Ընկերվար միջազգայնականին մէջ (ԸՄ) ՀՅԴ ներկայացուցիչ եւ ԸՄ փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան 23-25 մայիսի 2025-ին Պոլսոյ մէջ մասնակցած է ԸՄ-ի նախագահութեան, տնտեսական եւ կազմակերպական յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ խորհուրդի ժողովներուն, ուր քննարկուած են աւելի քան հարիւր երկիրներէ 132 կուսակցութիւն ընդգրկող կազմակերպութեան վերաբերող հարցեր:
ԸՄ-ի` Պոլսոյ մէջ գումարուած ժողովներուն հիւրընկալը Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնն էր: ԸՄ-ի նախագահութեան եւ խորհուրդի նիստերը կը նախագահէր կազմակերպութեան նախագահ, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչես:
Մարիօ Նալպանտեան մասնակցեցաւ կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովներուն` համագումարներու միջեւ ժամանակահատուածին գործող խորհուրդի 24 մայիսի նիստի օրակարգի երկրորդ` «Բռնութեան եւ բախումներու յաղթահարումը, քաղաքացիական անձերու պաշտպանութիւնը» նիւթի քննարկումին:
Մ. Նալպանտեանի ելոյթի հիմնական մասը կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Մեծարգո՛յ նախագահութիւն, սիրելի՛ գործընկերներ, այս ժողովի ընթացքին ամէնէն շատ հնչած բառերը, հաւանաբար, եղած են «խաղաղութիւն», «ժողովրդավարութիւն», «իրաւունք», «մարդու իրաւունքներ», որոնք այլ բառերու կողքին կ՛ամփոփեն համայն մարդկութեան ապրումները այս օրերուն:
Ապրումներ ու համատարած վախեր, երբ կը տեսնենք, որ աշխարհի հզօրները այսօր կը փորձեն օրէնքի փոխարէն հաստատել ուժի գերակայութիւն: Այս ժամանակաշրջանը ես կը կոչեմ յետօրինականութեան շրջան, երբ երկրի ներսը օրէնքները կ՛անտեսուին օրուան իշխանութեան համար, իսկ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ուժը կ՛անտեսէ միջազգային օրէնքը, միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, միջազգային կառավարման համակարգի բազմակողմանի կառուցուածքը` ձգտելով վերադառնալ կայսրութիւններու եւ վասալ պետութիւններու նոր դարաշրջան:
2023-ի վերջին ամիսներուն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին` ցեղասպանութեան կանխարգիլման յատուկ խորհրդական Ալիս Ուայրիմու Նտերիթուն, անդրադառնալով 1948 թուականի ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին համաձայնութեան, ահազանգեց, որ համաձայնութեան ստորագրումէն 75 տարի անց` այսօր ցեղասպանութեան սպառնալիքի տակ են Միանմարի ռոհինգիաները, Եթովպիոյ թիգրայացիները, Սուտանի մասալիթները, Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Կազայի պաղեստինցիները, հայերը Արցախի մէջ, որոնց նկատմամբ միջազգային հանրութիւնը պատշաճ արձագանգ չէ ցուցաբերած:
Արցախի դէպքը շարունակուող յանցագործութիւն է: Հայերը դուրս մղուեցան հազարամեայ իրենց հողերէն Ազրպէյճանի կողմէ, որ կ՛անտեսէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը` երաշխաւորելու բնիկ ժողովուրդին իրաւունքները եւ անոնց արժանապատիւ, անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձը: Աւելի՛ն` խախտելով միջազգային իրաւունքը, Ազրպէյճանը կը շարունակէ գերութեան մէջ պահել հայ գերիները եւ կեղծ մեղադրանքներով կը դատէ զանոնք` Արցախի ղեկավարները, որոնց շարքին է մեր, ձեր ընկեր Դաւիթ Իշխանեանը, որուն ծանօթացաք եւ լսեցիք այս կազմակերպութեան 2022 թուականի համագումարի ընթացքին: Ազրպէյճան հետեւողականօրէն կ՛ոչնչացնէ հայ ժողովուրդի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւնը եւ յուշակոթողները:
Այս ժողովին տարբեր ելոյթներու ընթացքին հնչեցին Նեթանիահուի, Լուքաշենքոյի եւ Ալիեւի անունները: Եւ ատիկա պատահական չէ, որովհետեւ անոնք կ՛ամբողջացնեն իրարու` իրենց կործանարար գործողութիւններով ներկայացնելով մեր ժամանակներու մռայլ կողմը:
Խաղաղութեան մասին խօսքեր եւ մաղթանքներ հնչեցին այս ժողովին տարբեր ելոյթներով: Նոյնիսկ եղաւ ակնարկ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու մասին: Հայաստան եւ Ազրպէյճան կը գտնուին խաղաղութեան գործընթացի մէջ` գործընթաց մը, որուն վերաբերեալ ունինք անհամաձայնութիւններ եւ հարցականներ, սակայն խաղաղութեան գաղափարին լրջօրէն կը հաւատանք: Թուրքիա կը հետեւի այդ գործընթացին եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը պայմանաւորէ այդ պայմանագիրի ստորագրումով` յաւելեալ ճնշում բանեցնելով Հայաստանի վրայ: Սակայն տեղին է յիշեցնել, որ Հայաստան` վերանկախացումէն ի վեր, 1991 թուականէն սկսեալ, մշտապէս ձգտած է առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ, սակայն Թուրքիա մերժած է: Եթէ Թուրքիա իսկապէս կը ցանկայ նպաստել շրջանի մէջ արդար, տեւական եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման, պէտք է վերանայի իր պատմութեան եւ ընդունի իր պատասխանատուութիւնը 1915-1923 թուականներու Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման մէջ:
Պարտադրուած խաղաղութիւնը ո՛չ արդար է, ո՛չ ալ` կայուն եւ տեւական»:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
26 մայիս 2025