Գլխաւոր լուրեր

«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն

Փենթակոն Միջին Արեւելքի Մէջ Օդանաւակիրներու Թիւը Երկուքի Բարձրացուց

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի մէջ իրենց օդանաւակիրներուն թիւը պիտի բարձրացնեն երկուքի. ներկայիս Ծոցի ջուրերուն մէջ գտնուող օդանաւակիրին պիտի միանայ երկրորդ մը, որ ա՛յժմ կը գտնուի Հնդկաց եւ Խաղաղական ովկիանոսներու շրջանին մէջ»: Փենթակոնի բանբեր Շան Պառնել հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Քարլ Վինսըն» օդանաւակիրը պիտի միանայ «Հարի Էս.Թրումըն» օդանաւակիրին` շարունակելու համար շրջանային կայունութեան ամրապնդումը, կանխարգիլելու համար որեւէ...

Ամերիկացի վաթսուն քոնկրեսականներ Մարքօ Ռուպիոյին կոչ ուղղած են դադրեցնելու ռազմական օգնութիւնը Ազրպէյճանին

Ամերիկացի վաթսուն քոնկրեսականներ Մարքօ Ռուպիոյին կոչ ուղղած են դադրեցնելու ռազմական օգնութիւնը Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի վաթսուն քոնկրեսականներ կոչ ուղղած են արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին կիրարկելու «Ազատութեան» աջակցութեան օրէնքի 907-րդ յօդուածը՝ պահանջելով անյապաղ դադրեցնել Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը Ազրպէյճանին, նշելով Պաքուի կողմէ Արցախի 120․000 բնիկ հայ քրիստոնեայ բնակչութեան ցեղային զտումները, ինքնիշխան հայկական տարածքներու շարունակական բռնագրաւումը, ինչպէս նաեւ հայ գերիներու անօրինական կալանաւորումն ու բռնութիւնները։ Քոնկրեսականներ Մայք...

Ակնարկ.    Յարձակումներու Արարներ, Զգուշացման Յուշումներով

Ակնարկ. Յարձակումներու Արարներ, Զգուշացման Յուշումներով

Հարաւային Լիբանանէն դէպի Պէյրութ իսրայէլեան յարձակումներուն անցումը Թել Աւիւի կողմէ դրուած առաջադրանքներու մասին որոշ մտածումներու դուռ կը բանայ: Իսրայէլ ստեղծուած պահը կը փորձէ լիարժէք օգտագործել հաշուեյարդարները մինչեւ վերջ հասցնելու: Իսրայէլեան ուժերը տակաւին չեն հեռացած լիբանանեան տարածքներէն: Անոնք ներխուժած են նաեւ Սուրիա, կը վերահսկեն որոշ ռազմագիտական դիրքեր, վերակահաւորած են Կոլանի բարձունքներուն իրենց ռազմական յենակէտերը, կ՛աշխատին ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատել Սուրիա - դրացի ...

Իսրայէլ Լայնածաւալ Յարձակումներու Ծիրին Մէջ Նաեւ Յարձակում Գործեց Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Իսրայէլ Լայնածաւալ Յարձակումներու Ծիրին Մէջ Նաեւ Յարձակում Գործեց Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտ յայտարարեց, որ իր օդային պաշտպանութեան համակարգերը վնասազերծած են Լիբանանէն արձակուած հրթիռ մը, իսկ երկրորդ հրթիռ մըն ալ ինկած է լիբանանեան հողերու մէջ: Մինչ այդ, ահազանգ հնչած էր հիւսիսային Իսրայէլի Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին եւ անոր մերձակայքին մէջ: Իսրայէլեան բանակը հակադարձեց հրետանիով եւ ֆոսֆորէ ռումբերով ռմբակոծելով հարաւային Լիբանանի Խիամ քաղաքի արեւելեան թաղամասը: Իսրայէլեան ռմբակոծման պատճառով Խիամի Պարաքէ...

