրներով, ինչպէս նաեւ վարչական թեքնիք բնոյթի բողոքներով, որոնք լուծուեցան:
Մեծ խնդիր արձանագրուեցաւ Աքքարի Մար Թումա գիւղի ընտրական կեդրոնին մէջ, այդ պատճառով ալ քուէարկութիւնը դադրեցաւ, մինչեւ որ բանակն ու ապահովական ուժերը խնդիրը լուծեցին:
Աքքարի Թքրիթ գիւղի պետական վարժարանին բակին մէջ իրարանցումի ստեղծումէն ետք քուէարկութիւնը դադրեցաւ, եւ բանակը միջամտեց:
«Էլ.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ Աքքարի Քըրքաֆ գիւղի պետական վարժարանին մէջ եւս քուէարկութիւնը կէս ժամով դադրեցաւ` տարբեր ընտրացանկերու համակիրներուն միջեւ խնդիրի հետեւանքով:
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան այցելեց ներքին գործոց նախարարութեան գործողութիւններու գրասենեակ` հետեւելու համար ընտրութիւններու ընթացքին:
Նախագահը յայտնեց. «Այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ, ներքին եւ արտաքին պատգամ մըն է, թէ լիբանանեան պետութիւնը վերադարձած է ճիշդ ուղիին»:
«Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները բարգաւաճման վերաբերող գործընթացներ են, եւ ոչ թէ` քաղաքական», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:
Աուն ըսաւ, որ ընտրակաշառքները, որոնց մասին Լեռնալիբանանի ընտրութիւններու ընթացքին խօսուեցան, «դատական հետապնդումի կ՛ենթարկուին, եւ այս ծիրին մէջ կալանաւորումներ տեղի ունեցան»:
Նախագահը հիւսիսային Լիբանանի բնակիչներուն կոչ ուղղեց` մեծաթիւ մասնակցութիւն բերելու քուէարկութեան` ըսելով. «Հիւսիսային Լիբանանի մեր ժողովուրդէն կը խնդրենք քուէարկութեան մեծ թիւով մասնակցելու եւ քուէարկելու ծրագիրին եւ ոչ թէ անձին»:
Ան գովաբանեց ընտրական օրուան ընթացքին ապահովական ուժերու աշխատանքը:
Պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսա իր կարգին այցելեց ներքին գործոց նախարարութեան մէջ ընտրութիւններու յատուկ գրասենեակ եւ ըսաւ. «Եթէ հանրապետութեան նախագահը նետն է, ապա ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները անոր թեւերն են: Այս թեւերը նետը կ՛առաջնորդեն, եւ անիկա կ՛ուղղուի ընտրական ժողովրդավարական հոլովոյթի ապահովման ուղղութեամբ»:
«Պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւն ու համակարգում կայ, եւ լիբանանեան բանակը տարածուած է լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ: Բանակը ընտրական հոլովոյթի ընթացքին կը գործէ ընտրական կեդրոններէն դուրս եւ կը միջամտէ միայն ներքին գործոց նախարարութեան խնդրանքով` անհրաժեշտութեան պարագային նեցուկ կանգնելու համար», ըսաւ նախարարը:
Մնասսա շեշտեց. «Ներքին գործոց նախարարութիւնը հսկայական աշխատանք կը տանի, եւ համակարգում կայ, եւ միշտ բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ այդպէս պէտք է ըլլայ, իւրաքանչիւրը իր լիազօրութիւններուն համաձայն»:
Պաշտպանութեան նախարարը նաեւ յայտարարեց. «Բանակը պիտի ճշդէ որեւէ խախտում, որուն ընտրական կեդրոն մը կ՛ենթարկուի: Անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանումը պարտաւորութիւն է»:
Ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժար պաշտպանութեան նախարարը ընդունած ատեն իր կարգին ըսաւ. «Համակարգումը կը շարունակուի, որովհետեւ ընտրական հոլովոյթը յաջողցնելը կառավարական ամբողջական համակարգումի կը կարօտի»:
«Այսօր առտու հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը գրասենեակ եկաւ, իսկ հիմա պաշտպանութեան նախարարը եկաւ, եւ ես քիչ առաջ կապի մէջ էի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Կառավարութիւնը ամբողջական համակարգումով եւ լրջութեամբ կ՛աշխատի ընտրութիւնները յաջողցնելու եւ ընտրական կեդրոնները պաշտպանելու համար», նշեց նախարարը:
«Ներքին ապահովութեան ուժերը քուէատուփերն ու քուէարկութեան կեդրոնները կը պաշտպանեն, իսկ լիբանանեան բանակի, քուէարկութեան կեդրոններէն դուրս եւ մերձակայքին մէջ իր ուժեղ ու մեծաթիւ ներկայութեամբ ընտրական հոլովոյթի անվտանգութեան վերահսկողութիւն կ՛ապահովէ», նշեց Հաժժար:
«Հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի մէջ ընտրութիւններու գլխաւոր մարտահրաւէրը ապահովական մարտահրաւէրն է, եւ նախարարին այստեղ ներկայութիւնը, կառավարական բարձր համակարգումին կողքին, կը հաստատէ որեւէ ապահովական խախտում արգիլելու եւ քուէներու հաշուարկի եւ արդիւնքներու հրապարակման հոլովոյթին հետեւելու բանակին դերը»:
Ներքին գործոց նախարարը աւելի ուշ Թրիփոլի այցելելով յայտնեց. «Քաղաքացիներուն կողմէն բարձր յանձնառութիւն եւ կեդրոններուն մէջ լաւ կազմակերպուածութիւն նկատեցի` ապահովական խիստ քայլերով, որոնք կ՛ապահովեն ժողովրդավարական հոլովոյթին անվտանգութիւնը»:
«Այսօրուան ընտրական օրը հանդարտ սկսաւ, եւ աւելի ուշ տեսանք կարգ մը խնդիրներ եւ ընտրական կարգ մը կիրքեր: Կարգ մը շրջաններու մէջ աշխատանք կը տանինք այդ ընտրական կիրքերէն խուսափելու եւ բոլոր խնդիրներէն խուսափելու, սակայն այս խնդիրները ոչ ժողովրդավարական բնոյթ կը ստանան, ուստի ապահովական մարմինները իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը միջամտեն կարգ ու կանոնը վերահաստատելու համար», նշեց Հաժժար:
«Աքքարի, Տընիէի, Թրիփոլիի եւ ամբողջ հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի շրջաններու մեր ժողովուրդէն կը խնդրեմ իրենց ժողովրդավարական իրաւունքը ամենայն ազատութեամբ կիրարկելու, եւ պէտք է քաղաքակիրթ պատկեր ցոյց տանք: Ուստի, բոլոր այս խնդիրները պէտք է դադրին, եւ ապահովական ուժերը պիտի չտատամսին զանոնք վերահսկողութեան տակ առնելու եւ պիտի ձերբակալեն ոեւէ անձ, պիտի կասեցնեն որեւէ խախտում կամ ոտնձգութիւն: Անվտանգութեան խախտումը արգիլուած է», աւելցուց նախարարը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Պաթրունի մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց. «Ազգային ազատ հոսանքի դիրքորոշումը ամբողջ Լիբանանի պարագային նոյնն է»` աւելցնելով. «Յարգեցինք ընտանիքներու ընտրանքը եւ զօրակցեցանք հոն, ուր յարմար դատեցինք, ուստի ազատ հոսանքականները, իբրեւ համակիրներ եւ կուսակցականներ, ներկայ են հիւսիսային Լիբանանի բոլոր գիւղերուն մէջ` հասնելով մինչեւ Ուատի Խալետ»:
«Այսօր քուէարկութիւնը Պաթրունի համար է», ըսաւ ան` յիշեցնելով. «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ամէնուր համաձայնութեան կոչ ուղղեց, սակայն ուրիշներ չընդունեցին, ինչպէս Ճիւնիի մէջ եղաւ, եւ մեր ընտրանքը միշտ ալ նոյնն էր»:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Թրիփոլիի մէջ քուէարկելէ ետք քաղաքի բնակիչներուն կոչ ուղղեց` մեծ թիւերով մասնակցելու քուէարկութեան:
«Կ՛ողջունեմ կառավարութիւնը ընտրութիւնները հոյակապ կերպով կատարելուն համար: Ժողովրդավարութիւնը գեղեցիկ է, եւ մեր կատարած կիրարկումը լաւ է, եւ Աստուած ուզէ, արդիւնքն ալ այդպէս պիտի ըլլայ, որովհետեւ ներկայ ընտրութիւնը շրջաններուն, բոլոր գիւղերուն եւ քաղաքներուն համար բարիք է, որպէսզի այդտեղ բարգաւաճում տեղի ունենայ», նշեց Միքաթի:
Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Սթրիտա Ժահժահ Պշարրէ գիւղին մէջ քուէարկելէ առաջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամին շնորհակալութիւն յայտնեց «սահմանադրական գործընթացները իրենց ժամկէտին կատարել պնդելնուն համար»: Ան նաեւ ողջունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարին թափած ջանքերը:
Ան խօսքը Պշարրէի բնակիչներուն ուղղելով ըսաւ. «Հաքիմին (Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին, «Ա.») պիտի ղրկենք վարդ մը, որ իրեն վայել է»` շեշտելով. «Գեղեցկութիւնը յաղթանակին եւ ժողովրդավարական հարսանիքին մէջ»:
Պատասխանելով հարցումի մը` ան նշեց. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Պշարրէի մէջ բազմազանութեան դէմ չէ, եւ բնակիչներուն մեր ուսերուն դրած պատասխանատուութիւնը արտայայտութիւնն է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան քաղաքական ուղղուածութեան նկատմամբ իրենց հաւատքին եւ շրջանին մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու հանդէպ անոնց վստահութեան»:
Սթրիտա Ժահժահ աւելցուց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «պիտի չքուէարկէ, որովհետեւ Պշարրէի բոլոր բնակիչները իր զաւակները կը նկատէ»: