Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը Իմամօղլուն Առաջադրեց Թուրքիոյ Նախագահի Թեկնածու
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն կը պահանջէ` արտակարգ նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ մրցիլ Պոլսոյ կալանաւորուած քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի հետ: Կիրակի օր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամները յաջորդ նախագահական ընտրութեան մէջ կուսակցութեան թեկնածու ընտրած են Իմամօղլուն: Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Էօզկիւր Էօզել կիրակի օր հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարած է, որ նախնական ընտրութեան մէջ Պոլսոյ պաշտօնազրկուած քաղաքապետին օգտին քուէարկած...




