Մաքրոն. «Կը Կարծեմ, Որ Լիբանանը Այսօր Ճիշդ Ուղիի Վրայ Է, Մենք Լիբանանի Կողքին Պիտի Կանգնինք` Նոր Իշխանութեան Յաջողութիւնը Երաշխաւորելու Համար»

Մաքրոն. «Կը Կարծեմ, Որ Լիբանանը Այսօր Ճիշդ Ուղիի Վրայ Է, Մենք Լիբանանի Կողքին Պիտի Կանգնինք` Նոր Իշխանութեան Յաջողութիւնը Երաշխաւորելու Համար»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Փարիզ, ուր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի ընկերակցութեամբ առցանց ժողով մը գումարեց Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ, ապա երկու նախագահները Կիպրոսի նախագահին ու Յունաստանի վարչապետին կողքին մասնակցեցան լիբանանեան-ֆրանսական-յունական-կիպրական միացեալ բանակցութիւններու: Նախագահ Աուն Մաքրոնի հետ ունեցաւ լիբանանեան եւ ֆրանսական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ հանդիպում մը, որուն աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մաքրոն զօրակցութիւն յայտնեց Պէյրութի բնակիչներուն,...

Փութին Կ՛առաջարկէ Ուքրանիոյ Մէջ Ժամանակաւոր Արտաքին Կառավարութիւն Հաստատել Եւ Նոր Ընտրութիւններ Կատարել

Փութին Կ՛առաջարկէ Ուքրանիոյ Մէջ Ժամանակաւոր Արտաքին Կառավարութիւն Հաստատել Եւ Նոր Ընտրութիւններ Կատարել

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսած է, որ Ռուսիոյ համար հասկնալի չէ, թէ ուքրանական կողմէն որո՛ւ հետ պէտք է որեւէ համաձայնագիր ստորագրէ, որովհետեւ «վաղը այնտեղ պիտի գան այլ ղեկավարներ»: Ան առաջարկած է քննարկել ՄԱԿ-ի եւ քանի մը երկիրներու հովանիին տակ Ուքրանիոյ մէջ ժամանակաւոր կառավարման ներդրման հարցը` այնտեղ ընտրութիւններ կատարելու համար: Այս մասին կը գրէ «Քոմերսանթ»-ը: Ըստ Փութինի, ընտրութիւններէն ետք կարելի է...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Գումարեցին Հերթական Նիստ

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Գումարեցին Հերթական Նիստ

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հերթական նիստը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 27 մարտ 2025-ին, ՍԴՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։ Առաջին օրակարգին մաս կը կազմէին Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչական ձեռնարկները։ Ժողովը հաստատեց 110-ամեակի կեդրոնական մարմինը։ Այս կազմին առընթեր կազմուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի երիտասարդական մարմին։ Թէ՛ կեդրոնական եւ թէ՛ երիտասարդական մարմինները կը գումարեն ծրագրային նիստեր, որոնց մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւններով տեղեակ կը պահուի լիբանանահայութիւնը։ Խորհրդակցութեան նիւթ էին լիբանանեան իրադարձութիւնները, պետական...

Նախարարաց Խորհուրդը Քարիմ Սուէյտը  Նշանակեց Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչ

Նախարարաց Խորհուրդը Քարիմ Սուէյտը Նշանակեց Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչ

Երէկ Պաապտայի պալատին մէջ նախարարաց խորհուրդի ժամը 12:30-ին նախատեսուած նիստէն առաջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Սալամի միջեւ հանդիպում մը, որմէ ետք ընթացք առաւ կառավարութեան նիստը: Նախքան այդ, «Ախպար» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Քարիմ Սուէյտի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի թեկնածութեան շուրջ համախոհութիւն գոյանալէն ետք, նախագահին ու վարչապետին միջեւ տարակարծութիւնը հասած է գագաթնակէտին, եւ վերջինս սպառնացած է հրաժարիլ, ուստի...

Բագրատունի. «Դաշնակցութեան Համար  Հայաստանը Համայն Հայութեան Հայրենիքն Է»

Բագրատունի. «Դաշնակցութեան Համար Հայաստանը Համայն Հայութեան Հայրենիքն Է»

«Վանայ ձայն» ռատիոկայանի ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արծիւ» յայտագիրի զրուցակիցն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի: Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովին քննարկուած շարք մը խնդիրներու, արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնման հետ կապուած հարցերու: Յակոբ Բագրատունի նաեւ ընդգծեց Ընդհանուր ժողովին բարձրացուած այս եւ այլ խնդիրներու լուծման գործին մէջ երիտասարդութեան դերի կարեւորութիւնը: «Մեր ժողովուրդը...

Թրամփ. «Կրինլանտը Պէտք Է Մերը Ըլլայ,  Եւ Կը Կարծեմ` Պիտի Ըլլայ»

Թրամփ. «Կրինլանտը Պէտք Է Մերը Ըլլայ, Եւ Կը Կարծեմ` Պիտի Ըլլայ»

Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն պէտք է ըլլայ: «Փոլիթիքօ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` Վինս Քոկլանեզի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Կրինլանտը մեզի պէտք է միջազգային անվտանգութեան համար: Անիկա մեզի պէտք է, անիկա պէտք է մերը ըլլայ: Անիկա պաշտպանական եւ յարձակողական դիրք ունեցող կղզի է եւ մեզի անհրաժեշտ եղողն է», ըսած է Թրամփ: Սպիտակ տան ղեկավարը միեւնոյն...

Անգարա Կանխակալ Կը Նկատէ Թուրքիոյ  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ  Միջազգային Դիրքորոշումը

Անգարա Կանխակալ Կը Նկատէ Թուրքիոյ Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ Միջազգային Դիրքորոշումը

Թուրքիան կանխակալ կը նկատէ Պոլսոյ նախկին քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի կալանաւորման եւ անոր հետեւած հանրային լայնածաւալ բողոքներու վերաբերեալ միջազգային ընտանիքի դիրքորոշումը: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է այդ երկրի արդարադատութեան նախարար Եըլմազ Թունջը` միջազգային լրատուամիջոցներու հետ Պոլսոյ մէջ հանդիպման ժամանակ: Ան եւրոպական երկիրներուն կոչ ուղղած է իրադարձութիւնը սթափ գնահատելու: Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր դէմքի` Իմամօղլուի նկատմամբ սկսած քրէական հետապնդումը իրաւապաշտպան...

Նախագահ Աուն Լը Տրիանի Հետ Քննարկեց  Ուրբաթ Օր Ֆրանսա Իր Այցելութեան  Պատրաստութիւնները

Նախագահ Աուն Լը Տրիանի Հետ Քննարկեց Ուրբաթ Օր Ֆրանսա Իր Այցելութեան Պատրաստութիւնները

Ֆրանսայի նախագահի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան այցելեց Լիբանան եւ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, վարչապետ Նաուաֆ Սալամի, արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Նախագահ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լը Տրիանը, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, եւ անոր յայտնեց, որ անհամբեր կը սպասէ ուրբաթ օր Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ...

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան  Պիտի Մեկնի Միացեալ Նահանգներ

Դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան` Կառավարութեան Մօտ Վիճակագրական Հարցերով Խորհրդական

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրի հիմամբ, դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեանին յանձնուեցաւ պարտականութիւն կատարելու կառավարութեան մօտ վիճակագրական հարցերով խորհրդականի պաշտօնը: Դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան 1999-2022 պաշտօնավարած է իբրեւ նախարարաց խորհուրդին կից վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն:

Ռուսիան Եւ Ուքրանիան Համաձայնութիւն  Գոյացուցին Սեւ Ծովուն Մէջ Զինադադարի  Հաստատման Շուրջ

Ռուսիան Եւ Ուքրանիան Համաձայնութիւն Գոյացուցին Սեւ Ծովուն Մէջ Զինադադարի Հաստատման Շուրջ

Ռուսիան եւ Ուքրանիան Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ 24 մարտին շուրջ 12 ժամ տեւած բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնած են նաւագնացութիւնը ապահովելու համար Սեւ ծովուն մէջ զինադադար հաստատելու: Կողմերը համաձայնած են ապահովելու քաղաքային նաւերու անվտանգութիւնը, դադրեցնելու բռնութիւնը եւ կանխարգիլելու առեւտրական նաւերու զինուորական նպատակներով օգտագործումը: Ուաշինկթըն պատրաստ է շարունակելու աջակցութիւնը պատերազմական գերիներու փոխանակման եւ քաղաքայիններու ազատ արձակման հարցերուն մէջ: Կողմերը նաեւ քայլեր կը...

Ուաշինկթըն Ուքրանիոյ Եւ Հարաւային  Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Հարցին Մէջ  Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Խնդրած Է

Ուաշինկթըն Ուքրանիոյ Եւ Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Հարցին Մէջ Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Խնդրած Է

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ 25 մարտին Ուաշինկթընի մէջ ընդունած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը եւ քննարկած անվտանգութեան ու առեւտուրի ոլորտներուն վերաբերող կարեւոր հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Ուքրանիոյ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ խնդրած է Թուրքիոյ աջակցութիւնը:...

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը  Ուրբաթ Օր Պիտի Այցելէ Կրինլանտ` «Ստուգելու  Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ Կացութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը Ուրբաթ Օր Պիտի Այցելէ Կրինլանտ` «Ստուգելու Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ Կացութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս յայտնած է, որ ուրբաթ օր պիտի այցելէ Կրինլանտ, մասնաւորաբար` գնահատելու անվտանգութեան ոլորտին մէջ կացութիւնը: Ան նշած է, որ ամերիկեան պատուիրակութեան մաս կազմող իր կնոջ` Ուշայի հետ 27-29 մարտին նախատեսուած Կրինլանտ այցելութիւնը մեծ ուշադրութիւն գրաւած է: «Այս ուրբաթ Ուշայի Կրինլանտ կատարելիք ուղեւորութեան շուրջ այնպիսի աղմուկ բարձրացած է, որ ես որոշեցի ամբողջ զուարճանքը անոր չձգել: Այսպիսով,...

Ակնարկ.  Զէնքի Միաւորումը` Իսրայէլեան Ուժերու Հեռացման Դիմաց

Ակնարկ. Զէնքի Միաւորումը` Իսրայէլեան Ուժերու Հեռացման Դիմաց

Լիբանանեան քաղաքական եւ պետական դաշտերէն հետզհետէ աւելի յստակ կը հնչէ զէնքի միաւորման առաջադրանքը: Կ՛ակնկալուին գործնական քայլեր, այն համոզումը փոխանցելով, որ երկրի յառաջընթացի հիմնական արգելակիչը այդ խնդիրն է, որ պէտք է հանգուցալուծել արագօրէն: Հանրային այն կարծիքը կը փորձուի ձեւաւորել, որ արտաքին օժանդակութիւնները, որոնցմով պայմանաւորուած է ճգնաժամերէն դուրս գալը, կ՛իրականանան միայն այն ժամանակ, երբ լիբանանեան բանակէն դուրս, որեւէ այլ ռազմական միաւոր կը...

Ոգեկոչման Ձեռնարկ` Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման Եւ Նահատակութեան 40-Ամեակին Առիթով

Ոգեկոչման Ձեռնարկ` Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման Եւ Նահատակութեան 40-Ամեակին Առիթով

Կազմակերպութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, երէկ` երկուշաբթի, 24 մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական արեւելումի գաղափարախօսը` Սարգիս Զէյթլեան» խորագիրով ոգեկոչման ձեռնարկը` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40-ամեակին առիթով: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Մարկոսեան: Ցուցադրուեցաւ Սարգիս...

Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը  Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Ըստ Նահանգներու Ճշդեց 4-Էն 25 Մայիսի Միջեւ

Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Ըստ Նահանգներու Ճշդեց 4-Էն 25 Մայիսի Միջեւ

Ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժար յայտարարեց. «Քաղաքապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան իրենց ճշդուած ժամանակին` 4-էն 25 մայիսի միջեւ, եւ հարաւային Լիբանանի մէջ քանդուած գիւղերուն մէջ ընտրութիւններուն վերաբերեալ յատուկ քայլեր պիտի որդեգրենք»: Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց ըստ նահանգի քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու թուականները. - 4 մայիս 2025-ին` Լեռնալիբանանի մէջ - 11 մայիս 2025-ին` Հիւսիսային Լիբանանի եւ...

Անդրադառնալով Մարգարա – Ալիճան Սահմանային Անցակէտի Ժամանակաւոր Բացման`  Եւրոպական Միութիւն. «Բարի Կամեցողութեան Այս Քայլը Կը Նպաստէ Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Լիարժէք Կարգաւորման Ուղղուած Ջանքերուն»

Անդրադառնալով Մարգարա – Ալիճան Սահմանային Անցակէտի Ժամանակաւոր Բացման` Եւրոպական Միութիւն. «Բարի Կամեցողութեան Այս Քայլը Կը Նպաստէ Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Լիարժէք Կարգաւորման Ուղղուած Ջանքերուն»

Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Մարգարա-Ալիճան սահմանային անցակէտի ժամանակաւոր բացումը: Բարի կամքի այս քայլը ոչ միայն կ՛օգնէ Սուրիոյ մէջ կարիքաւորներուն, այլ նաեւ ցոյց կու տայ երկկողմանի երկխօսութեան յաւելեալ արժէքը եւ կը նպաստէ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն: Այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով Հայաստանի եւ...

Page 106 of 795 1 … 105 106 107 … 795

Արխիւներ